Այաս, Այեաս, Ճիհուն (Ճէյհան-Ceyhan,Jihun) գետին մօտ, Ալեքսանդրեան ծովածոցի վրայ հաստատուած նաւահանգիստ։ Հնագոյն ժամանակներուն մերթ կոչուած է Եգէ, կամ Եգէաս։ Այաս անունը Եգէասի կրճատուած ու աղաւաղուած մէկ ձեւը կը ներկայացնէ։

Բնակավայր
Այաս
թրք.՝ Ceyhan
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 1444 քմ²
ԲԾՄ 30 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 159 955 մարդ (2021)
Կը գտնուի ափին Իսքենդերուն ծոց?
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 01960
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 01
Պաշտօնական կայքէջ ceyhan.bel.tr

Հայկական հին ու պատմական յիշատակներով լի քաղաք, որուն նախկին ամրութեանց եւ այլ շէնքերու աւերակները միայն մնացած են։ Ծովային Կիլիկիոյ այս հայաքաղաքը եւրոպացիներուն կողմէ ժամանակաշրջան մը «Նաւահանգիստ Հայոց Թագաւորութեան» կոչուած է։ Ռուբինեանց թագաւորութեան օրով, արդարեւ, աշխարհահռչակ քաղաք-նաւահանգիստ մը։ Անիկա, ծովային ու ցամաքային առեւտուրներու ու ամէն կարգի հաղորդակցութեանց կենդրոն մը եղած էր կիլիկեան հայ աշխարհին եւ եւրոպայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ ու Անգլիոյ, ինչպէս նաեւ Ասիական երկիրներու, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի ու Չինաաստանի միջեւ։ Տպուած են նաեւ հայկական դրամներ, Կիլիկեան մեր թագաւորութեան կողմէ։ Սակայն, Այաս իր փայլուն, պանծալի վիճակէն ինկաւ, երբ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը կործանեցաւ, յատկապէս երբ մտաւ թրքական տիրապետութեան տակ։

Վերջին ժամանակաշրջանին, Այասի բնակչութիւնը կը հաշուէր մօտ 5000 մարդ՝ թուրք, հայ, յոյն, եւրոպացի եւ այլն։ Ատանայի նահանգին այն նաւահանգիստ-քաղաքն ունէր բաւական առեւտուր, արտածում ու ներմուծում։

1915-ին հայերու թիւը, Այասի մէջ, կը հասնէր մօտ 2000-ի (տեղահանութենէն առաջ)։ Ունէին եկեղեցի մը, դպրոց մը եւ տնտեսական գոհացուցիչ վիճակ։ Այս բոլորը կորուստի մատնուեցան՝ տեղահանութեան միջոցին։ Իսկ տեղահանութենէն ժամանակ մը ետք, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն մէջ հաւաքուեցան՝ Կիլիկիայէն գաղթած հայեր, որոնք սկիզբները բաւական դժուարութեանց հանդիպեցան, իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար։

Բնակչութիւն Խմբագրել

Տարի Բնակչութիւն
1975 62 909 մարդ
1980 57 307 մարդ
1985 72 624 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
1990 85 308 մարդ
2000 108 602 մարդ [1]
2008 102 040 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2015 159 504 մարդ
2018 160 474 մարդ
2020 161 159 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2021 159 955 մարդ

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայր Մ․ Վարդ․ Պոտուրեան, Հայ Հանրագիտակ, 1938 Պուրքէշ, Հատոր Ա․, էջ 137։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել