Աթէնքի Հնաբանական Ազգային Թանգարանը

Աթէնքի Հնաբանական ազգային թանգարան (յուն․՝ Εθνικό Αρχαιολογικό Μουσείο), Յունաստանի հնաբանական գլխաւոր թանգարանն է։ Կը հովանաւորուի Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան Հնաբանական Տնօրէնութեան կողմէ։ Յունաստանի տարածքին մէջ զարգացած բոլոր քաղաքակրթութիւնները կը ներկայացուին թանգարանին մէջ․ նախապատմական շրջանէն մինչեւ Հռոմէական ժամանակաշրջանին վերջաւորութեան։

Աթէնքի Հնաբանական Ազգային Թանգարանը

Տեսակ Ազգային թանգարան եւ հնագիտական թանգարան
Երկիր  Յունաստան
Տեղագրութիւն Աթէնքի քաղաքապետութիւն
Վայր Փաթիսիոն փողոց թիւ 44 (Patission street), Բազմարուեստի Համալսարանի կից
Նստավայր Աթէնք, Յունաստան
Հասցէ 28is Oktovriou (Patission) 44
Հիմնադրուած է 1829
Այցելուներ Վերջին երկու տարիներուն արդէն 600 000 անցած է
Տնօրէն Մարիա Լաղոյեաննի - Ղիորղաքարաքոս[1][2]
37°59′21″N 23°43′56″E / 37.9892°N 23.7322°E / 37.9892; 23.7322
Կայքէջ namuseum.gr(յունարէն)(անգլերէն)
Քարտէս
Քարտէս

Վայրը Խմբագրել

Աթէնքի Ազգային Հնաբանական թանգարանը, կը գտնուի Փաթիսիոն փողոցը, Ազգային Բազմարուեստարանի Համալսարանին կից։ Շրջապատուած է Փաթիսիոն, Իփիրու, Պուպուլինաս եւ Թոսիցա ճամբաներէն։ Մուտքին, դէպի Փաթիսիոն կը տարածուի սալայատակ հրապարակ մը։ Թանգարանին տարածքը կ'ընդգրկէ նաեւ Մակագրութեան Թանգարանը։

Թանգարանին կազմակերպումը Խմբագրել

Թանգարանին մէջ հաւաքածոները կը ցուցադրուին հինգ ժամանակագրական կարգով եւ ըստ այնմ նիւթի բովանդակութեամբ․-

  • Նախապատմական․ Ք.Ա. ․ 6-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք.Ա. ․ 1050,
  • Քանդակներ․ Ք.Ա. ․ 7-րդ մինչեւ 5-րդ դարեր,
  • Բրուտութիւններ․ Ք.Ա. ․ 11-րդ դարէն մինչեւ Հռոմէական ժամանակաշրջան,
  • Անագապղինձներ,
  • Եգիպտական ու Մերձաւոր արեւելեան։

Աթէնքի Հնաբանական ազգային թանգարանը կ'ընդգրկէ նաեւ նկարներու ընդարձակ հաւաքածոյ մը, ուսումնասիրութեան գրադարան մը, մետաղէ, կաւէ, քարէ եւ գործարանային պահպանումի բնալուծարաններ, պատկերահանումի եւ քիմիագիտութեան մէկական բնալուծարաններ։

Թանգարանը նաեւ պարբերաբար ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կը հիւրընկալէ։

Մակագրութեան Թանգարանը Խմբագրել

Մակագրութեան թանգարանը Επιγραφικό Μουσείο - musée épigraphique d'Athènes հիմնուած է 1885-ին եւ կը գտնուի Հնաբանական ազգային թանգարանի տարածքին հարաւային մասին մէջ։ Ճարտարապետները եղած են՝ Լութվիկ Լանկէ, Փանաղի Քալքոս եւ էրնսդ Զիլեր: Կ'ընդարձակուի 1953-1960 թուականներուն, Փերիքլիս Քարանտինոս ճարտարապետին կողմէ։

Մակագրութեան Թանգարանը կը գրաւէ թիւ 1, 2, 9-10 եւ 114 ցուցադրութեան սրահները։ Հոն կը ներկայացուին արձանագրութիւններ Հնադարեան շրջանէն․ նախահնադարեանէն մինչեւ ուշ՝ Հնադար։

Մակագրութեան Թանգարանին ունեցած արձանագրութիւններուն հաւաքածոն՝ 13,536 արձանագրութիւններ, համաշխարհային գետնի վրայ ամէնէն հարուստն է։

Հնաբանութեան Գրադարանը Խմբագրել

Աթէնքի Հնաբանական ազգային թանգարանը կը պատսպարէ նաեւ Հնաբանութեան Գրադարանը։ Ան 118 տարուան կեանք ունի։ Կը պարունակէ 20,000 տիտղոսներ, ներառեալ 17-րդ դարու մակդիրներ։ Մայիս 2008-ին վերակառուցման աշխատանքները կ'աւարտին շնորհիւ Ալեքսանտրոս Օնասիս Հիմնարկութեան Κοινωφελές Ίδρυμα Αλέξανδρος Σ. Ωνάσης - Alexander S. Onassis Foundation նիւթական ներդրումին։

Պատմական Խմբագրել

Հիմնադրութիւն Խմբագրել

 
Թիսիոն․ Իֆեսդոս տաճար, 2011․

1827-ին, Յունաստանի Ազատագրական Պայքարին ընթացքին, Թրիզինիային Ազգային Ատեանը Γ΄ Εθνοσυνέλευση Τροιζήνας - Assemblée nationale grecque հնութիւններու արտահանումը կ'արգիլէ։

1829-ին, Յունաստանի առաջին հնաբանական թանգարանին ստեղծումը կ'որոշուի Իօանննիս Քափոտիսդրիա կառավարիչին կողմէ, Էղինա կղզիին նաւահանգիստ-քաղաքին մէջ, որ այդ շրջանին Յունաստանի մայրաքաղաքն էր։

Յաջորդաբար, քանի մը տարիներ թանգարանը կը պատսպարուի Նաֆփլիօ, 1834-ին Թիսիոն, Իֆեսդոս տաճարին մէջ, Օթոն թագաւորին հրամանագրով մինչեւ 1874։

Նոր Շէնքը Խմբագրել

Նոր շէնքը կառուցուած է դասական ոճով․ կը համընկնի անոր ցուցադրուած հաւաքածոյին։

 
Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարանը, նկար՝ 1893․

1858-ին միջազգային տարողութեամբ մրցոյթ կը յայտարարուի թանգարանին վայրին եւ շէնքին կառուցման համար։ Թանգարանին շինութեան վայրի հողատարածքը կը նուիրէ տիկին Էլենի Թոսիցա։

1866-ին թանգարանին կառուցման աշխատանքները կը սկսին։

Շինութեան տարիներուն, Եւրոպայի մէջ արդի-դասական ճարտարապետական ոճը շատ տարածուած է։ Թանգարանին առաջին ճարտարապետն է Լութֆիկ Լանկէ Ludwig Lange։ Հետագային յատակագիծը կը բարեփոխուի Փանաղի Քալքօ ճարտարապետին կողմէ։ Սակայն վերջինը կը մահանայ եւ կառուցման աշխատանքները կը վստահուին Արմոտիօ Վլախօ ճարտարապետին։ 1874-ին շէնքին արեւմտեան թեւին կեդրոնական մասը կ'աւարտի։ էրնըսդ Զիլըր Ernst Ziller կը շարունակէ աշխատանքները կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկելով․ թանգարանին շէնքին արտաքինին կու տայ արդի-դասական ներկայի տեսքը։

1889-ին շինութեան աշխատանքները կ'աւարտին՝ Յունաստանի Հնագիտական Ընկերութեան, Միկինես համայնքին եւ Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին յոյն մեծահարուստ բնակիչներ Տիմիթրիոս եւ Նիքոլաոս Վենարտաքիս եղբայրներուն նիւթական ներդրումով։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին առաջին ամիսներուն ընթացքին թանգարանը կը փակուի եւ անոր պարունակութիւնը կը զետեղուի արկղերու մէջ եւ կը պահուի։

Ընդարձակումներ եւ վերակառուցումներ Խմբագրել

 
Որմանկար - Աքրոթիրի Թիրաս, Պղինձէ դարաշրջան

Ներկայ Թանգարանը տարիներու ընթացքին ընդարձակուած է, որպէսզի կարենայ պատսպարել թանգարանին արագօրէն աճած հաւաքածոն։ Ամէնէն կարեւոր վերանորոգումները եղած են՝

  • Ի. դարասկիզբին թանգարանին արեւելեան մասին տարածումը․
  • 1932-1939 տարիներուն երկյարկանի շէնքին շինութիւնը․
  • 1962-ին հինգ նոր սրահներու կառուցումը, որոնցմէ մէկուն մէջ կը ցուուցադրուի Ք.Ա. ․ 6-րդ դարու Քուրոս Κούρος - kouros պղինձէ արձանը (Փիրէա յայտնաբերուած Յուլիս 1959-ին)․
  • 2002-2004 Յուլիս, թանգարանը կը փակուի, որպէսզի կատարուի վերջին վերանորոգումը․ 1999-ի երկրաշարժէն յառաջացած վնասներու նորոգում, թանգարանին գեղարուեստագիտական եւ արուեստագիտական վերահարթում, արդի օդափոխիչ սարքաւորումի զետեղում եւ հաւաքածոյին վերակազմակերպում:
  • 2005-ին կը բացուի Աքրոթիրի Թիրաս Ακρωτήρι Θήρας - Akrotiri Thera սրահը։

Այսօր, 16 տարիներ ետք Թանգարանին նոր ընդարձակման անրհաժեշտութիւնը կը զգացուի։

Անուանում Խմբագրել

Թանգարանին առաջին անուանումը եղած է Կեդրոնական Հնագիտական Թանգարան, իսկ այսօրուան անունը՝ Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարան, կը տրուի 1881-ին օրուան վարչապետ Խարիլաոս Թրիքուփիսին Χαρίλαος Τρικούπης - Charílaos Trikoúpis կողմէ։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16]

Թանգարանին Հաւաքածոն Խմբագրել

Ստորեւ նմուշներ թանգարանին գլխաւոր ցուցադրութիւններէն։

Կը ներկայացուին ըստ ժամանակաշրջանի ու նիւթի եւ յաւելեալ մասնակի բացատրութիւններով։

Նախապատմական շրջան, Նոր Քարի ժամանակաշրջան եւ Պղինձի հին ու միջին շրջաններ․ Ք.Ա. ․ 6800-1600 Խմբագրել

Գետնայարկ, սրահներ 3 – 6

Գետնայարկ, սրահներ 3 - 5

Գետնայարկ, սրահ 6

Սանթորինի կղզի, Աքրոթիրի Թիրա - Որմանկարներ․ Ք.Ա. ․ 16-րդ դար, Նոր Պղինձի Դարաշրջան Խմբագրել

Առաջին յարկ՝ սրահ 48

Գունաւոր որմանկարները գտնուած են Սանթորինի Santorini կղզիին Աքրոթիրի Թիրա վայրը 1967-1974 հնագիտական պեղումներուն ընթացքին։ Մինոասեան Քաղաքակրթութեան ենթակայ Աքրոթիրիին որմանկարները ծածկուած էին չեչաքարով, այդ պատճառով ալ շատ լաւ վիճակի մէջ գտնուեցան։

Ք.Ա. ․ 1613 թուականին Սդրոկիլի կղզիին (այժմ կը կոչուի «Սանթորինիին քալտերան» Santorini caldera, Santorini eruption եւ կամ՝ Thera eruption) հրաբուխին զօրաւոր պայթումը կը քանդէ Աքրոթիրին եւ ընդհանրապէս Մինոասեան Քաղաքակրթութիւնը։ Հնագէտները այս եղելութիւնը կ՛անուանեն նաեւ՝ Էգէական Ծովուն Փոմփէյը Pompeii (Նափոլի քաղաքին մօտ․ այժմ հնագիտական վայր, Իտալիա

  • Սանթորինի․ Էգէական Ծովուն Քիքլատես կղզեխուբին պատկանող կղզի
  • Քալտերա․ յառաջ եկած է cauldron կամ՝ caldron բառէն (կաթսայ)


Միկինեսեան Քաղաքակրթութիւն, Ք.Ա. ․ 1600 – 1100 Խմբագրել

 
Աղամեմնոնա թագաւորին նշանաւոր դիմակը․ Միկինեան քաղաքակրթութեան շրջանի եւ Դրոյեան պատերազմի յոյներուն առաջնորդ թագաւորներէն․

Գետնայարկ, սրահ 4

Թիւ 4 սրահը, թանգարանին ամենամեծն է։ Անոր կեդրոնի ցուցափեղկը, կը պատսպարէ Միկինես մայրաքաղաքի հնաբանական պեղումներէն յայտնաբերուած Թագաւորական Դամբանէն իրեր, որոնցմէ գլուխ գործոց կը նկատուի ոսկիայ թաղմանական դիմակը․ դիմակի յայտնաբերման ընթացքին 1876, հնագէտ Հենրիկ Շլիման անոր կու տայ «Աղամեմնոնասի Դիմակը» անունը։

• Աղամեմնոնաս Αγαμέμνονας (հին յուն․՝ Ἀγαμέμνων) Agamemnon ․ Միկինեսի առասպելական թագաւոր եւ եղբայր՝ Սփարդիի Մենելաոս թագաւորին։ Տրոյեան պատերազմի Τρωικός Πόλεμος - Trojan War ղեկավարներէն։

Մնացեալ ցուցափեղկերը կը ցուցադրեն դամբաներուն մէջ գտնուած իրեր՝ անօթեղէն, գոհարեղէն եւ զէնքեր։ Բազմաթիւ են թանկագին մետաղէ (ոսկի, արծաթ) եւ կամ՝ քարեղէն (մարմար, ջրակիճ, ոբսիդ, նաեւ՝ ժայռի բիւրեղ) եղէգնափողերը։

Նոյն սրահին մէջ նաեւ կը ցուցադրուին Վաֆիօ Vaphio - Βάφειο (Վաֆիօն. Սփարդիիին մօտակայ հնագիտական վայր) հնագիտական վայրի պեղումներէն բոլորակ θόλος- tholos դամբանի մէջ գտնուած ոսկիայ բաժակները 1889, պնակիտներ գրուած Գծային Բ գիրով (տե՛ս Յունաստան, Մինչեւ Ք.Ա. . 12-րդ դար գլուխը), ոսկիայ կնիք Դիրինթա Τίρυνθα-Tirynthe (Միկինէական հին քաղաքէն Պեղոպոնեզ, Արղոս քաղաքին մօտ)։


Արխայիքի շրջանի քանդակներ, Ք.Ա. ․ 13-րդ մինչեւ Ք.Ա. ․ 6-րդ դար Խմբագրել

Գետնայարկ, 7 – 13 սրահներ

Կը ցուցադրուին քանդակներ Արխայիքի շրջանէն․ Քուրոս/ներ (երիտասարդի արձան հին յուն՝ κοῦρος -kouros), Քորի կամ՝ Քորես (κόρη-kore․ քօղով ծածկուած կնոջ արձան/ներ), Քսոանա (յոգնակի՝ ξόανα - xoana․ փայտէ արձաններ)։ Մարմարէ արձաններուն կամ քանդակներուն համար գործածուած են Քիքլատես կղզեխումբէն Փարոս եւ Նաքսոս կղզիներուն նշանաւոր մարմարը։


Կը ցուցադրուին նաեւ քանդակներու կտորներ, արձանիկներ, արձաններու մասեր․ գտնուած են Աթէնքի Քերամիքօ հնագիտական վայրի Տիփիլոն դամբանին մէջ, Տիլոս, Միլոս եւ Սիֆնոս Քիքլատեան կղզեխումբի կղզիներուն մէջ, Միկինես, Վիոթիա շրջաններուն հնաբանական վայրերուն մէջ եւ Ատտիկէի զանազան շրջանները՝ Աթէնք, Անավիսոս, Թիսիոն, Քերաթէա, Սփադա, Էլեֆսինա, եւ Սունիօ։


Նկարներ՝ վերեւ նշուածներուն հնաբանական վայրերէն Խմբագրել


Դասական շրջանի քանդակներ, Ք.Ա. ․ 5-րդ դար Խմբագրել

 
Էղինա - Աֆէա տաճար

Գետնայարկ, թիւ 14 – 28 սրահներ

Այս հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ դասական շրջանի մարմարէ եւ պղինձէ քանդակագործութիւններ։ Թիւ 14 սրահին հիւրընկալուած քանդակները, դասական շրջանի «խիստ» ոճին կը պատկանին։ Քանդակներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանին Էղինա կղզիին վրայ գտնուող Աֆէա տաճարին, նոյնպէս՝ Ք.Ա. ․ 5-րդ դարասկիզբի պղինձէ արձանիկները։

Թիւ 15 սրահին մէջ ցուցադրուող «Արթեմիսիօ աստուածին» պղինձէ հսկայ արձանը Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարանին խորհրդանիշներէն մէկն է․ գտնուած է Էվիա կղզիին Արթեմիսօ հրուանդանին բացերը։ Ունի 2,09 մ․ հասակ եւ դասական շրջանի պղինձէ հազուագիւտ արձաններէն է։ Անոր «խիստ ոճը» կը վերագրուի Քալամիս քանդակագործին Κάλαμις – Calamis։

Նոյն սրահը կը հիւրասիրէ նաեւ Ք.Ա. ․ 460 «Միլոսին սկաւառակը» հսկայ յուշարձանը եւ «Էլեֆսինայի խորհուրդները»․ հսկայ քանդակ՝ 1,52 × 2,20 մ․ գտնուած է Էլեֆսինա 1859 եւ կը պատկերացնէ ծեսական արարողութիւն մը․- Տիմիթրա եւ Փերսեֆոնի աստուածուհիները յաջորդաբար, արքայական գաւազանը եւ ջահ բռնած Դրիփդօլեմօ գահաժառանգին (Էլեֆսինայի Քելօոս թագաւորին զաւակը) ցորենի հասկեր կու տան․ Փերսեֆոնին նաեւ կ՛օրհնէ արքայազնը։ Այս քանդակին կրկնօրինակը Նիւ Եորքի Միթրոփոլիդան Թանգարանին մէջ կը գտնուի։


Դասական շրջանի Յուղարկային կոթողներ, Ք.Ա. ․ 5-րդ դար Խմբագրել

Գետնայարկ, սրահներ 16 – 18

Աքրոփոլիսին վերակառուցման աշխատանքներէն վերջ, արժանի գեղարուեստագործեր աշխատանք կը գտնեն անհատներու մօտ։ Հսկայ կոթողներու շինութիւնը կը տարածուի մինչեւ Ք.Ա. ․ 317, իսկ անկէ ետք, կոթողներուն հասակը կը սկսի նուազիլ։ Սրահներուն մէջ կը ցուցադրուին նաեւ «լիքիթոս»ներ λήκυθος - lécythe․ լիքիթոս՝ ճերմակ աման/ներ, ուր հոտաւէտ ձէթ կը պահուէր, մարմնոյ խնամքին համար։

Երկրորդ դասական շրջանի քանդակներ, 4-րդ դար Խմբագրել

Գետնայարկ՝ սրահներ 23 – 27

Աթէնքի եւ Սփարդիին քաղաք-պետութիւններուն միջեւ 30 տարի տեւող շարունակ հակամարտութիւնները, կը պառակտեն յունական աշխարհն ու կը վերջանան Ք.Ա. ․ 404 թուականին, Աթէնքի եւ անոր դաշնակիցներուն պարտութեամբ։ Հետեւանքը ծանր կ՛ըլլայ․ քաղաք-երկիրները կը տկարանան եւ յաջորդաբար կը հպատակին Հիւսիսային Յունաստանի Մակետոնական թագաւորութեան։

Քանդակները եւ արձանները աւելի սրտայոյզ են։


Հելլենիստական քանդակներ Խմբագրել

Գետնայարկ՝ սրահներ 29 – 30

Այս շրջանի պատկանող գլխաւոր ցուցադրութիւններէն են՝


Հռոմէական շրջանի քանդակներ Խմբագրել

Գետնայարկ, սրահներ 31-33


Հռոմէական կրկնօրինակներ, յունական դասական ծագումով Խմբագրել

Գետնայարկ, սրահ 20 եւ 21

Ձերարհեստ Խմբագրել

ԳԵտնայարկ, սրահներ 36 – 39

Այս սրահները կը ցուցադրեն պղինձէ պզտիկ առարկաներ։ Այս իրերուն մեծ մասը կը պատկանի «Քարափանոս հաւաքածոյ»ին․ Քարափանոս հնագէտի պեղումներէն գտնուած իրեր, 18751877։

 
Անտիքիթիրայի մեքենական դրութիւնը – բաժին մը - μηχανισμός των Αντικυθήρων - Antikythera mechanism կամ՝ Անտիքիթիրային համակարգիչը եւ կամ՝ Ասդրոլաւոս ἀστρολάβος - astrolabe Ք.Ա. ․ 150-100։

Թիւ 36 սրահը կը հիւրընկալէ «Երկրաչափական ժամանակաշրջան»էն առարկաներ, Ք.Ա. ․ 9-րդ դար․ կենդանիներու եւ մարդերու արձանիկներ, գոհարեղէններ զետեղուած վերակառուցուած դամբանի մը մէջ եւ կաթսաներ։ Ք.Ա. ․ 6-րդ եւ 5-րդ դարերու արձանիկներուն կողքին կան նաեւ ուխտանուէրներ եւ դիմակներ որոնք գտնուած են Տոտոնի քաղաքի Զեւսի տաճարին մէջ։

Թիւ 37 սրահին իրերը գտնուած են Ողիմպիայի տաճարին մէջ Ք.Ա. ․ 600 թուականին․ արծիւներով կողովներ, զէնքեր, պահպանակներ եւ Զեւս աստուածին պատկանած գլուխ մը (Ք.Ա. ․ 520 – 510 )։

Թիւ 38 սրահը կը հիւրընկալէ Աքրոփոլիսին վրայ գտնուած իրերը․ Աթինա Փրոմախոս, Ք.Ա. ․ 5-րդ դար եւ առասպելաբանական արարածներ։ Նաեւ՝ «Անտիքիթիրային մեքենան»՝ Ք.Ա. ․ 80, գտնուած համանուն Անտիքիթիրա կղզիին բացերը․ գտնուած մեքենային շուրջ ենթադրութիւնները շատ են, սակայն թանգարանին կարծիքն է թէ նաւարկութեան գործիք մըն է։

Թիւ 39 սրահը կը հիւրընկալէ վերանորոգուած ասպազինում եւ կառք մը։ Նաեւ կը հիւրասիրէր Հելլենիստական շրջանէն «Քալիմնոսի տիկինը» արձանը, որը վերադարձուած է համանուն կղզին ու այժմ կը ցուցադրուի Քալիմնոսին թանգարանին մէջ։

  • Անտիքիթիրային մեքենան․ մեքենան կը բաղկանայ 32 անիւներէ եւ մետաղեայ տախտակներէ, որոնց վրայ կան երկնային կենդանակամարի, ամիսներու, խաւարումներու եւ համայունական խաղերու արձանագրութիւններ։ Կը հաշուէ արեգակնային ու լուսնային օրացոյցը։ Կ՛ենթադրուի թէ աստղադիտակ մըն է։

Գետնայարկ, սրահ 43․ կը հիւրընկալէ Ստաթադոս հսկայ հաւաքածոն․- Խմբագրել

Կաւագործութիւն, պզտիկ առարկաներ Խմբագրել

 
Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարանի առաջին յարկին յատակագիծը

Առաջին յարկ, թիւ 49 – 56 սրահներ

Առաջին յարկին բոլոր սրահները կը հիւրընկալեն կաւագործութեան եւ ուրիշ փոքր առարկաներ։ Իրերը կը ցուցադրուին ըստ դարաշրջանի՝ Ք.Ա. ․ 11-րդ դարէն մինչեւ հռոմէական ժամանակաշրջան եւ ըստ նիւթի՝ «կարեւոր սրբավայրեր» (սրահ 52), «թաղմանական սովորութիւններ» (սրահ 53) եւ «կինն ու երեխան» (սրահներ 55, 56)։

Թիւ 48 սրահին մէջ ցուցադրուին Սանթորինի կղզիի Աքրոթիրի Թիրա հնագիտական վայրի որմանկարները․ (տե՛ս աւելի վեր՝ Սանթորինի կղզի, Աքրոթիրի Թիրա – Որմանկարներ․ Ք.Ա. ․ 16-րդ դար, Նոր Պղինձի Դարաշրջան

Միկինէական եւ երկրաչափական ժամանակաշրջանի ամաններ, անօթներ Խմբագրել

Սրահ 49 կը հիւրընկալէ հնադարեան կաւէ առարկաներ․ Միկինէական շրջանի վերջաւորութենէն մինչեւ երկրաչափական ժամանակաշրջան։ Այցելուն հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ տեսնելու բնապաշտ զարդարանքին յառաջդիմական անհետացումը եւ անոր փոխարինումը երկրաչափական ձեւերով։ Էլեֆսինայի «Իսիս» Ίσις - Isis կոչուած դամբանին մէջ (այդպէս կոչուած է, որովհետեւ հոն գտնուած է համանուն աստուածուհիին արձանիկը) գտնուած 68 ամանները նախա-երկրաչափական ժամանակաշրջանի «ներկայացուցիչներն» են (Ք.Ա. ․ 10-րդ դար)․ բնազարդերը միմիայն գիծ, շեղանկիւն եւ շրջանակ են։ Գոհարեղէնի տուփերէն մէկը կը պարունակէր սպիտակ հիւթ մը լսնակաւէ kaolin բաղկացած․ հաւանաբար՝ արդուզարդի գործածութեան համար։

Ատտիկեան կաւագործութիւն սեւ պատկերացումներով Խմբագրել

Առաջին յարկ, սրահներ 52 եւ 53


Ատտիկեան կաւագործութիւն կարմիր պատկերացումներով Խմբագրել

Առաջին յարկ, սրահներ 54 – 56


Եգիպտական հաւաքածոյ Խմբագրել

Գետնայարկ, սրահներ՝ 40 եւ 41

Աթէնքի Ազգային Հնաբանական Թանգարանի գետնայարկին թիւ 40 ու 41 սրահները յատկացուած են հիմնարկին Եգիպտական հաւաքածոյին․ միակը՝ Յունաստանի մէջ։ Հաւաքածոն թանգարանին նուիրուած են Եգիպտոսի երկու յոյն բնակիչներ․ 18801885 Աղեքսանտրիա քաղաքէն Իոաննիս Տիմիթրիու (բնիկ Լիմնոս կղզիէն) եւ 1904 Գահիրէի բնակիչ Ալեքսանտրոս Ռոստովիչ։

Այս հաւաքածոն բաղկացած է Ք.Ա. ․ 5-րդ հազարամեակէն մինչեւ 354 առարկաներէ․ պապիրոսներ, նշանագրեր, կանոպէական անօթներ, «բզէզներ» scarabée, դագաղանման գերեզմաններ sarcophage եւ զմռսուած մարմիններ momie։ Նաեւ՝ արձաններ եւ արձանիկներ Եգիպտոսի Հելլեսիստական եւ Հռոմէական ժամանակաշրջաններէն։


Դագաղանման գերեզմաններ – դամբաններու զարդարանքներ, կոթողներ – զանազան իրեր Խմբագրել

[17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. http://www.namuseum.gr/contact-en.html
  2. http://namuseum.academia.edu/MariaLagogianniGeorgakarakos/CurriculumVitae
  3. «Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-10-ին։ արտագրուած է՝ 2020-04-13 
  4. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարանի պատմականը (յունարէն)
  5. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարանի ներկայացումը (յունարէն)
  6. Աթէնքի ուղղեցոյց (անգլերէն)
  7. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան – Նոր քարէ շրջան (յունարէն)
  8. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան – Քիքլատեան քաղաքակրթութիւն (յունարէն)
  9. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան -Քանդակներ (յունարէն)
  10. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան -Մետաղէ իրեր (յունարէն)
  11. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան - Կաւագործութիւն (յունարէն)
  12. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան -Եգիպտական ու Մերձաւոր արեւելեան հաւաքածոյ (յունարէն)
  13. Աթէնքի ուղղեցոյց - Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան- պատկերասրահ (անգլերէն)
  14. Աքրոթիրի Թիրա ցուցադրութեան սրահը (յունարէն)
  15. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան – Մակագրութեան Թանգարան (յունարէն)
  16. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական թանգարան – Հնագիտութեան Գրադարանը (յունարէն)
  17. Լացիս Հիմնարկ - Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարանը, Նիքոլաոս Քալցաս, 2007թ․, նկարներ թանգարանին հաւաքածոյէն (յունարէն)
  18. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Նախապատմական շրջան(յունարէն)
  19. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Նոր Քարէ դար (յունարէն)
  20. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Քիքլատեան արուեստը (յունարէն)
  21. Քերօին տաւղահարը (յունարէն)
  22. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Աքրոթիրի Թիրաս (յունարէն)
  23. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Միկինէական շրջան (յունարէն)
  24. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Քանդակներ՝ Արխայիքի շրջանէն մինչեւ Հռոմէական շրջան (յունարէն)
  25. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Մետաղարուեստ․ Արխայիքի շրջանէն մինչեւ Հռոմէական շրջան (յունարէն)
  26. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Անօթներ եւ մանրարուեստ - Արխայիքի շրջանէն մինչեւ Հռոմէական շրջան (յունարէն)
  27. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Եգիպտական հաւաքածոյ – Նախահարստութեանց շրջանէն մինչեւ Հռոմէական շրջան(յունարէն)
  28. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Կիպրիական հնութիւններ – Պղինձի դարէն մինչեւ Հռոմէական շրջան (յունարէն)
  29. «Ծովուն յատակը գտնուած հնութիւնները ո՞ր օրէնքները կը պաշտպանեն», Էմանուիլ Ռուքանաս, (PDF) 21-8-2011, հրատ․՝ 20-4-2012 (յունարէն)
  30. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Իղիսօին յուղարկային կոթողը(անգլերէն)
  31. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - Իղիսօին յուղարկային կոթողը (յունարէն)
  32. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան - «Գաղթական փոքրիը եւ իր ընկերը»(յունարէն)
  33. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Մետաղիայ հաւաքածոյ (յունարէն)
  34. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան –Մանր իրերու հաւաքածոն (յունարէն)
  35. Սդաթադոս հաւաքածոյ(ֆր.)
  36. Աթէնքի Ազգային Հնագիտական Թանգարան – Եգիպտական եւ Մերձաւոր արեւելքի հնադարեան հաւաքածոյ(յունարէն)

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Տիլոսի Հնագիտական Թանգարան

Աքրոփոլիին թանգարանը

Աքրոփոլի

Աթէնք

Փիրէա

Յունաստան

Աղեքսանտրիա

Մեծն Աղեքսանտր

Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը

Արտաքին յղումներ Խմբագրել