«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 70.
 
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հակրիտէն կը հասկնան թէ գաղտնիքը այդ հսկայ շունէն անցնելու եւ գետնի տակ դուռէն մտնելու համար, անոնք պէտք է մեղմ նուագ մը նուագեն շունին: Այսպէս ընելով, անոնք կը նետուին այդ դուռէն ու կը հասնին շարժող խոտերու մէջ որ կ'ուզէ իրենց սպաննել: Անոնք անեծքներով այս ծուղակէն կ'ազատին ու կը հասնին հսկայ ճատրակի խաղի մը: Ամէն մէկը յանձն կ'առնէ մէկ զինուոր մը խաղին մէջ ու կը յաղթեն, սակայն Ռոնը կը վիրաւորուի ու Հըրմայոնին անոր քովը կը մնայ: Հէրին կը շարունակէ իր ճամբան, ու Սնէյփին տեղ կը գտնէ Փրոֆեսոր Քուիրլը, կախարդական մթութեան պաշտպանութեան ուսուցիչը: Ան Հէրիին կը պատմէ թէ ինչպէս ինքն էր որ փորձեց Հէրիին սպաննել խաղին ժամանակ, իսկ Սնէյփը կը պաշտպանէր անոր: Ան նաեւ իր գլխուն վրայի փողկապը ու ցոյց կ'ուտայ իր երկրորդ երեսը որ կը գտնուի գլխուն ետեւը ու Voldemort-ին գլխուն է որովհետեւ Voldemort շատ տկար էր մարմին ունենալու:
 
Այդ սենեակին մէջ կար նաեւ մեծ հայելի մը որ Հէրին անոր հանդիպած էր երբ կը շրջէր դպրոցին մէջ: Այս հայելին քեզի ցոյց կ'ուտայ ամէնէն ցանկանալի երազներդ ու երբ Հէրին անոր առջեւ կ'եցաւ, ան տեսաւ ինքզինքը իր մօր եւ հօր հետ:
Այս անգամ, Հէրիին ամէնէն ցանկանալի երազը այդ էր որ ան գտնէ փիլիսոփայի քարը ու քանդէ այդ որպէսզի Voldemort կարողութիւնը չ'ունենայ վերադառնալու: Ու երբ ան կրկին նայի հայելիին, կը տեսնէ ինքզինքը փիլիսոփայի քարով իր գրպանին մէջ: Մի քանի վայրկեան վերջ ան կը նկատէ թէ փիլիսոփայի քարը իսկապէս կը գտնուի իր գրպանին մէջ: Voldemort կը զգայ այս մէկը ու կը փորձէ Հէրիին սպաննել, սակայն երբ Հէրին իր ձեռքերով անոր երեսին դպնար, Voldemort-ին երեսը կ'այրէր որովհետեւ Հէրիին արիւնը լեցուած էր սէրով, իսկ Voldemort-ին՝ ատելութեամբ: