«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 50.
Հէրիին կեանքը կ'ընթանայ այսպէս չարչարանքներով, մինչեւ Հէրիին 11 տարեկանը: Անոր 11-րդ տարեդարձէն մի քանի օր առաջ, Տատլիներու տան կը հասնին նամակներ ուղղարկուած Հէրի Փոթըրին, Hogwarts անունով դպրոցէ մը: Վերնոն կը պահէ այս նամակները, եւ այս պատճառով նամակներուն թիւը կը բարձրանայ մինչեւ որ անոնք կ'ընկղմեն բոլոր տունը: Վերնոն կ'որոշէ մի քանի օր անցնել տունէն հեռու եւ անոնք կ'երթան անյայտ վայր մը: Սակայն, երբ կէս-գիշեր կ'ըլլայ, հսկայ անձ մը Հակրիտ անունով, դուռը կը կոտրէ ու ներս կը մտնէ շնորհաւորելով Հէրիին տարեդարձը: Ետքը, Հակրիտը Հէրիին կը բացատրէ անոր կախարդական կարողութիւններուն մասին, ու երկուքը միասին կ'ուղղուին դէպի [[Լոնտոն]] որպէսզի գնեն Հէրիին կախարդական փայտիկը, դպրոցական տարազը եւ բու մը Հետուիկ անունով: Անոնք նաեւ կը հանդիպին կախարդական պանքը՝ Կրինկոթ ու Հակրիտը Հէրիին ցոյց կ'ուտայ իր ծնողքին ձգած մեծ գումարը իրեն համար: Հակրիտը նաեւ կը հանդիպի ուրիշ նկուղի մը պանքին մէջ, ու կ'առնէ գաղտնի կախարդական իր մը:
 
[[1 Սեպտեմբեր]], [[1991]] թուականին, Հակրիտը Հէրիին կը հասցնէ Լոնտոն, ու կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք է երթայ 9¾ կայարանը: Հէրին հոն հասնելով, միայն կը տեսնէ 9 եւ 10 կայարանները: Շուարած, ան կը նկատէ կարմրագլուխ ընտանիք մը որ կը նմանին կախարդներու: Անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու Մոլլի Ուիզլին անոր կը բացատրէ թէ ան պէտք է վազէ ու անցնի պատին մէջէն որպէսզի հասնի 9¾ կայարանը: Այսպէս ընելով, ան կը յաջողի: Մոլլի Ուիզլիին զաւակներէն մէկն է՝ Ռոն Ուիզլին որ Հէրիին կողքը կը նստի իրենց ճամբուն վրայ դէպի Hogwarts: Անոնք կը ծանօթանան իրարու ու շուտով կը դառնան լաւ ընկերներ: Ռոնը Հէրիին կը պատմէ իրեն ընտանիքին մասին ու իր 5 եղբայրներուն՝ Չարլի, Պիլլ, Փերսի, Ֆրետ եւ Ճորճին ու փոքր քրոջ՝ Ճիննիին մասին: Ուիզլի ընտանիքը աղքատ էր եւ երբ Հէրին այս մէկը կը գիտնայ, ան իր մեծ քանակով գնած ուտելիքները կը բաժնեկցի Ռոնին հետ: Մի քանի ժամ ետք անոնց կը միանայ աղջիկ մը՝ Հըրմայոնի Կրէյնճր անունով: Երեքը իրարու կը ծանօթանան, ու Հըրմայոնին կախարդութեամբ կը շինէ Հէրիին կոտրած ակնոցները, ու անոնց փոխանցելով թէ իրենք կը մօտենան Hogwarts ան կը հեռանայ:
 
Երեք ընկերներուն կը սպասէին դժուար փորձարութիւններով ու արկածներով լեցուն տարիներ, բայց անոնք միշտ կը մնան միասին:
 
Երբ կը հասնին Hogwarts, առաջին ուսուցիչին որ կը ծանօթանան Միրվենա Մաքկոնակալն է որ իրենց կը փոխանցէ Hogwarts-ի 4 տուներուն ու անոնց բաժանումին մասին: Ամէն մէկ աշակերտ իր գլխուն պիտի դնէ կախարդական գլխարկը որ իր Hogwarts-ի տունի պիտի որոշէ, որոնք են՝ Gryffindor, Slytherin, Ravenclaw եւ Hufflepuff: Ռոնը Հէրիին կ'ըսէ թէ Slytherin-ը միշտ եղած է վտանգաւոր կախարդներուն տունը եւ Voldemort-ը եղած է այդ տան մէջ: Երբ անոնք մեծ սրահ պիտի մտնեն ճանչնալու իրենց Hogwarts-ի տուները, Հէրիին կը մօտենայ տղայ մը Տրաքօ Մալֆոյ անունով: Տրաքոն ինքզինք կը ծանօթացնէ եւ կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք չ'ունի Ռոնին նման աղքատ ընկերրներ, այլ իրեն պէս հարուստ: Հէրին տեսնելով անոր վատ վարուելակերպը իր ընկերոջ, Ռոնին հանդէպ, կը մերժէ Տրաքոյին ընկերութիւնը ու անոնց միջեւ տարիներով թշնամութիւն կը ստեղծուի:
 
Բոլոր աշակերտները կը մտնեն հսկայ սրահը ու կը նկատեն 4 մեծ սեղաններ, ամէն մէկը կը ներկայացնէ Hogwarts-ի տուներէն մէկը: Արդէն բանբասանքներ ստեղծուած են թէ Հէրի Փոթըրը, այդ կախարդը որ յաղթած է Voldemort-ին, այդ տարի պիտի յաճախէ Hogwarts: Մաքկոնակալը կը կարդայ նոր աշակերտներուն անունները, ու մէկ մէկ բոլորը գլխարկը փորձելով կ'անցնին իրենց Hogwarts-ի տուները: Հէրին կը տեսնէ իր երկու ընկերները, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'անցնին Gryffindor տան շարքերուն: Երբ Հէրիին կարքը կը հասնի, սրահին մէջ բանբասանքները կը բարձրանան եւ երբ Հէրին գլխարկը կը դնէ ան կը լսէ անոր խօսածները որ կ'առաջարկէր Հէրիին Slytherin դնէ, Հէրին կը մերժէ ըլլալ Slytherin, հակառակ գլխարկին պնդումին, եւ այսպիսով գլխարկը իրեն կ'որոշէ դնել Gryffindor, ու Հէրին կը միանայ իր ընկերներուն Gryffindor-ի սեղանին շուրջ:
Մի քանի օր ետք, նոր աշակերտները կը
 
== Ծանօթագրութիւններ ==