«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 65.
 
Նոր 11 տարեկան աշակերտները կը սկսին իրենց թռչելու փորձերը աւելին վրայ: Երբ ուսուցիչը կը հեռանայ օգնելու ուրիշ աշակերտի մը, Մալֆոյ կը գողնայ Նեւիլ Լոնկպաթըմին առարկաներէն մէկը ու կը թռչի, մարտահրաւիրելով Հէրիին որ իրեն հետեւի եւ Նեւիլին առարկան առնէ: Հէրին կը թռչի ու շուտով օդին մէջ կը գտնէ առարկան, սակայն Մաքկոնակալ նկատելով այս մէկը Հէրիին կը կանչէ իր գրասենեակը: Մաքկոնակալ նաեւ կը կանչէ ուրիշ աշակերտի մը՝ Օլիվըր Ուըտը որ Gryffindor տան Quidditch խումբին առաջնորդն է: Մաքկոնակալ Օլիվըրին կ'ըսէ թէ ինք նկատեց Հէրիին թռչելու կարողութիւնները եւ այսպիսով Օլիվըր կը սկսի բացատրել Հէրիին խաղին օրէնքները ու Հէրին կ'ըլլայ ամէնէն փոքր աշակերտը որ մաս կազմած է quidditch խումբի:
 
Առաջին quidditch խաղը, Gryffidnor-ի եւ Slytherin-ի միջեւ էր: Խաղին ժամանակ, Հէրիին աւելը կը սկսի տարօրինակ ձեւով վարուիլ, կարծես անիծուած է: Սակայն, Հէրին կրնայ գնդակը բռնել ու Gryffindor խումբը կը յաղթէ: Ետքը, Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը խօսին ու երեքը կը կասկածին թէ այս անեծքը կատարողը Սեւերուս Սնէյփն էր, դեղաջուրերու ուսուցիչը: Երեքը նկատեցին թէ Սնէյփը վատ ձեւով կը վարուի Հէրիին հետ ու միշտ դասապահերուն ժամանակ կը փորձէ ճնշել անոր:
Dumbledore-ը մի քանի օր կը բացակայի դպրոցէն, ու Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին կասկածելու թէ Սնէյփը կ'ուզէ գողնալ փիլիսոփայի քարը: Անոնք կը նկատեն Սնէյփը վտանգաւոր պահերու ժամանակ կը փախչի եւ իրիկուն մը երբ ան բոլորովին հոն հսկայ սրահին մէջ չգտնուիր, անոնք կը գիտնան թէ Սնէյփ 3-րդ հարկն է, փիլիսոփայի քարը առնելու:
 
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հակրիտէն կը հասկնան թէ գաղտնիքը այդ հսկայ շունէն անցնելու եւ գետնի տակ դուռէն մտնելու համար, անոնք պէտք է մեղմ նուագ մը նուագեն շունին: Այսպէս ընելով, անոնք կը նետուին այդ դուռէն ու կը հասնին շարժող խոտերու մէջ որ կ'ուզէ իրենց սպաննել: Անոնք անեծքներով այս ծուղակէն կ'ազատին ու կը հասնին հսկայ ճատրակի խաղի մը: Ամէն մէկը յանձն կ'առնէ մէկ զինուոր մը խաղին մէջ ու կը յաղթեն, սակայն Ռոնը կը վիրաւորուի ու Հըրմայոնին անոր քովը կը մնայ: Հէրին կը շարունակէ իր ճամբան, ու Սնէյփին տեղ կը գտնէ Փրոֆեսոր Քուիրլը, կախարդական մթութեան պաշտպանութեան ուսուցիչը: Ան Հէրիին կը պատմէ թէ ինչպէս ինքն էր որ փորձեց Հէրիին սպաննել խաղին ժամանակ, իսկ Սնէյփը կը պաշտպանէր անոր: Ան նաեւ իր գլխուն վրայի փողկապը ու ցոյց կ'ուտայ իր երկրորդ երեսը որ կը գտնուի գլխուն ետեւը ու Voldemort-ին գլխուն է որովհետեւ Voldemort շատ տկար էր մարմին ունենալու:
Այդ սենեակին մէջ կար նաեւ մեծ հայելի մը որ Հէրին անոր հանդիպած էր երբ կը շրջէր դպրոցին մէջ: Այս հայելին քեզի ցոյց կ'ուտայ ամէնէն ցանկանալի երազներդ ու երբ Հէրին անոր առջեւ կ'եցաւ, ան տեսաւ ինքզինքը իր մօր եւ հօր հետ:
Այս անգամ, Հէրիին ամէնէն ցանկանալի երազը այդ էր որ ան գտնէ փիլիսոփայի քարը ու քանդէ այդ որպէսզի Voldemort կարողութիւնը չ'ունենայ վերադառնալու: Իսկապէս, ան Հայելիին մէջ կը տեսնէ ինքզինք փիլիսոփայի քարով իր գրպանին մէջ: Երբ կը նայի, ան կը նկատէ թէ փիլիսոփայի քարը իսկապէս կը գտնուի իր գրպանին մէջ: Voldemort կը զգայ այս մէկը ու կը փորձէ Հէրիին սպաննել, սակայն երբ Հէրին անոր երեսին դպնար իր ձեռքերով, անոր կ'այրէր որովհետեւ Հէրիին արիւնը լեցուած էր սէրով, իսկ Voldemort-ին՝ ատելութեամբ:
 
Այսպիսով Հէրին կրկին կը յաղթէ Voldemort-ին, բայց ան չմահանար: Փիլիսոփայի քարը կը քանդուի Dumbledore-ին կողմէ որպէսզի կրկին Voldemort-ը այդ չգտնէ, իսկ Նիքոլաս Ֆլամելը կը մահանայ 665 տարի ապրելէ ետք:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==