«1984 (Վէպ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Պատմութիւն։ 1984 (Հազար Ինը Հարիւր Ութսունչորս), պրիթանացի գրող Ջորջ Օրուելի հակա-ուտոպեական վէպը,...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:10, 27 Սեպտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Պատմութիւն։ 1984 (Հազար Ինը Հարիւր Ութսունչորս), պրիթանացի գրող Ջորջ Օրուելի հակա-ուտոպեական վէպը, որը մէծ մասամբ գրուած է 1948-ին, լոյս տեսած է 1949 թուին։ Վէպին մէջ պատկերուած է արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը 1984 թուին, երբ որ ամբողջատիրական համակարգի մը դէմ ելլելը անհատներու կործանման կը տանէր։ «1984»-ը կը զգուշացնէ Նացիստական Գերմանյոյ դէմ, ինչպէս նաեւ Ստալինի ղեկավարութեան տակ գտնուող Խորհրդային Միութեան եւ նման բռնատիրական ռեժիմներու դէմ։ Օրուելին հանրայայտ գիրքը նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքէն ներս լոյս տեսաւ միայն 1988-էն յետոյ։ Այս հանգամանքը շատ բնական էր, քանի որ ԽՍՀՄ-ին համակարքը ինքնին ամբողջատիրական եւ բռնատիրական սկզբունքներու վրա հիմնուած էր, ինչը որ Օրուէլը խստօրէն կը քննադատէ այս գրքին մէջ։ Վէպը «Անասնաֆիրմա» վիպակին մղումները կը շարունակէ, որը 1917-ի Հոկտեմբերեան սոցալիստական հեղափոխութեան եւ անոր հետեւանքներով առաջացած զարգացումները կը նկարագրէ, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակուա աշխարհաքաղաքական տիրապետող միտումներն ու քաղաքական դէմքերը։ Քննադատուրիւններ եւ կառավարական միջամտութիւններ։ Վէպին ներքին գաղտնագիրերը ավելի խոր շեշտեր եւ ակնարկներ կը պարունակեն, ուստի հասկնալի էին վէպի տպագրութեան ու վաճառքի արգելումը, ենթակայական մեկնաբանութիւններն ու արհամարանքները, որը տեղի ունեցան ԽՍՀՄ-ի տարածքներէն դուրս։ Յատկապէս շատ էին արեւմտեան ձախակողմեան ուժերու քննադատութիւնները։ Իսկ վէպի ամենայաճախ արգելանքի դէպքերը տեղի ունեցան ԱՄՆ-ի որոշ նահագներուն մէջ։ Ընդհանրապէս՝ հրատարակումէն գրեթէ անմիջապէս յետոյ, եւ անկէ վերջալ մոտ 50 տարի շարունակ անընդհատ փորձեր եղան «1984»-ը հանել դպրոցական գրադարաններէն։ Ուսումնասիրելով ամերկեան դպրոցներու մէջ արգելուած գիրքերի 1965-1982 թթ․ վիճակագրութիւնը, Լի Պերեսը իր «Հանրայայտ արգիլուած գիրքեր» աշխատութեան առաջաբանի մէջ 30 հատ այդպիսի գիրք կ՛առանձնացնէ։ Այդ ցուցակին մէջ «1984»-ը 5-րդ տեղը կը գրաւէ։ կ՛արժէ նշել, որ վէպի արգելքը ամերկեան դպրոցներուն մէջ առաւել խիստ եղած է 1960-170 թուականներուն, երբ որ չափազանց մէծ էր ԽՍՀՄ-ին հետ պատերազմ սկսելու հաւանականութիւնը։ Գիրքին ամենա շատ քննադատուող կէտերէն մէկը իր անբարոյ եւ բաց տեսարաններն էին, որոնք կրնային բացասական ազդեցութիւն ունենալ դեռահասներուն հոգեբանութեան վրայ։ Բայց առաւել ուշագրաւ են վէպը արգիլելու քաղաքական դրդապատճառները, որոնք ժամանակի ընթացքին շատ հստակ իրար կը հակասէին։ Յուրաքանչիւր քաղաքական իրադրութիւն իր դերը ունեցած է արգելք ըլլալու, եւ յետոյ այդ արգելքները հանելու պատճառաբանութեան հարցին մէջ։ Այդպէս, մէկ անգամ ԱՄՆ-ի մէջ վէպը արգիլուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, որ համայնավարութիւնը բարենպաստ ձեւով ներկայացուած է գրքին մէջ, իսկ որոշ ժամանակ վերջ, արգելքը վերացուեցաւ, որովհետեւ գիրքը հրաշալի ձեւով ամբողջատիրական համակարգի թերութիւնները կը բացայայտէ։ Գիրքի վերնագիրի շուրջ անհստակուրիւններ։ Օրուելի վէպի վերնագիրը, եւ ԽՍՀՄ-ի մէջ 1984-ին սկսուած կորպաչովեան յայտնի «վերակառւոցումը» որոշակի առեղծվածայնութիւն հողորդեց վեպին։ Իրականութեան մէջ՝ «1984» վերնագիրը Օրուելի հրատարակիչ Ֆրեդ Ուորբուրգինին միտքը եղած է, որով փորձեր է ընթերցողներուն գրավել։ Նախնական մտահղացմամբ վէպը ունեցած է «Եվրոպայի վերջին մարդը» վերնագիրը։ Բայց ի՞նչու ճիշտ «1984», մինչեւ օրս առեղծուած մըն է։ Ամենահավանական տարբերակը այն է, որ Ուորբուրգը պարզապես վէպի ստեղծման տարեթիւը, որը 1948-է, շրջած է։ Գիրքի տարածում։ Վեպի «Մեծ Եղբայր» կերպարը՝ Օվկիանիոյ տիրակալը հանրայայտ դարձած է, որուն պատկերը փակցված է ամենուր «Մեծ Եղբայրը քեզի կը տեսնէ» մակագրութեամբ։ Վէպը 2009-ին, The Times լրագիրի վերջին 60 տարիներուն ընթացքին հրատարակուած 60 լաւագոյն գիրքերու ցանկին մէջ ներառուած էր, իսկ Newsweek հանդեսը բոլոր ժամանակներու և ժողովուրդներու 100 լաւագոյն գիրքերու շարքին մէջ «1984»-ին հատկացուցած է երկրորդ տեղը։


  Գիրքի պարունակութիւն։

Քաղաքական աշխարհագրութիւնը:

Մեր գլխաւոր հերոսը կ՛ապրի աշխարհի մը մէջ, ուր 3 ամբողջատիրական գերտիրութիւններ անհասկնալի պատերազմի մը մէջ են, անորոշ տարածքներու համար։ Յուրաքանչիւր գերտիրութիւն ունի իր գաղափարախօսութիւնը՝ 1. Օկեանիա – կը ներառէ ամբողջ Արեւմտեան կիսագունդը, Մեծն Բրիտանիան, Ավստրալիան, եւ Հարաւային Ափրիկէն։ Գաղափարախօսութիւնը Ingsoc-ն է, որը կը նշանակէ Անգլիական Ընկերավարութիւն։ 2. Աւրասիա – կը ներառէ Եւրոպան, Ռուսաստանը ամբողջուրեամբ, եւ Սիպիրը։ Գաղափարախօսութիւնը՝ Նեօ-Պոլշեւիզմ։ 3. Արեւելեան Ասիա – կը ներառէ Չինաստանը, Ճաբոնը, Քորէան, Հնդկաստանը, եւ Ինտոնեզիան։ Գաղափարախօսութիւնը՝ ինքնաոչնչացում, կամ մահուան երկրպագութիւնը։ Վիճուող տարածքները՝ Հիւսիսային եւ Կենտրոնական Ափրիկէ, Միջին Ասիա, Հնդկաստան և Ինտոնեզիա։ Գերտերութիւնները գրաուելով այդ տարածքները, ստրկութեան կը մատնեն բնիկ ժողովուրդը։

Գիրքի եզրաբանութիւն։

Ingsoc and doublethink (Ինկսոգ եւ Տապլթինք), Ինկսոգը Օվկիանիոյ ամբողջատիրական կառավարութեան գաղափարախօսութիւնն է, որը Newspeak-ով (նորախօս) կը նշանակէ Անգիական Ընկերավարութիւն, Newspeak-ը կառավարութեան ստեղծած լեզուն է, որը անգլերենի մշակված տարբերակն է, իրենց նպատակն է այնքան մշակել լեզուն որ Օվկիանիոյ ապագայ սերունդները չկրնան Ինկսոգի հակասող միտքեր ունենալ։ Ինկսոգը հետևեալ ձեւով կը բացատրուի, ան օլիկարխիկ գոլլեգդիվիզմ է (սակաւապետական համայնավարութիւն) որը կը մերժէ ընկերավարական շարժման բոլոր հիմնական սկզբունքները, և կը հակասէ անոնց, հանուն ընկերավարութեան։ Կուսակցութեան համար իշխելը նպատակի մը հասնելու միջոց չէ, այլ ինքնին նպատակն է, որովհետեւ եթէ կրնան իշխել ներկայի վրա, ապա կրնան են նաև կեղծել անցեալը, իսկ երե կրնան աղավաղել անցեալը, ապա կրնան իրենց ներկայի արարքները արդարացնել։ Բայց Օվկիանիոյ ժողովուրդը, և նույնիսկ ընթերցողները, ամբողջութեամբ չեն գիտեր թե ինչպէս ստեղծուած է այս կուսակցութիւնը, որովհետեւ մենք կուսակցութեան ներքին գործերը կը տեսնենք միայն Ուինսթոնին տեսակետէն, իսկ Օվկիանիոյ մէջ իրականութիւնը ամէն օր, ամէն վայրկեան, և ամեն երկվայրկեան փոփոխման կ՛ենթարկուի կառավարութեան կողմէն, այն ինչ որ հիմա ճիշտ է, կրնայ մեկ ժամ վերջ սխալ ըլլալ։ Ամէն ինչ կախուած է կուսակցութեան շահերէն։ Այսինքն, եթէ կուսակցութեանը պէտք է որ մարդ հաւատայ որ 2+2=5, ան կը հաւատայ որ 2+2=5, նույնիսկ եթէ կարողութիւնը ունի տրամաբանելով հասկնալ, որ 2+2=4, և այս ձևի շարք մը գաղափարներ կան, որ կառավարութեանը կը յաջողուի համոզել Օվկիանիոյ քաղաքացիներուն։ Այս երեւոյթը Doublethink կը կոչուի։ Doublethink-ը այն է, երբ մարդիկ միաժամանակ երկու իրար հակասող փաստեր որպես իրականութիւն կ՛ընդունեն, առանց հասկնալու, որ այդ երկու մտքերը իրար հակասող են։ Կուսակցութիւնը doublethink-ը որպես միջոց կ՛օգտագործէ քաղաքացիներուն խաբելու համար։ Օրինակ պատմութեան ընթացքին, Օվկիանիոյ թշնամին անընդհատ փոփոպութիւններու կ՛ենթարկուի, մեկ կ՛ըսեն, որ իրենց թշնամին Եւրասիան է, մեկ կ՛ըսեն Արեւելեան Ասիան է։ Գիրքին մէջ պահ մը կայ, երբ յաճախ պահեր կը հանդիպին, երբ միւս երկու գերտիրութիւններու միջեւ փոփոխութիւններ կ՛ըլլան, նախ մէկը թշնամին է, միւսը դաշնակիցը, եւ երկվայրկեաններու ընթացքին հակառակը կը յայտարարուի, եւ բոլորը կը հաւատան, որ իրականութիւնը միշտ ալ նոր յայտարարուածը եղած է, չնայած որ վայրկեան մը առաջ ուրիշ բանի կը հաւատային։ Ճշմարտութեան նախարարութեան աշխատակիցները վայրկեանական բոլոր պատմական տուեալները կը փոխեն, որպեսզի համընկնի հիմակվայ «իրականութեանը»

Նախարարութիւններ: Օվկիանիան ունի 4 նախարարութիւն, որոնք կը զբաղուին ժողովուրդի ամբողջական հսկողութեամբ։ Ամեն նախարարութեան անունը կը հակասէ իր գործունեութեանը։ 1. Ճշմարտութեան նախարարութիւն – կը կառավարէ մարդկանց սուտ տեղեկութիւն տրամադրելը և փաստերու փոփոխութիւնը հօգուտ Օվկիանիոյ։ 2. Սիրոյ նախարարութիւն- կը հսկէ մարդկանց սէրը Մեծ Եղբոր հանդէպ, հակառակ պարաքային, անհատը կ՛ենթարկուի բազմաստիճան տանջանքներու։ 3. Խաղաղութեան նախարարութիւն – կը զբաղուի պատերազմային գործերով, խթանելով յարատեւ բախումները մյուս տերութիւններուն հետ։ 4. Առատութեան նախարարութիւն – կը կառավարէ սնունդի և այլ պարագաներու սակաւութիւնը։ The Brotherhood (եղբայրութիւն): Եղբայրութիւնը հակա-կուսակցական կազմակերպութիւն մըն է, որը հիմնած է Իմանուէլ Կօլդսթին անունով նախկին կուսակցութեան անդամ մը, որ դաւաճաած է Մեծ Եղբօրը, իրենց նպատակն է տապալել կուսակցութիւնը և Մեծ Եղբօրը, և կը համարուին կուսակցութեան թիւ մէկ թշնամին, բայց այս կազմակերպութեան ծագումը անյայտ է, Ուինսթոնը կասկածներ ունի կազմակերպութեան գոյութեան մասին, կը մտածէ որ հնարաւոր է որ եղբայրութիւնը նաեւ կուսակցութեանը հորինած հեքյաթներէն մէկն է իբր թակարդ «մտքի ոճրագործներին»։ Telescreen: Եթէ բառացի թարգմանենք, կը նշանակէ հեռուստացոյց։ գիրքին մէջ telescreen-երը hատուկ սարքեր են, որ կան բոլորին տանը, աշխատավայրը և փողոցը։ Telescreen-երը կը հետեւին մարդկանց ամեն քայլին, եւ կը նկարեն անոնց ամեն շարժումը։ Հատուկ ժամերին կը միացնեն Մեծ Եղբոր ելոյթները, կամ նակամկները, եւ բոլորը, անկախ տաիքի, պարտաւոր են լսել։ Ըստ Օպրայնի միայն ներքին կուսակցութեան անդամները իրավունք ունին Telescreen-ը անջատած պահել միայն կես ժամ, սակայն ընթացքին կը պարզվի, որ նոյնիսկ երբ անջատված են, Telescreen-երը կը նկարեն եւ կը ձայնագրեն ամեն ինչ։ Դասակարգային կառուցվածքի մասին։ Օվկիանիայի հասարակութիւնը կը բաժնուի 3 խավի, կուսակցութեան ներքին անդամները, արտագին անդամները, եւ Պրոլները, եւ այս բոլորին կ՛իշխէ Մեծ Եղբայրը։ 1. Կուսակցութեան ներքին անդամները- կը ներկայացն են Օվկիանոսի բարձրագույն խավը, կը կազմեն բնակչութեան 2%ը, եւ իրենք կը որոշեն երկիրի եւ կուսակցութեան օրենքները, եւ թէ երբ որու թշնամին կը դարնան։ Ունին նաեւ շարք մը ուրիշ առավելութիւններ՝ կ՛ապրին լավ թաղամասերու վրայ, հանգիստ տուներու մէջ, որտեղ առանց թույլտվութեան երդալը արգիլված է պրոլներու եւ արտաքին կուսակցութեան անդամներու համար, ունին անձնական սպասարկողներ, արագ փոխադրամիջոցներ, կը ստանան նորմալ սնունդ, եւ կրնան իրենց տուներէն ներս կարճ ժամանակահատվածով անջատել Telescreen-ը։ Բայց միեւնոյնն է պետք է հնազանդին կուսակցութեան բոլոր օրենքներուն, եւ եթէ կուսակցութեանը հակասին, ապա կը պատժուին նոյն ձեւով ինչպես արտաքին կուսակցութեան անդամները։ 2. Արտաքին կուսակցութեան անդամները- կը ներկայացնեն երկրի միջին խավը այն մարդիկեն որոնք կ՛աշխատին չորս նախարարութիւններէն մէկին մէջ, որպեսզի կիռարեն կուսակցութեան օրենքնրը։ Արտաքին կուսակցութեան անդամները կ՛ապրին շատ ծանր պայմաններու տակ, վատ թաղամասրու վրայ, արանց մթերքի բավարար պաշառքի, եւ արանց սեփական մեքենանրու։ Կառավարութիւնը անընդհատ իրենց կը հսկէ telescreen-ներու միջոցով, եւ կը ստիպէ որ մնան հայրենասեր։ Բայց, քանի որ միջին խավի անդամները քիչ թէ շատ ուսեալ են եւ կարողութիւնը ունին գիտակցելու որ իրենց հանդեպ վերաբերմունքը անարդար է, հետեւաբար հավանականութիւնը շատ մեծ է որ միջին խավը հեղափոխութիւն հայտարարէ կառավարութեան դեմ։ 3. Պրոլները- ամենա աղքատ խավը կը ներկայացնեն, կը կազմեն Օվկիանիայի մեծամասնութիւնը, եւ իրենց կը տրվի ամենա դժվար եւ ձանձրալի գործերը, բայց կառավարութիւնը իրենց չի հետեւիր, իրենց տուներէն ներս չիկա telescreen-ներ, եւ կուսակցութիւնը ամեն չանք կը թափէ որ ուսում չստանան եւ մնան անգրագետ, որպեսզի աւելի դիւրին ըլլայ իրենց կառավարելը։ Պրոլներուն հետ կ՛ապրին գաղտնի մտքերի ոստիկաններ որոնք վտանքավոր կամ կասկածելի պրոլներուն կուսակցութեան կը հանցնեն որպեսզի ոչնչացուին։

Ուինստոնի կերպարին մասին- Ուինստոնը գրքին մէջ կը նկարագրուի որպես 39-ամեայ, ոչ շատ տարբերուող արտաքինով տղամարդ մը։ Ամուսնացած էր, սակայն կինը կուսակցութեան մոլի կողմանկից ըլլալուն պատճառով հարաբերութիւնները վատ էին, ինչին արդիւնքով կինը հեռացած էր։ Ուինստոնը հետաքրքրված է բանաստեղծութեամբ եւ անտիկվար, անցյալի հետ կապ ունեցող իրերով։ Մինջ Ճուլիային հանիդիպիլը, ան ուներ օրագիիր մը, որին մէջ կը գրեր բոլոր միտքերը կուսակցութիւնէն գաղտնի պահելով։ Ամբողջ գիրքի ընթացքին Ուինստոնը կը փնտրէ համախհերներու որոնք նույնպես համաձայն էին որ Մեծ Եղբայրը չարիք է, եւ հասարակութիւնը՝ հիւանդ։

Ճուլիայի կերպարին մասին- Ջուլիան Ուինստոնի սիրահարն է, սկիզբը Ուինստունը կը կարծէր որ Ճուլիան մտքի ոստիկանութիւնեն է, սակայն հետո կը պարզվի որ այդպես չէ։ Ճուլիան նաեւ կ՛ատէ կուսակցութիւնը, սակայն Ուինստոնին նման նպատակներ չունի իրենց տապալելու, հետաքրքրված չէ կուսակցութեն հետ կապված դավադրութիւնները ուսումնասիրելով, եւ կը խախտէ կուսակցութեան օրենքները միայն իր կեանքը վայլելու նպատակով։

Օպրայնի կերպարին մասին- Օպրայնը ներքին կուսակցութեան անդամ է, բայց Ուինստոնը այնքան ալ համոզված չէ որ ինքը հավատարիմ է կուսակցութեան, կը կարծէ որ Օպրայնը նաեւ գաղտնի կ՝ատէ կուսակցութիւնը եւ եղբայրութեան անդամ է։ Որոշ ժամանակ հետո աս կը բացահայտուի, կը ներկայացն է ինքզինքը իբր եղբայութեան անդամ, եւ Ուինստոնին ու Ճուլիային կը ներգրավէ կազմակերպութեան մէջ։

Մեծ Եղբայր- Մեծ Եղբայրը կը ներկայացնէ կուսակցութիւնը։ Մեծ Եղբայի կերպարը երբեք չենք տեսներ գրքին մէջ, եւ շատ հնարաուր է որ այն գոյութիւն չունի ընդհանրապես, բայց կը համարվի Օվկիանիայի ղեկավարը։ Օվկիանիայի մէջ ամենուրեք որմնաստեր կան Մեծ Եղբայրին դեմքով, որոնց վրայ գրած է <> (Մեծ Եղբայրը կը դիտէ քեզի)։ Կուսակցութեան համար Մեծ Եղբայրը աստվածային կերպար մըն է։

Գիրքին գլխաուոր նյութերն ու հիմքերը- Օրուելը այս նյութը քաղած է Սովետական Միութեան օրինակէն եւ Մեծ Պրիթանիայի պատերազմական վիճակէն։ Նա պատկերացնելով թէ ինչի կը վերածուի Պրիթանական հասարակութեան վիճակը եթե Կառավարուի Ստալինական ռեժիմով։ -Գիրքին ամենահայտնի նախադասութիւններէն մէկը 2+2=5 արտահայտութիւնն է, որուն հիմքը Օրուելը վերցուցած է կոմունիստական կուսակցութեան հնագմեա ծրաքիրէն, որ կը քաջալերէր ժողովուրդին 5 տարվա գործի ծրաքիրը ամբողջացնել 4 տարվա մէջ։ -Գիրքին մէջ Օկիանիան կը փոխէ իր զինակցութիւնը Արվ․ Ասիաիէն Եկրասիայի, ինչին հիման վրա կը վերագրէ նաեւ իր պատմութիւնը ըսելով որ Օվկիանիան միշտ եղած է Եվրասիայի կողմնակից։ Այս հատվածի միտքը Օրուելը բացատրել է որպես Սովետական Միութեան փոփոխական հարաբերութիւնը Նացիստական Գերմանիայի հետ։ 2 երկիրներն ալ բավական քննադատորեն կը վերաբերուէին զիրար հետ, մինջեւ 1939 թուականին կնգված Խորհրդա-գերմանական պայմանագիրը։ 1939էն 1941 արգիլված էր Գերմանիայի գննադատութիւնը Սովետական մամուլին մէջ, մինջեւ Գերմանիայի ԽՍՀՄ ներխուժումը 1941 թուականին։ Մեծ Եղբօր կերպարը վերցված է Ստալինէն։ - Մտքերի ոստիկանութիւնը հիմնված է ԽՍՀՄ-ի ներքին գործերի ժողովուրդական կոմիսարիատի վրա, որը կը բանդարկէր մարդկանց եւ կարգիլէր որ կիսվէին իրենց հակասովետական միտքերովեւ կարծիքներով։ -Ուինստոնին աշխատանքը՝ պատմութեան վերագրութիւնը հիմված է Ստալինական սովորութեան մը վրայ, որ նկարներու վրայէն եւ այլ աղբիւրներէն կը ջնջէին <<ընկած>> մարդկանց։