Ազդարար (1796 - 1796), Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ տպագրուող հայկական պատմա-մշակութային, գրական-հասարակական հանդէս, պարբերական մամուլ։ Հայկական առաջին եւ Հնդկաստանի առաջին տպագիր գրաբար պարբերականը[1][2]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնադրուած է 14 Հոկտեմբեր 1794-ին Մատրաս, Հնդկաստան։ «Ազդարար» ամսագիրի հիմնադիրն էր Շիրազցի Յարութիւն Շմաւոնեանը։ Այն գործած է մինչեւ 1796 թուականի Մարտ ամիսը։ Այդ ընթացքին հրատարակած է 18 թիւ (տետրակ) իւրաքանչիւրը՝ մօտ 50 էջ, 965 էջ ընդհանուր ծաւալով։

Հրատարակութիւնը վերսկսած է 2007-ին, Կալկաթա։ Այն լոյս տեսած է ամերիկահայ աստղագէտ Նորա Անդրէասեանի մեկենասութեամբ։ Վերահրատարակուող «Ազդարար»ի խմբագիրը Մարտիկ Սարգսեանն է։

Ազդարարը՝ հայ իրականութեան մէջ առաջին պարբերականը, լոյս տեսած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի մէջ, 1794 թուականին Հոկտեմբեր 16-ին, խմբագիրն եղած է քահանայ Յարութիւն Շմաւոնեանը, հրատարակուած է մինչեւ 1796 թուականը (18 թիւ), դադրած է նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ Տպագրած է գրաբարով, մասամբ՝ հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով։ Ազդարարը գիտաճանաչողական, պատմագիտական, գրական, հասարակական հանդէս էր եւ արտացոլած է հնդկահայ կեանքը, անդրադարձած հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան խնդիրներուն։ Տպագրած է նաեւ բարոյա-խրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, դաստիարակչական յօդուածներ, տեղեկութիւն տուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին։ Ամսագիրը գաղութի հայերուն հորդորած է վերադառնալ հայրենիք։ Ազդարարի առանձին համարներ տպագրուած են պատկերազարդ, կարմրագոյն տառերով։ Շմաւոնեան թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Պասրայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփփինցիներէն, նաեւ նիւթեր կը տպագրէր Երեւանէն եւ Շուշիէն։ Ազդարարի հրապարակախօսներէն աչքի կ՛իյնար Սեթ Մամեանը։ Ազդարարի գրական բաժնին մէջ տպագրուած է Յակոբ Սիմէոնեան Այուպեանցի Հայտար խանի պատմութիւնը, Շմաւոնեան թարգմաած է Էտիսընի Միրզայի տեսիլքը եւ շատ մը ուրիշ պատմութիւններ։ Տպագրած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութիւն Պարսիցը»։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հանրագիտակ, Մշակոյթի Աշխարհ, Երեւան, 2007, 220 էջ, ՀԳՄ հրատարակչութիւն։
  • Պատմութիւն Հայ Լրագրութեան, Հ․ Գրիգորիս Վ․ Գալէմքեարեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1893, էջ 23-25։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղում Խմբագրել