Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարան


Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարան, հիմնադրուած է 1963-ին՝ ՀԽՍՀ մինիստրներու խորհուրդի նախագահ Անտոն Քոչինեանի 21 Նոյեմբերի N 491 որոշմամբ, Նալբանդեան 23 (այժմ՝ 21) հասցէին վրայ, այն տան մէջ, ուր Ալեքսանդր Սպենդիարեանը ապրած է կեանքի վերջին տարիներուն՝ 1926-1928-ականներուն։

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հասցէ Նալբանդեան 21, Երեւան, ՀՀ
Հիմնադրուած է 1963
Տնօրէն Մարինէ Օթարեան
40°10′51″N 44°31′08″E / 40.180957°N 44.518766°E / 40.180957; 44.518766
Կայքէջ spendiaryanmuseum.am(հայ.)(անգլերէն)
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն Խմբագրել

1959-ին Մարինա եւ Թաթիանա Սպենդիարովաները, այցելելով Հայաստան եւ տեսնելով հայ ժողովուրդի ջերմ սէրը կոմպոզիտորի ստեղծագործութիւններու նկատմամբ, ցանկութիւն յայտնած են հօր երեւանեան բնակարանը վերածել տուն-թանգարանի։ 1962-ին Մարինան խնդրագիրով կը դիմէ ՀԽՍՀ նախարարներու խորհուրդին։ Կը հիմնադրուի տուն-թանգարանը, կը ստեղծուի թանգարանի աշխատանքային աշխատակազմը՝ կոմպոզիտոր Վլադիլէն Բալեանի ղեկավարութեամբ։

Տուն-թանգարանը կը բացուի 1967-ին։ Հայաստանի մէջ առաջին երաժշտական յուշային թանգարանն է։

Ցուցադրութիւն Խմբագրել

 
«Սպենդիարոֆոն» երաժշտական գործիքը

Տուն-թանգարանի հաւաքածոն սկիզբը կը կազմէր 400 միաւոր, որ ոչ միայն Մարինա Սպենդիարովայի նուիրատուութիւնն էր, այլեւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ պահպանուող կոմպոզիտորի արխիւի զգալի մասը։ Յետագային ֆոնտերը համալրուեցան եւ ներկայիս ֆոնտային հաւաքածոն կը կազմէ 1345 թանգարանային առարկայ։ Անոնք Սպենդիարեանի անձնական իրերն են, ձեռագիր ու տպագիր նոթաներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, մամուլ ու գիրքեր։

Տուն-թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած են թանգարանային այնպիսի իւրօրինակ առարկաներ, ինչպիսիh են կոմպոզիտորի մտայղացմամբ պատրաստուած «Սպենդիարոֆոն» երաժշտական գործիքը եւ «Ալմաստ» օփերայի երեւանեան առաջին բեմադրութեան (1933 ) ազդագիրը։ Յուշասենեակը վերականգնուած է այնպէս, ինչպէս կոմպոզիտորի կենդանութեան օրոք։ Այն աչքի կը զարնէ համեստ կահաւորմամբ։

2011-ին պետական աջակցութեամբ վերանորոգուած տուն-թանգարանը 3 Դեկտեմբեր 2012-ին նոր ցուցադրութեամբ իր դռները բացաւ արուեստասէր հասարակութեան առջեւ[1]։

 

Թանգարանի տնօրէններ Խմբագրել

Տուն-թանգարանի հիմնադիր տնօրէն կոմպոզիտոր Վլադիլէն Բալեանի տնօրինութեան տարիներուն (1966-1972 ) թանգարանը դարձաւ մայրաքաղաքի սիրուած մշակութային օջախներէն մէկը։ Յիշարժան են թանգարանի պուրակին մէջ կազմակերպուող բացօթեայ համերգները, որոնց կը մասնակցէին անուանի արուեստագէտներ, երաժիշտներ ու գրողներ՝ Առնօ Բաբաջանեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Ալեքսանտր Յարութիւնեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Յովհաննէս Չեքիճեան եւ այլք։ Ինքնատիպ էր Վլադիլէն Բալեանի նախագծած թանգարանի սպենդիարեանական շունչով յագեցած ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ բազմաթիւ այցելուներու բարձր գնահատանքին։ Անոր ծաւալած գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ Սպենդիարեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանի օրերուն, երբ կայացան բազմաբնոյթ միջոցառումներ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս։

 

Տուն-թանգարանի մշակութային կենսագրութեան մէջ իր մեծ աւանդը ունեցաւ կոմպոզիտոր Ծովակ Համբարձումեանը, որու տնօրինութեան տարիներուն (1972-1988 ) թանգարանը դարձաւ արուեստագէտներու սիրելի հաւաքատեղի։ Անոր նախաձեռնութեամբ ծաւալուած հաւաքչական աշխատանքներու արդիւնքով ստեղծուեցաւ ժողովրդական նուագարաններու հրաշալի հաւաքածոյ մը, որ 1990-ականներուն տեղափոխուեցաւ Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան։ Սպենդիարեանի կեանքին ու ստեղծագործական ժառանգութեանը նուիրուած բազմաթիւ ցուցահանդէսներ եւ համերգներ կը կազմակերպուէին Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ։

Խորհրդային Միութեան փլուզման, երկրաշարժի եւ պատերազմական ժամանակաշրջանին տուն-թանգարանի տնօրինութիւնը (1988-1996 ) վստահուեցաւ Յասմիկ Գէորգեանին` որ նախաձեռնեց թանգարանի վերանորոգման եւ նոր ցուցադրութեան կազմակերպման դժուարին աշխատանքները։ Այդ տարիներուն շատ մշակութային օջախներու նման տուն-թանգարանն ալ կրեց անցումային շրջանի ծանր հետեւանքները։

1996-էն մինչեւ օրս տուն-թանգարանը կը ղեկավարէ կոմպոզիտոր Մարինէ Օթարեանը։ Այսօր ալ տուն-թանգարանը կ՚ապրի մշակութային աշխոյժ կեանքով, հին ու բարի աւանդոյթները կը ներդաշնակուին նոր մտայղացումներով։

 

Միջոցառումներ Խմբագրել

Ամէն տարի` կոմպոզիտորի ծննդեան օրը, անոր շիրիմի մօտ տեղի ունեցող յիշատակի միջոցառումները իրենց շուրջը կը համախմբեն Սպենդիարեանի արուեստի սիրահարներուն։ Աւանդական դարձած «Պատանի սպենդիարեանականներու երդման արարողութիւնը» կոմպոզիտորի անունը յաւերժացնող երկու մշակութային օջախներու՝ տուն-թանգարանի եւ երաժշտական դպրոցի միջեւ համագործակցութեան հրաշալի օրինակ է։

Հասցէ Խմբագրել

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կենդրոնը՝ Նալբանդեան 21 հասցէին վրայ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հիմնանորոգումէն ետք վերաբացուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը

Արտաքին յղումներ Խմբագրել