«Կիլիկիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Պատմութիւն: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ւ ,փ → ւ, փ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 17.
Կիլիկիոյ մասին առաջին վկայութիւնները կը հասնին նախնադար՝ մեզմէ աւելի քան տասը հազար տարի առաջ՝ նոր քարի դարի, պղինձի եւ պրոնզի դարաշրջաններ։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, հոգեւոր շինութիւններ, քաղաքներու ու գիւղերու մնացորդներ։
 
Առաջին յիշատակումը կը թուագրուի [[ք.ա. II հազարաեակ]]ին, երբ ան կը նուաճուի Խեթական թագաւորութեան կազմին մէջ։ Մինչ այդ Կիլիկիոյ տարածքը մտած է [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի այլ պետություններու կազմին մէջ՝ [[Հին Եգիպտոսի թագաւորութիւն]], [[Աքքադ]], [[Էբլա]], [[Ասորեստան]]։ Խաթթիի անկումէն ետք՝ [[ք.ա. XII դար]]էն սկսեալ, Կիլիկիոյ տարածքին կային մի քանի անկախ թագաւորութիւններ։ Անոնք կը հիմնադրուէին գլխաւորապէս արամեանցիներու , փիւնիկեցիներու կամ յոյներու կողմէն։ Պետութեան ամենայայտնի մայրաքաղաքներէն էր Ատանան, որ այն հին արձանարութիւններուն մէջ կոչուած էԱդանավանա։ Կիլիկիոյ քաղաքները աշխոյժ առեւտրական կապեր կը հաստատէին [[Արեւելեան Միջերկրական]]ի ([[Փիւնիկիա]], [[Քանաան]]) քաղաք–պետութիւններու հետ։ Կիսանկախ այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ [[ք.ա. VI դար]]ը, երբ Կիլիկիան կը մտնէ Աքեմենեաններու թագաւորութեան կազմին մէջ։ [[Ք.ա. 333]] թուականին Կիլիկիան կը նուաճուի [[Ալեքսանտր Մակեդոնացի]]ի կողմէ։ Վերջինիս մահէն ետք տէրութիւնը կը բաժանուի երեք մասի՝ [[Մակեդոնիա]]ն արեւմուտք՝ [[Յունաստան]]ի հետ միասին, Եգիպտոսը՝ հարաւ ՝հարաւ՝ Պտղոմէոս զօրավարի ենթակայութեան տակ, իսկ մնացած ամբողջ տարածքները կ'անցնին [[Սեւկոս Նիկատոր]] զօրավարին, ով կը հիմնէ Սելեւկեան տէրութիւնը ([[ք.ա. 297]] - [[ք.ա. 84]])։
 
[[Ք.ա. 84]] թուականին Դաշտային Կիլիկիան կը մտնէ Տիգրան Մեծի հայկական աշխարհակալ տէրութեան կազմի մէջ։ Շուտով հայոց թագաւորը կը կործանէ Արեւելքի ժողովուրդներուն բռնութեամբ զաւթած այդ կայսրութիւնը։ Միւս կողմէ, ան թոյլ տուած էր Պարթեւական թագաւորութեանը։ Սակայն այս իրավիճակը երկար չի տեւէր եւ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուի նոր բռնապետական կայսրութիւն։ Արտաշատի պայմանագիրին համաձայն, [[ք.ա. 66]] թուականին Կիլիկիան կ'անցնի [[Հռոմի հանրապետութիւն|Հռոմի հանրապետութեան]]ը եւ անոր կազմին մէջ կը մնայ շուրջ կէս հազարամեակ։ [[395]] թուականին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումի հետեւանքով, Կիլիկիան կը յայտնուի Բիւզանդիոյի կազմին մէջ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Կիլիկիա» էջէն