Մայրաբերդ, Ասկերան (պարսկերէն՝ Askeran-զօրանոց), քաղաք Արցախի մէջ, Ասկերան շրջանի վարչական կեդրոնը, Ստեփանակերտէն 18 քմ հիւսիս-արեւելք՝ Կարկառ գետի ձախ ափին՝ 600 մ բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 1562 հա։

Բնակավայր
Ասկերան
ազրպ.՝ Əsgəran
Երկիր Արցախ
ԲԾՄ 512 մեթր
Պաշտօնական լեզու ազրպէյճաներէն
Բնակչութիւն 2180 մարդ
Կը գտնուի ափին Կարկառ գետ[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 26

Պատմութիւն Խմբագրել

Նշանաւոր է ԺԸ. դարու կէսէն։ Ռուսական բանակի զօրանոց եղած է։ Ասկերանի մէջ պահպանուած է Բերդ ամրոցը (Մայրաբերդ. 1788-1789), ուր պատերազմի տարիներուն կը գտնուէր Ասկերանի պաշտպանական շրջանի ռազմական կեդրոնը։ Մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը Ասկերան գիւղ էր Ռուսական կայսրութեան Շուշի գաւառին մէջ։ 1978 - 1991-ին Ազրպէյճանական ԽՍՀԼեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Ասկերանի շրջանի վարչական կեդրոնն էր, իսկ 1991-ին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի կեդրոնը։

1988-ի Արցախեան շարժումը սկսած է Ասկերանէն եւ ներկայիս շրջանին վարչակազմին շէնքին դիմացի հրապարակը կը կոչուի «Փետրուարի 22»ի հրապարակ: Փետրուար 1988-ին, յատկապէս Ասկերանի դէպքերէն ետք, շրջանին նախաձեռնող խումբին ղեկավարութեամբ, Ասերկանի եւ շրջանի գիւղերուն մէջ ստեղծուած են ինքնապաշտպանական, իսկ 1990-ին՝ կամաւորական ջոկատներ (ընդհանուր հրամանատարներ՝ Մ. Յակոբճանեան եւ Վ. Բալասանեան)։ Ասկերանի ջոկատը առանձինը եւ զօրքերու ղեկավարման մարմնի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ մասնակցած է Ասկերանի, Մարտունիի, Մարտակերտի, Շուշիի, Կուբաթլուի եւ այլ շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն. զոհուած է 37 ազատամարտիկ։

Անուանումը Խմբագրել

Ասկերան անուան յառաջացման մասին երեք վարկած կայ: Ըստ առաջինին՝ Ասկերանը պարսկական բառ է եւ յառաջացած է աս(սուրբ) եւ կարան(քար) բառերէն: Ըստ երկրորդին՝ Ասկերան զօրանոց է, պաշտպանական կառոյց: Ըստ երրորդին՝ Ասկերան կը նշանակէ այստեղ յարմար ձոր է ապրելու համար, իսկ ըստ թուրքերուն՝ յառաջացած է ասկեար բառէն, որ կը նշանակէ զինուոր: Ասկերանին անդրադարձած են ոչ միայն հայ, այլեւ ռուս, գերմանացի, թուրք եւ այլ պատմիչներ[2]:

Տնտեսութիւն Խմբագրել

Կը զբաղին երկրագործութեամբ, այգեգործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Ունի գինիի-քոնեակի, ոչ ալքոհոլային խմիչքներու գործարաններ, շինարարական ծրագիրներ, միջնակարգ եւ երաժշտական դպրոցներ, մշակոյթի տուն եւ կեդրոնական շրջանային հիւանդանոց։ Ասկերանի մէջ կը գտնուի շրջանին վարչակազմին շէնքը եւ քաղաքապետարանը: Հոս կը գտնուի նաեւ հրասայլ յուշահամալիրը (Արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկ Արտավազդ Յակոբեան զոհուած է այս հրասայլին մէջ:)

Բնակչութիւն Խմբագրել

1970-ին Ասկերանի բնակչութեան թիւը կը հասնէր 700-ի, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր էին։ Ըստ 2005-ի մարդահամարին, քաղաքը ունէր 1.967 բնակիչ [3]։ Իսկ 2009-ին քաղաքը 2.180 բնակիչ։

Տեսարժան վայրեր Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել