Աղօրիք, հացահատիկ, եւ այլ հատիկներ աղալու յարմարանք։

Պատմութիւն Խմբագրել

Յայտնի է, որ ժամանակին (վաղ նէոլիթ) անցած է կատարելագործման շարք մը փուլեր։ Նախնական ձեւը կազմուած եղած է անողորկ երկու աղացաքարերէ՝

  • վերինը՝ աւելի փոքր, ուռուցիկ մակերեսով, շրջանաձեւ (աշխատցուած են մէկ ձեռքով) կամ ձուաձեւ, մակոյկաձեւ (աշխատցուած են երկու ձեռքով), *ներքեւինը ունեցած է աւելի մեծ, լայն ու երկարաւուն, գոգաւոր մակերես։

Ցորենը լեցուցած են ներքեւի քարին վրայ եւ վերինը ետ ու առաջ շարժելով մանրացուցած։ Յետագային ստեղծուած է երկանքը՝ բաղկացած զոյգ տափակ, բոլորակ, տաշուած քարերով։

Վերին աղացաքարը պտտցուցած են ձեռքով։ Աւելի ուշ աղացաքարը պտտցնելու համար սկսած են օգտագործել ջուրի ուժը եւ յայտնագործած են ջրաղացը։ Ք.Ա. 6-րդ հազարամեակին աղօրիք օգտագործած են Առաջաւոր Ասիոյ մէջ։ Մօտ 10-րդ դարուն երեւան հասած է հողմաղացը, իսկ 18-րդ դարուն՝ շոգաղացը։

Ներկայիս աղօրիքի տարբեր ձեւերուն փոխարինած են կատարելագործուած ալրաղացային սարքեր ու մեքենաներ։

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ Խմբագրել

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ, համաձայն վիմական եւ մատենագրական տուեալներու, հինէն ի վեր գործած են ջրաղացներ։ 10-13-րդ դարերուն վիմական արձանագրութիւններու վրայ բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան՝ վանքերուն, եկեղեցիներուն մէկ կամ երկու ակ ջրաղացներու նուիրաբերութեան մասին։

Զաքարեան Իվանէ Աթաբեկը եւ իր կինը՝ Խոշաքը, 1231 թուականին Վերին Շիրակի ջրաղացներէն ստացուող հարկը կը շնորհեն Շիրակաւանին։ Դոփեան տոհմի իշխան Հասանի կինը՝ Մամքանը, 1310-ական թուականներուն Գեղարքունիքի Բրդի Այրք գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ընծայած է մէկ ջրաղաց եւ կալուածներ։

Արագածոտն գաւառի տէր Վաչուտեան Վաչէի եղբայր՝ Սմբատ իշխանը (13-րդ դարու սկիզբ) մահանալով, իր կնոջը՝ Զմրուխտին ձգած է միակ ջրաղացը, որ Զմրուխտն ընծայած է Հոռոմոսի վանքին։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։