Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ (տեսաժապաւէն)

Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ (անգլերէն՝ Alice in Wonderland), մանուկներու տեսաժապաւէն Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան կողմէ, ստեղծուած 1951-ին։ Գրուած է անգլիացի գրող Լուիս Քերոլի վէպին հետեւողութեամբ, որ կազմուած է երկու գիրքերէ. «Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ» եւ «Ալիսը Հայելիի Աշխարհին Մէջ»:

Alice in Wonderland
Արտադրիչ Ուոլթ Տիզնի
Գրագէտ Լուիս Քերոլ
Գլխաւոր դերեր Ալիս
Արտադրող
ընկերութիւններ
Ուոլթ Տիզնի ընկերութիւն
Թողարկման
թուական
28 Յուլիս 1951
Տեւողութիւն
75
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն
Պիւտճէ 3000000

Նիւթ Խմբագրել

Ալիս անունով աղջիկը, քնանալով կը տեսնէ երազ մը՝ վազող սպիտակ նապաստակին մասին։ Ան կը վազէ անոր ետեւէն եւ յանկարծ կը յայտնուի հրաշքներու աշխարհին մէջ, ուր տեղի կ'ունենան անհաւանական իրադարձութիւններ։

Գործող նձեր Խմբագրել

Ալիս Խմբագրել

Ալիս (անգլերէն՝ Alice) – տեսաժապաւէնին գլխաւոր հերոսուհին, հետաքրքիր եւ երազկոտ աղջիկ մը, որ հրաշքներու աշխարհին մէջ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի սպիտակ նապաստակի մը, անցնելով ճագարի որջին մէջէն։ Հոն Ալիս կ'որոշէ ելք մը գտնել եւ տուն հասնիլ։ Ան կը ստիպուի անցնիլ ամբողջ հրաշքներու աշխարհէն, ծանօթանալ տարբեր հերոսներու, որոնցմէ են՝ Չեշիրեան Կատուն, Մարտեան Նապաստակը, Գլխարկագործը, Երկուորեակ եղբայրները եւ այլն։ Ժապաւէնին վերջաւորութեան Կարմիր Թագուհիին հետապնդումէն փրկուելով, կ'անդրադառնայ, որ քնացած է, կը սթափի եւ ինքզինք կը գտնէ տան մէջ։ Ան ունի կատու մը՝ Թինան եւ իրմէ մեծ քոյր մը։

Հերոսներու կենսունակութեամբ կը զբաղին Օլլի Ճոնսոնը, Մարք Տէյվիսը, Միլթ Քալը եւ Ճոն Լաունսպըրին։ Ինչպէս Ձիւնաթիւրին եւ Մոխրիկին, Ալիսի համար ալ նշանակուած էր կենդանի տիպար մը, որ կը կատարէր նկարահանման տեսարանները, իբրեւ ուղեցոյց ոգեւորողներուն համար։ Ալիսին տիպարն էր 14 ամեայ անգլիացի Քեթրին Պոմոնտը։ Յետագային Պոմոնտ կը դառնայ նաեւ հերոսներու համար հնչիւնաւորող։

Դերերը հնչիւնաւորեցին Խմբագրել

  • Ալիս - Քեթրին Պոմոնտ
  • Գլխարկագործ - Էտ Վինն
  • Մարտեան Նապաստակ - Ճերրի Քոլոննա
  • Թրթուռ - Ռիչարտ Հէյտըն
  • Չեշիրեան Կատու - Ստերլինկ Հոլլոէյ
  • Կարմիր Թագուհի - Վեռնա Ֆելթըն
  • Երկուորեակներ/Ծովափիղը եւ Հիւսնը/ոստրէներու մայր - Պետ Օմելլի
  • Տօտօ/Սպիտակ ճագար - Պիլլ Թոմփսըն
  • Ալիսի քոյրը - Հեզզըր Էյնդժել
  • Դռան բանալի - Ժոզէֆ Քիորնս
  • Մողեսիկ Պիլլ/Խաղաթուղթ ներկարար - Լարրի Կրէյ
  • Թագաւոր - Դինկ Տրաուտ
  • Վարդ - Տորիս Լոյտ
  • Սոնիա - Ճիմմի ՄաքՏօնալտ
  • Խաղաթուղթ ներկարարներ - The Mellomen խումբ
  • Ուրիշ խաղաթղթեր - Տօն Պառկլայ
  • Արեւածաղիկ/վարդակակաչ - Լյուսիլ Պլիսս

Պարգեւներ Խմբագրել

«Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ» տեսաժապաւէնի մրցանակներու եւ պարգեւներու ցուցակը։[1]
Մրցանակ Պարգեւատրում Թեկնածու Ցուցանիշ
Վենետիկեան փառատօն (1951) Ոսկիէ առիւծ Քլայտ Ճերոնիմի, Ուիլֆրետ Ճէքսոն, Հեմիլթոն Լասք թեկնածու
Օսքար |(1952) լաւագոյն երգը լաւագոյն երաժշտական ժապաւէնին մէջ Օլիվըր Ուոլլըս թեկնածու

Ծանոթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Awards for Alice in Wonderland» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 7 Յուլիս 2010