Աշտարակ, քաղաք՝ Հայաստանի Արագածոտնի մարզին մէջ։ Արարատեան դաշտի մէջ։ Կը գտնուի Երեւանէն 20 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք, Քասաղ գետի ափերուն, 1130 մեթր բարձրութեան վրայ, պատմական հին ու շէն բնակավայր է:

Բնակավայր
Աշտարակ
Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Առաջին յիշատակում 9 դար
Տարածութիւն 7,5 քմ²
ԲԾՄ 1110±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 21 600 մարդ (2010)[1]
Կը գտնուի ափին Քասախ գետ
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ (232)
Փոստային ցուցանիշ 0201–0205
Պաշտօնական կայքէջ ashtarak.am

Աշտարակի ընդարձակման եւ բարեկարգման համար 1949-ին յատակագիծ պատրաստուած է: 1955-ին շահագործման յանձնուեցուած է Քասաղի նոր, միաթռիչք մեծ կամուրջը, եւ աստիճանաբար քաղաքը տարածուած է նաեւ գետի ձախ ափին:

1960-ին քաղաքաշինութեան նոր նախագիծ պատրաստուած է եւ գործարաններ ու ձեռնարկութիւններ բացուած են:

1970-ին դարձած է հանրապետութեան ենթակայութեան քաղաք[2]:

Բնակչութիւն Խմբագրել

Աշտարակի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը.[3]

Տարի 1831 1873 1914 1919 1931 1959 1972 1976 2001 2004 2015
Բնակիչ 826 2515 4867 6100 4782 7563 13900 16362 20636 21500 18300

Աւանդութիւն Խմբագրել

Աւանդութեան համաձայն երեք քոյրեր կը բնակէին Աշտարակի մէջ, եւ երեքն ալ նոյն անձը` իշխան Սարգիսը կը սիրէին: Երկու մեծ քոյրերը որոշած են անձնասպան ըլլալ իրենց փոքր քրոջը սիրոյն:

Անոնցմէ մէկը ծիրանագոյն հագուստ հագած, միւսն ալ` կարմիր հագուստ, եւ իրենք զիրենք ձորը նետած են: Փոքր քոյրը երբ իմացած է իր քոյրերուն անձնասպանութեան պատմութիւնը, իր կարգին սպիտակ հագուստ հագած եւ նոյն ձեւով ինքզինք ձորը նետելով անձնասպան եղած է:

Երեք քոյրերուն եղերական վախճանը ծանր ազդած է իշխան Սարգիսին վրայ, եւ ան աշխարհիկ կեանքն ու հարստութիւնը ձգելով ճգնաւոր դարձած է: Աւանդութիւնը կը շարունակէ ըսելով, որ իշխան Սարգիս ձորի ափին երեք մատուռներ կառուցած է եւ քոյրերուն հագած հագուստներուն գոյներուն անուններով կոչած է զանոնք:

Կառոյցներէն Խմբագրել

Ամէնէն հին ճարտարապետական յուշարձաններէն` Ծիրանաւոր եկեղեցին կառուցուած է Ե. դարուն, իսկ Է. դարու նշանաւոր կառոյցներէն է Կարմրաւոր եկեղեցին: Մարինէ կամ Մարիանէ եկեղեցին կառուցուած է ԺԳ. դարուն, քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմը եւ անցեալին բարձր պարիսպներով շրջապատուած մենաստան եղած է: Սպիտակաւոր եկեղեցին կառուցուած է ԺԳ.-ԺԴ. դարերուն, քարաժայռի մը բարձունքին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել