Ամառ, տարուան չորս եղանակներէն մին։ Գարնան՝ յաջորդող, իսկ աշնան՝ նախորդող եղանակը։ Եղանակներէն ամէնէն տաքը։

Ամառ

Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին ամառը կը սկսի Յունիս 21–ին եւ կը վերջանայ Սեպտեմբեր 21–ին (Յունիս, Յուլիս, Օգոստոս)։ Իսկ հարաւային կիսագունդի տարածքին՝ կը սկսի Դեկտեմբեր 22–ին եւ կը վերջանայ Մարտի 21–ին (Դեկտեմբեր, Յունուար, Փետրուար

Ամրան ամիսներուն կը կատարուի արտերը հերկելու գործընթացը, հացահատիկի բերքահաւաքը եւ պտուղներուն հասունացումը։ Հին հայկական նշանաւոր տօներէն մէկը՝ Նաւասարդը կը տօնէին Օգոստոսի 11-ին, որ կը նկատուէր նաեւ Նոր տարուան սկիզբը։

Պատկերասրահ Խմբագրել