Աղեքսանդրիոյ Փարոսը

Աղեքսանդրիոյ Փարոսը, Պտղոմէոս Բ. թագաւորը (304-247 Ն. Ք.) կանգնել տուաւ, անոր նաւահանգիստին մէջ, հսկայական փարոս մը, որ շատ հեռուներէն տեսանելի ըլլար: Յոյները կ՛ըսեն, թէ փարոսին բարձրութիւնը 272 մեթր էր, ինչ որ գրեթէ անհաւատալի կը թուի:

Աղեքսանդրիոյ Փարոսը 1909-ին

Երբ արաբները Եգիպտոս մտան, շուրջ 1000 տարի ետք, անոնք գտան այդ փարոսին մնացորդները, որոնք տակաւին 116 մեթր բարձրութիւն ունէին[1]:

Աշխարհի աւանդական 7 հրաշալիքներէն վեցը՝ Բաբելոնի կախուած պարտէզները, Ողիմպոսի Զեւսի արձանը, Եփեսոսի Արտեմիսի մեհեանը, Հալիքարնասի շիրիմը, Ռոտոսի Քոլոսը եւ Աղեքսանդրիոյ փարոսը անհետացած են: Ներկայիս կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ միայն Եգիպտոսի բուրգերը[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել