Ականջապնդագարութիւն

Ականջապնդագարութիւնը ականջի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի լսողութեան տկարացումով: Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալաման արգելքներու, ինչպէս նաեւ բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ: Oto հայերէնով կը նշանակէ ականջ-ունկ, իսկ sclerosis՝ ոսկորի պնդագարութիւն կամ կարծրախտ: Հետեւաբար, Otosclerosis հայերէնով կը նշանակէ ականջապնդագարութիւն-ականջակարծրախտ կամ ունկապնդագարութիւն-ունկակարծրախտ:

Ականջապնդագարութիւն
Otosclerosis
ՀՄԴ-9 387
ՀՄԴ-10 H80
OMIM 166800
MedlinePlus 001036
MeSHID D010040

Պնդագարութիւն ըսելով կը հասկնանք նոր եւ անբնական ոսկորի կազմաւորում: Պնդագարութիւնը տեղի կ'ունենայ ականջի միջին եւ ներքին բաժիններուն մէջ, բայց առաւելաբար միջին ականջի երեք ոսկրիկներուն մէջ: Այս երեք ոսկրիկներէն ասպանդակն է, որ մասնաւորապէս կ'ախտահարուի պնդագարութեամբ եւ անիկա անշարժ նստած կը մնայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ: Ասպանդակի պնդագարութեամբ եւ անշարժութեամբ ձայնային ալիքները լրիւ չեն հաղորդուիր դէպի ներքին ականջ եւ այս պատճառով կը յառաջանայ տարբեր աստիճանի լսողութեան փոխանցման տկարութիւն (conductive hearing loss): Ներքին ականջի պնդագարութեան պարագային կը յառաջանայ լսողութեան ընկալական տկարութիւն (sensorineural hearing loss): Ընդհանրապէս, երբ ականջապնդագարութիւն ըսենք, կը հասկնանք միջին ականջի ասպանդակ ոսկրիկի պնդագարութիւն: Ականջապնդագարութիւնը առաւելաբար կովկասեան երկիրներու մէջ տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Կը կարծուի, որ երաժիշտ Պեթհովեն կը տառապէր ականջապնդագարութենէ:

Ականջի Մսերը Խմբագրել

Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին, միջին եւ ներքին:

Արտաքին ականջը Խմբագրել

Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղի-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum):

Միջին ականջը Խմբագրել

Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Անիկա կ'օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Ականջախոռոչի արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կազմեն ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնը: Այս պատուհանները կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ:

Ներքին ականջը Խմբագրել

Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Անոր մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30,000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներուն միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ'ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինին կողմէ, իսկ մեղմ ձայները կ'ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինին կողմէ: Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմինի շարժումի ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են:

Ընդհանուր Խմբագրել

Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները ձայն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը՝ ձայն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնալիքները, այլ խօսքով՝ ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի, իր հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան: Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջ, ուր շարժումի կ'ենթարկուին լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ոյժը կը փոխուի ելեկտրական ոյժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ոյժ կ'ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ: Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալաման արգելքներու, ինչպէս նաեւ բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ:

Յաւելեալ Խմբագրել

Այս հիւանդութիւնը երկու սեռերուն մօտ տեսնուած հիւանդութիւն մըն. սակայն առաւելաբար իգական սեռին մօտ: Կիներուն մօտ անիկա կը վատթարանայ յղութեան շրջանին: Ժողովուրդին 0.5 տոկոսը կ'ունենայ այս հիւանդութիւնը: Ճերմակամորթներուն 10 տոկոսը կ'ունենայ ականջապնդագարութիւն, իսկ սեւամորթներուն՝ միայն 1 տոկոսը:

Ականջապնդագարութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով՝ ժառանգական եւ ոչ-ժառանգական: Ընդհանուր պարագաներուն 50 տոկոսը կը յայտնուի ժառանգական ձեւով, որ ընդոծին (congenital) եւ ծինային (genetic) է: Անիկա կը ժառանգուի շատ հաւանաբար մարմնատիրական ժառանգականութեամբ (autosomal dominant): Երբ ծնողներէն մէկը ունի հիւանդութիւնը, անոր զաւակներուն 25 տոկոսը շատ հաւանաբար ունենայ հիւանդութիւնը. իսկ երբ ծնողներէն երկուքը ունին, այդ պարագային անոնց զաւակներուն 50 տոկոսը շատ հաւանաբար ունենայ հիւանդութիւնը:

Ընդոծին ականջապնդագարութիւնը կը յայտնուի կանուխ տարիքէն եւ կը բացայայտուի երիտասարդ տարիքին: Ոչ-ժառանգական ականջապնդագարութեան ախտապատճառը անորոշ է: Անիկա կը յայտնուի երիտասարդ տարիքին: Ականջապնդագարութեան լսողութեան տկարացումը կ'ընթանայ շատ դանդաղ եւ յարաճուն (progressive) ձեւով: Երկու ականջներն ալ կ'ախտահարուին, բայց ոչ միասին՝ նախ մէկ ականջը, եւ տարիներ ետք՝ երկրորդ ականջը: Լսողութեան տկարացումի աստիճանը կախեալ է ասպանդակի պնդագարութեան տարողութենէն:

Ախտանշան/Ախտաճանաչում Խմբագրել

Ականջապնդագարութեան միակ ախտանշանը մեղմ-տկար ձայները լսելու դժուարութիւնն է: Լսողութեան տկարացումին կրնայ ուղեկցիլ նաեւ ականջաբզզիւն (tinnitus): Այս հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի լսելաչափով (audiometer): Ականջապնդագարութեան լսողութեան տկարացումը կը բարելաւուի երկու դարմանամիջոցներով.

  • Վիրաբուժական գործողութեամբ, մը որ կը կոչուի ասպադակահատում (stapedectomy): Մասնագէտ վիրաբուժը տեղային զգայազրկումով եւ մանրադիտակի (microscope) օգնութեամբ մասամբ կը բանայ ականջաթմբուկը, կ'անջատէ ասպանդակը սալէն եւ ձուաձեւ պատուհանէն ու կ'արտահանէ զայն: Ապա անոր տեղ կը զետեղէ արուեստական մետաղային կամ կերպնկալ ցպիկ մը, որ կը միացնէ սալը ձուաձեւ պատուհանին: Այս գործողութենէն անմիջապէս ետք հիւանդը կը վերագտնէ իր կորսնցուցած լսողութեան մեծ մասը, սակայն ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս կը մնան անփոփոխ: Յետ գործողութեան հիւանդը կրնայ ունենալ գլխապտոյտ, մարմնական անհաւասարակշռութիւն եւ համի զգացողութեան խանգարում: Այս գործողութիւնը նուրբ միջոցառում մըն է եւ պէտք է կատարուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ: Գործողութեան յաջորդող օրերուն հիւանդը ուշադրութիւն պէտք է ընէ հետեւեալ ցուցմունքներուն՝ քնանալ կողմնակի առողջ ականջին վրայ, շատ չխնչել, հարբուխ չըլլալ, գլխու ուժգին շարժումներ չընել, չծռիլ դէպի յառաջ, ծանր առարկաներ չշալկել, փորի պնդութիւն չունենալ, չլողալ, չսուզուիլ, օդանաւով չճամբորդել, լեռ չմագլցիլ եւ գործածել հակամանրէական դեղեր: Այս գործողութեան միակ բարդութիւնը լսողութեան ամբողջական կորուստն է, սակայն անիկա շատ հազուագիւտ է:
  • Լսողութեան օժանդակ սարքի (hearing aid) մը գործածութեամբ: Այս պարագային լսողութիւնը կը բարելաւուի այնքան ատեն որ գործիքը կը գործածուի: Այս գործիքը կը տրամադրուի մասնագէտ ականջաբուժի մը կողմէ: Կան զանազան տեսակի լսողութեան օժանդակ սարքեր: Յաճախ հիւանդներուն կը յանձնարարուի գործածել կրածին (calcium), ֆլորին (florine) եւ D կենսանիւթ, սակայն ասոնց օգտակարութիւնը չէ փաստուած:

Տե'ս Նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 20 Փետրուար 2015:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  • Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ.

Հիւանդի ականջների խնամքը: