«Կարօ Փօլատեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ավելացվեց Կատեգորիա:Հայեր (արւմտ․) ՀոթՔաթ գործիքով
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Կարօ Փոլատեան''' (ծնած է [[1914]]-ին), եղաւ առաջիններէն որոնք բառին ամբողջակամ առումով սփիւռքեան մեր իրականութիւնը բերին սեւեռումի՝ [[1946]]-ին հրատարակուած իր «[[Արեւելքի տղաքը]]» վէպով, ապա նաեւ «[[Կը հրաժարիմ հայութենէ]]» ([[1949]], «[[Արծիւները անապատին մէջ]]», «[[Վերադարձը]]», «[[Կրակէ շապիկը]]» եւ «[[Լոյսերը]]» անուն վիպակներով, պատմուածքներով եւ պոէմներով։ Բանաստեղծական շնչերակը միշտ կենդանի է իր պատումին մէջ՝ վիպական կառոյց ունեցող ամէնէն առարկայական էջերուն իսկ տալու համար հաղորդականութիւն ջերմ ու ընտանի շունչ մը։
 
Կուգայ [[Կիլիկիա]]յէն, [[Մարաշ]]էն: Տակաւին մանուկ՝ անցած է Հայ Գողգոթայէն, հասնելու համար մինչեւ [[Տէր Զօր]]: Փրկուած է հրաշքով, ապաստանած է [[Սուրիա]] եւ [[1921]]-[[1925]] յաճախած է [[Հալէպի Հայկազեան վարժարան]]ը: Եկրորդական ուսումը ստացած է նոյն քաղաքի [[Ֆրանսիսկեաններու գոլէժ]]ին մէջ եւ [[1929]]-ին մեկնած է [[Ատիս-Ապապա (Եթովպիա)]]՝ իբրեւ ուսուցիչ։
 
[[1931]]-ին հաստատուած է [[Ֆրանսա]]՝ [[Մարսէյ]], չորս տարի հետեւած է [[Երկրաչափական բարձրագոյն վարժարան]]ին ու մինչեւ այսօր կ'ապրի հոն։
 
Ամբողջական իր գործը, վերոյիշեալ հատորներէն զատ, կ'ընդգրկէ «[[Զրոյց]]» խորագրուած հատորներու շարք մը (Ա.-Դ.), ինչպէս նաեւ «[[Հայկ Սփիւռքը իր դերակատարներով]]» խորագրուած աշխատասիրութիւն մը՝ որոնց մէջ տեսակցութիւններու եւ կեանքի ու գործի պատկերացումներու ճամբով վերծանումի կը կոչուին հանրային, դէմքեր ու գործունէութիւններ, ձգտումներ եւ հոսանքներ։
 
Հրատարակելի իր գործերուն մաս կը կազմեն «[[Որդիք որոտման]]» (վէպ), «[[Եօթը պատմուածք]]» եւ «[[Զրոյց]]»ներու շարքին Ե. հատորը։
 
[[Մարսէյ]]ի հայութիւնը [[1979]]-ին նշեց գրական քառասնամեայ իր գործունէութեան յոբելեանը։
 
== Ծանոթագրություններ ==