«Ճոն Ս․ Կիրակոսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 20.
Հարուստ էր պետական բարձր գիտակցութեան եւ շիտակ բնաւորութեան տէր Ջ. Կիրակոսեանի պատմագրական եւ դիւանագիտական վաստակը: Անոր պատմագիտական գործունէութիւնը նուիրուած էր Հայ ժողովուրդի, միջազգային յարաբերութիւններու, Արեւելքի ժողովուրդներու նոր եւ նորագոյն պատմութեան հարցերուն:
 
Պատմաբան եւ միջազգայնագէտ Ջ. Կիրակոսեանի Հայ պատմագրութեան բերած մեծագոյն նպաստներէն մէկը կը հանդիսանայ անոր՝ Հայկական Հարցի պատմութեան, Հայ Դատին նուիրուած եւ Թրքական «պատմագիտութեան» նորագոյն խեղաթիւրումները մերկացնող շարք մը արժէքաւոր աշխատութիւնները եւ բազմաթիւ յօդուածները:
 
Մեծանուն Հայ պատմաբանը կազմեր եւ խմբագրեր է «Հայաստանը Միջազգային Դիւանագիտութեան եւ Սովետական Արտաքին Քաղաքականութեան Փաստաթղթերում. [[1828]]-[[1923]]» մեծարժէք ժողովածուն: [[Երեւան]] [[1972 թուական|1972թ]].