«Գալուստ Կիւլպէնկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ արեւմտահայերէն յօդուածներուն բարելաւման նպատակով oգտվելով ԱՎԲ
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, փոխարինվեց: → (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 35.
Կիւլպէնկեան՝ նաւթարդիւնաբերութեան մէջ, իր առաջին քայլերը կը կատարէ այլ հանրայայտ նաւթարդիւնաբերող ՝ [[Ալեքսանդր Մանթաշեանց]]ի, Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող նաւթի գրասենեակին հետ։ Սակայն շատ չանցած Կիւլպէնկեանի ընտանիքը կը մեկնի [[Անգլիա]]։ [[Լոնտոն]]ի մէջ Կիւլպէնկեան արտօնագիր կը ստանայ ու կը հիմնէ նաւթային իր գրասենեակը։ Ան Լոնտոնի մէջ [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիո]]յ եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]ի դեսպանատուներու՝ նաւթի գիծով, տնտեսական խորհրդականն էր։ Գիտելիքներու մեծ պաշարը եւ փորձը Գալուստին հնարաւորութիւն կու տան շատ կարճ ժամանակի ընթացքին դառնալու մեծ ձեռնարկատէր։
 
Շուտով Կիւլպէնկեան կը նախաձեռնէ [[Turkish Petrolium Company]]-ի ստեղծման, որուն բաժնետոմսերու 25%-ը կը պատկանէր Royal Dutch Shell Group-ին, 35%-ը Թուրքիոյ Ազգային բանկին, 15%-ը Գալուստ Կիւլպէնկեանին, իսկ 25%-ը՝ գերմանացիներուն։ Յաջող առեւտուրի համար բրիտանացիները իրենց եկամուտի 2,5 տոկոսը տրամադրեցին Կիւլպէնկեանին։
 
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Կիւլպէնկեան ստեղծեց նաւթային գլխաւոր կոմիտէ կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր ձեռք բերել գերմանական Տոյչէ դրամատունը (պանքա)։ Պատերազմէն ետք՝ Turkish Petrolium Company-ն, վերանուանուեցաւ [[Iraq Petrolium Co. LTD]] եւ անոր բաժնետոմսերը հաւասարապէս բաժնուեցան ներկայիս [[British Petrolium]]-ի, Royal Dutch Shell Group-ի, [[Compagnie Francaise des Petroles]]-ի եւ Near East Development Corporation-ի միջեւ։ Գալուստ Կիւլպէնկեանին մնաց Iraq Petrolium Co. LTD- ի 5%-ը, որուն համար ան ստացաւ «Պարոն 5%» մականունը։
[[Պատկեր:Galust Gyulbenkyan bust 15.jpg|մինի|[[Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրի (Երեւան)]]]]
Այն ժամանակ, երբ [[Պարսից ծոց (արեւմտահայերէն)|Պարսից ծոց]]ի մէջ կը գտնուի առաջին նաւթահայրը, Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ Պարսկաստանի մէջ, կը գնէ նաւթաբեր հողատարածքներ ու կը դառնայ [http://en.wikipedia.org/wiki/British_Petroleum British Petroleum]-ի հիմնադիրներէն մէկը։ Շատ չանցած այն կը վերանուանուի «Անգլո-պարսկական նաւթային ընկերութեան», որ վառելիք կ՛ապահովուէր Անգլիոյ արքայական նաւատորմին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան գերազանցապէս կը տիրապետէր երկրագունդի տարբեր շրջաններու երկրաբանական ու աշխարհագրական տուեալներուն ու յատկապէս նաւթային քարտէզին։
Տող 45.
Սան Ռեմոյի խորհրդակցութեան ժամանակ նաւթային ընկերութիւններու միջեւ տարաձայնութիւններ կային տարածքներու հարցուի կապակցութեամբ։ Կիւլպէնկեան ինք կը ստանձնէ եւ կարմիր մատիտով կը գծէ իւրաքանչիւր պետութեան տիրոյթը, այդ պատճառով Սան Ռեմոյի պայմանագիրը կոչուած է «Կարմիր գիծի» պայմանագիր։
 
Աա կը տնօրինէր արուեստի արժէքաւոր հաւաքածու մը, որուն մէջ տեղ գտած էին շուրջ 6,000 նախատիպ նմոյշ։ Անոնք ստեղծոիած էին տարիներու ընթացքին եւ մինչեւ Կիւլպէնկեանի վերջնականապէս [[Լիզապոն]] հաստատուիլը, անոնք կը տեղափոխուէին երկրէ երկիր ապահովութեան համար։
 
[[1906]] թուականին, ստեղծուած [[Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն|Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան]] հիմնադիր [[Պօղոս Նուպար փաշա]]յի մահէն ետք, այս կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ [[1930]] թ.։ Սակայն, երկու տարի ետք, ճնշումներու պատճառով պաշտօնէն կը հրաժարի։ [[1942]] թ.՝ [[Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ]]ի ամենաթէժ տարիներոին, Կիւլպէնկեան [[Եւրոպա]]յի մէջ երկիր մը կը փնտռէր, ուր ռազմական գործողութիւններ չէին ընթանար, եւ գրաւուած չէր Ֆաշիստական [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|Գերմանիոյ]] կողմէ։ Լիզապոնը դարձաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի խաղաղութեան նաւահանգիստը։ [[Փորթուկալ]]ի մայրաքաղաքին մէջ ան տուն չունէր եւ կ՛ապրէր «Աւէս» հիւրանոցը, որ այդ ժամանակ լաւագոյններէն մէկը համարուէր։ Անտարակոյս, Անգլիական իշխանութիւնները կը ցանկային «Պարոն 5%»-ի ֆինանսական կարողութիւնները պահպանել Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, սակայն հարկային բեռը բաւականին ծանր էր այդ ժամանակ եւ «նաւթային գեներալը» որոշեց իր ողջ կարողութիւնը տեղափոխել Փորթուկալ։