«Ճոն Ս․ Կիրակոսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 16.
[[1969]]-[[1975]] եղած է ՀԿԿ կենտկոմի Գիտութեան եւ Ուսումնական Հաստատութիւններու բաժնի վարիչ: ՀԿԿ Կենտկոմի անդամ 1966-էն սկսեալ:
Դասախոսած է Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ: 1975-էն մինչեւ իր մահը, ան եղած է Հայաստանի Հանրապտեութեան Արտաքին Գործոց նախարարը: Նախգահն էր ան Խորհրդային Միութիւն-Արեւելեան Գերմանիա Բարեկամութեան Ընկերութեան Հայկական բաժանմունքին:
Հասարակական եւ գիտական իր ծաւալուն գործունէութեան համար, [[1971]]-ին Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեան պարգեւատրուեցաւ «[[Աշխատանքային կարմիր Դրօշ|Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ]]»ի շքանշանով: Արժանացաւ կառավարական բազմաթիւ մետալներու եւ պատուագիրներու:
 
Հարուստ էր պետական բարձր գիտակցութեան եւ շիտակ բնաւորութեան տէր Ջ. Կիրակոսեանի պատմագրական եւ դիւանագիտական վաստակը: Անոր պատմագիտական գործունէութիւնը նուիրուած էր Հայ ժողովուրդի, միջազգային յարաբերութիւններու, Արեւելքի ժողովուրդներու նոր եւ նորագոյն պատմութեան հարցերուն:
 
Պատմաբան եւ միջազգայնագէտ Ջ. Կիրակոսեանի Հայ պատմագրութեան բերած մեծագոյն նպաստներէն մէկը կը հանդիսանայ անոր՝ Հայկական Հարցի պատմութեան, [[Հայ ԴատինԴատ]]ին նուիրուած եւ Թրքական «պատմագիտութեան» նորագոյն խեղաթիւրումները մերկացնող շարք մը արժէքաւոր աշխատութիւնները եւ բազմաթիւ յօդուածները:
 
Մեծանուն Հայ պատմաբանը[[Պատմաբան|պատմաբան]]ը կազմեր եւ խմբագրեր է «Հայաստանը Միջազգային Դիւանագիտութեան եւ Սովետական Արտաքին Քաղաքականութեան Փաստաթղթերում. [[1828]]-[[1923]]» մեծարժէք ժողովածուն: [[Երեւան]] [[1972 թուական|1972թ]].
 
Առանձին Հատորներով լոյս տեսած են Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեանի աշխատութիւնները. «Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը եւ Արեւմտահայութիւն», ([[Երեւան]] 1967 թ.), «Անգլիական Միջամտութիւնը Իրանում [[1918]]-[[1921 թուական|1921 թ]].», (Ռուսերէն, [[Մոսկուա |Մոսկուա]] [[1954]]), «Արեւմտեան Հայաստանը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներին» (Ռուսերէն, Երեւան, [[1971]]), «Պուրժուական Դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանը» (2 հատոր, Երեւան, [[1978]]), «Երիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» (2 հատոր, Երեւան, [[1933]]):
 
Հեղինակի այս վերջին յիշատակուած աշխատութիւնները արժանացած են Հայաստանի Հանրապետութեան [[1985]]-ի պետական մրցանակին:
 
[[1986]]-ի ամրան, յետմահու՝ հրատարակուեցաւ «Երիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» Ռուսերէն մի հատորեակը, ուր ընդգրկուած են նաեւ [[1983]] եւ [[1984]] թուականներուն [[Հայ Դատ|Հայ Դատին]] հետ առընչւող դէպքերը:
 
 
Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեան յարգուած եւ գնահատուած հեղինակն է գիտական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսան Հայաստանի, Խորհրդային Միութեան եւ Սփիւռքի, Թէ՛ գիտական, եւ թէ՛ առօրեայ մամուլին մէջ:
 
Ջ.Կիրակոսեան մահացաւ [[1985]]-ի [[20 Յունիս|Յունիս 20]]-ին, Մոսկուա: