«Գասպար Կարոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ լեզվի կաղապար
Տող 58.
1919-20 թուականներուն աշխատած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ 1920 թուականի [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոս]]ին, անցած է [[ԱՄՆ (արևմտահայերէն)|ԱՄՆ]] ու հաստատուածէ [[Մասաչուսեթս]] նահանգի [[Պոսթըն]] քաղաքի մէջ։ Պոսթընի համալսարանէն ներս յանձնած է բժշկական քննութիւնները ու բժիշկի հաւատարմագիր ստացած։ Պոսթընի մէջ բացած է իր բուժարանը եւ աշխատած։ Շուտով վայելած է շրջապատի սէրն ու յարգանքը։ Մօտիկէն հետեւած է ազգային-մտաւորական շարժման։ Երկար տարիներ թղթակցած է ամերիկահայ թերթերուն։ Եղած է «Հայ­րե­նիք» պարբերականի գնահատուած աշխատակիցներէն մէկը եւ գրած է՝ բժշկական, գիտական, գրական, հանրային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներ։
 
Տիրապետած է [[Հայերէն|հայերէն]], [[Թուրքերէն|թուրքերէն]], [[Ֆրանսերէն|ֆրանսերէն]], [[Անգլերէն|անգլերէն]] լեզուներուն։
 
[[1957]] թուականին` մահէն մի քանի ամիս առաջ, լոյս տեսած է անոր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող՝ «Մեծ Եղեռ­նի Նա­հա­տակ Հայ Բժիշկ­նե­րը (անոնց պատ­գամ­նե­րը)» արժէքաւոր գիրքը։