Ասորական Ուղղափառ Եկեղեցի

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցի կամ Ասորական ուղղափառ եկեղեցին նաեւ կոչուած է Յակոբիկեան եկեղեցի, արեւելեան Անտիոքեան ուղղափառ եկեղեցի։ Պաշտօնապէս կը ներկայացնէ Ասորի միաբնակ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։ Անիկա արեւելեան հնագոյն վեց եկեղեցիներէն մէկն է։

Պատմութիւն

Յառաջացած է 560-570 թուականներուն, երբ Ասորի միաբնակ եկեղեցին ներքին երկպառակութիւններու հետեւանքով երկփեղուած էր։ Առաջին մասը Անտիոքի Պօղոս պատրիարքին անունով կոչուած է Պօղոսեան եկեղեցի, իսկ երկրորդը՝ Եդեսիոյ եպիսկոպոս Յակոբ Բարադէոսի անունով կոչուած է Յակոբիկեան եկեղեցի։ Առաջինին հետեւորդները եկեղեցւոյ միասնութիւնը վերականգնելու նպատակով կողմ էին քաղկեդոնականութեան որոշ զիջումներ ընելու, իսկ Յակոբիկեաններն ալ անզիջող դիրք բռնած էին։ Յակոբիկեան եկեղեցին ունեցած է իր ինքնուրոյն պատրիարքը, որուն նստավայրը սկզբնական շրջանին եղած է Անտիոքի մէջ։ Ասորական ուղղափառ եկեղեցին մշտական բարեկամական յարաբերութիւններ պահած է Հայ եկեղեցւոյ հետ։

«Յակոբիկեան եկեղեցի» անուանումը վճռականապէս կը մերժէ Ասորական ուղղափառ եկեղեցին։

Ծագում

Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ արմատները կ'երթան մինչեւ Առաջին դար, երբ Քրիստոսի առաքեալները առաջին անգամ կոչուեցան «Քրիստոնեայ»՝ Անտիոքի մէջ: Ենթադրութիւն մը կայ, թէ Պետրոս առաքեալ ինք եղած է հիմնադիրը Անտիոքի եկեղեցւոյ՝ մօտաւորապէս 37 թուականին: Պետրոս առաքեալին նահատակութենէն ետք, անոր յաջորդած են Սուրբ Եվոդիոսը եւ Սուրբ Իգնատիոսը: Սուրբ Իգնատիոսի գրածներուն մէջ կը գտնենք եկեղեցական կարգերու յառաջդիմութիւնը ձեռնադրուած առաքեալներուն կողմէ: Անոնց մէջ կը տեսնենք Տիրոջ կողմէ առաքեալներուն վերապահուած հոգեւոր իշխանութիւնը: Ան ստեղծած է յաջորդականութեան օրէնքներու շարք մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր Ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ:

Քրիստոսի օրերուն, Անտիոքը եղած է հռոմէական կայսրութեան ենթակայ Ասորիներու մայրաքաղաքը եւ առեւտուրի կարեւոր կեդրոն մը: Անտիոքի եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցած է առաջին երեք տիեզերական ժողովներու ընթացքին: Մինչեւ 451, որ տեղի ունեցաւ Քաղկեդոնի ժողովը, Անտիոքի եկեղեցին մէկ էր: Ժողովէն ետք, կը բաժնուի երկու մասի. Մէկը յայտնիէ որպէս Ասորի ուղղափառ եկեղեցի, իսկ միւսը՝ Անտիոքի արեւելեան ուղղափառ եկեղեցի:

Պարսկական նախկին տարածքներուն մէջ, յառաջացած է ասորի ուղղափառներու ուրիշ կեդրոն մը: Այս մէկը կը յառաջանայ, որովհետեւ Բիւզանդիոնի հետ հարցեր մէջտեղ կու գան եւ կռիւներ տեղի կ'ունենան:

Ասորի եկեղեցւոյ սկիզբ առնելը յիշուած է Գործք Առաքելոց Գիրքին մէջ: Այս եկեղեցւոյ մէջ գործած են Բառնաբաս, Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները: Բայց եւ այնպէս, Անտիոքի եկեղեցւոյ հիմնադիր կը նկատուի Պօղոս առաքեալը: Ուրեմն՝ Քրիստոնէութեան դէպի արեւելք տարածուիլը կը սկսի Անտիոքէն: Ասորի քրիստոնեաները քարոզած են Եդեսիոյ, Միջագետքի, Պարսկաստանի, Սրի Լանքայի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ: Ասորախօս քրիստոնեայ բնակիչները բաժնուած են Հռոմէական կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ: Պարսկաստանի Շապուհ Ա. թագաւորին տեղահանումներէն կարելի է  հետեւցնել, թէ Պարսկաստանի մէջ նաեւ գործած է Ասորական եկեղեցին: Հետեւաբար, այդ ժամանակներէն սկսեալ Պարսկաստանի մէջ Ասորի քրիստոնեաները ունեցած են երկու համայնք՝ Արամէախօս եւ Յունախօս:

Երբ 363-ին, պարսիկները կը գրաւեն Մծբին քաղաքը, ասորի քրիստոնեաները կը տեղափոխուին Եդեսիա՝ գլխաւորութեամբ Եփրեմ Ասորիի։ Մծբինը եւ Եդեսիան հռչակաւոր են իրենց ունեցած դպրոցներով եւ Ասորական Քրիստոնէութեան հոգեւոր զոյգ կեդրոններով։

410-ին Սելեւկիոյ ժողովը կ'ընդունի 325-ին բանաձեւուած Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակը։ Ինչպէս նաեւ, կ'ընդունի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար ճշդուած կանոնները։ Պարսկաստանի մէջ գտնուող Ասորիները,  ուզելով ձերբազատիլ  Բիւզանդական Կայսրութեան մեղադրանքներէն եւ խուսափելու համար հալածանքներէն, 424-ին գումարուած Մարկաբդայի ժողովին կը յայտարարեն Պարսկական Ասորի եկեղեցւոյ անկախութիւնը բիւզանդական եկեղեցիէն։ Այս յայտարարութենէն ետք, Պարսկաստանի ասորիները հետզհետէ կը սկսին հեռանալ Հռոմէական կայսրութեան ենթակայ ասորիներէն։ Ի միջի այլոց, Տիզբոնի կաթողիկոսը կը համարուի արեւելեան ասորի եկեղեցւոյ գլուխը։ Անտիոքի եւ այլ աւանդական կեդրոններու հետ, հաղորդակցութիւնը կամաց-կամաց կը տկարանայ։

431-ին տեղի կ'ունենայ երրորդ Տիեզերական ժողովը՝ Եփեսոսի մէջ, որուն ընթացքին դատապարտութեան կ'ենթարկուի Նեստորի վարդապետութիւնը։ Այս ժողովէն ետք, անոր հետեւորդները կ'ենթարկուին հալածանքներու՝ Բիւզանդական Կայսրութենէն։ Փախստականները, իրենց ապաստանը կը գտնեն Պարսկաստանի մէջ, եւ կը բռնեն պարսիկներու կողմը եւ ամրապնդել իրենց դիրքերը երկրին մէջ։ Սակայն, 484-ին Բէթ Լափաթի մէջ ժողով մը տեղի կ'ունենայ, որ կու գայ դատապարտելու Եփեսոսի մէջ եղած ժողովին որոշումները։

499-ին Սելեւեկիոյ մէջ տեղի կ'ունենայ ուրիշ ժողով մը, որուն իբրեւ արդիւնք, նեստորականութիւնը կ'ընդունուի Պարսկական եկեղեցւոյ պաշտօնական դաւանանքը։ Քաղկեդոնի ժողովը, նոր բաժանումներ յառաջ կը բերէ քրիստոնեաներուն, բայց յատկապէս Ասորիներուն միջեւ։ 6-րդ դարուն, Պարսկական Նեստորականութեան կողքին, մէջտեղ կու գայ Քաղկեդոնի ժողովը մերժած ասորիներու նոր նուիրապետական կարգեր։ ԻսկՊարսկաստանի, հակաքաղկեդոնական ասորիներու փոքրամասնութիւնը, որ ընդդիմացած էր նեստորականութեան, Զ. Դարու երկրորդ կէսին կը միանայ ուղղափառ ասորիներուն։

Անտիոքի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հնութիւնը

Քրիստոնէական համայնքներուն ջնջին մաս մը միայն կ'ընդունի Անտիոքի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հնութիւնը, որուն հիմքը արդէն կրնանք տեսնել քրիստոնէական հին ժամանակաշրջաններէն: Եկեղեցին արդար կերպով կը հպարտանայ, թէ ինք ամէնէն հին առաքելական եկեղեցիներէն մէկն է:

Եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, Անտիոքի եկեղեցին Երուսաղէմէն ետք, երրորդն է, որ հիմնուած է: Անոր առաքելական նշանաւորութիւնը արձանագրուած է: Անտիոքի առաջին եպիսկոպոս եղած է Պետրոս Առաքեալը:

Ե. դարու կէսերուն Անտիոքի եպիսկոպոսը եւ անոր գործընկերները, որոնք կը գտնուէին Աղեքսանդրիոյ մէջ, Բիւզանդիոնի եւ Հռոմի մէջ կը կոչուին պատրիարքներ: Անտիոքի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը անցեալին ծանօթ էր իր անունով, սակայն 1293-էն անոնք կ'ընդունին Իգնատիոս անունը:

Շուրջ 518-ին, զանազան պատճառներով, պատրիարքարանը կը ստիպուի տեղափոխուիլ Անտիոքէն, աչքերը յառելով դէպի Մերձաւոր Արեւելքի այլ վայրեր: Թափառելէ ետք զանազան շրջաններ, 1957-ին կը հաստատուի Դամասկոսի մէջ:

Հալածանքներ

Քաղկեդոնականներուն դէմ պայքար մղողներէն նշանաւոր է՝ Սեւերիոս Անտիոքացին, որ պատրիարքն էր Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ, որ միեւնոյն ժամանակ մեծ հեղինակութիւն վայելող աստուածաբան մըն էր՝ ասորախօս շրջաններուն մէջ։ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Յուստինոս Ա. հակաքաղկեդոնական հալածանքներու իբրեւ  հետեւանք, 518-ին կ'աքսորուի Աղեքսանդրիա։ Նոյն թուականին, հոն աքսորուածներուն մէջ կար նաեւ ուրիշ հռչակաւոր աստուածաբան մը՝ Յուլիանոս Հալիկառնացին։ Այս երկուքը իրարու հետ վէճ կ'ունենան Տիրոջ մարմնին անապականութեան շուրջ, որուն պատճառով նոր բաժանումներ յառաջ կու գան ասորական համայնքներէն ներս։ Եվտրոպոս, Յուլիանոս Հալիկառնասցիին աշակերտը, կը դառնայ եպիսկոպոս, կը սկսի ձեռնադրել եպիսկոպոսներ ասորիներուն համար Կոստանդնուպոլսոյ, Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի, Արաբիոյ, Պարսկաստանի եւ Հայաստանի։ Իսկ Անտիոքի քաղկեդոնիկ նոր պատրիարք՝ Եփրեմ (527-545), նախաձեռնութեամբ Սեւերիոս Անտիոքացիին հետեւորդներուն դէմ կը սկսի խիստ եւ սաստիկ հալածանքներ։ Սեւերիոս Անտիոքացին, սկիզբը չ'ուզեր Ընդհանրական Եկեղեցիէն անջատ նուիրապետութիւն մը կարգաւորել, բայց իրենց վանքերէն աքսորուած ասորի վանականներէն կը սկսին իրենց համար հովիւներ ձեռնադրել եւ 529-ին կը ստպուի ճանչնալ բաժնուած եկեղեցւոյ օրինական ըլլալը։ Հուստինիանոս Ա.-ի հալածանքներու սաստկացումին իբրեւ հետեւանք, հակաքաղկեդոնիկ ասորիները կը մնան առանց եպիսկոպոսներու եւ եկեղեցական կառոյցի։ Այդ ժամանակուան ընթացքին, կարգ մը եպիսկոպոսներ գաղտնի միջոցներով կը ճամբորդեն՝ նոր քահանաներ եւ նոր եպիսկոպոսներ ձեռնադրելու։

Զ. դարուն, Եդեսիոյ Յակոբ Բարադիոս եպիսկոպոս բազմաթիւ քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէ, որոնք պիտի հոգային Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսկաստանի հակաքաղկեդոնական համայնքներու հոգեւոր կարիքները գոհացնելուհամարեւհաստատելու՝նորեւինքնիշխանեկեղեցանուիրապետութիւն։Այնհամայնքըորոնքմերժածէինքաղկեդոնականութիւնըեւնեստորականութիւնը, ծանօթեննաեւՅակոբիկեանեկեղեցիանունով

564-ին Յակոբ Բարադիոս Անտիոքի պատրիարք կը ձեռնադրէ Պօղոս Բէթ-Ուքամայեցին, որուն քաղկեդոնական մտածելակերպին պատճառով, Յակոբիկեան եկեղեցին ներքին ճգնաժամ կ'ապրի։ Սակայն, Անտիոքի Աթանաս Ա. Գամալա պատրիարքը 615-616-ին կըհաշտեցնէ կողմերը։Ուղղափառ Ասորիներու պատրիարքական աթոռը մինչեւ 1034, կը գտնուէր Անտիոքի մէջ, որմէ ետք կը փոխադրուի Մար Բարս, ապա՝ Դերեզ-Զաֆառան, որմէ ետք՝ Հոմս, եւ ի վերջոյ, կը հաստատուի Դամասկոսի մէջ։ Միջինդարերուն, ասորական ուղղափառ գիտական միտքը մեծ վերածնունդ կ'ապրի, որովհետեւ համայնքները ունեցած են աստուածաբանական, փիլիսոփայական, պատմութեան եւ այլ գիտութիւններ ու բարգաւաճող կեդրոններ։ Ասորի ուղղափառ եկեղեցին, զարգացման իր բարձրակէտին, կը ներառնէր 20 մեթրոպոլիտական աթոռ եւ 103 թեմ, եւ ասոնք կը հասնին մինչեւ Աֆղանիսդան։ Այդ ժամանակներուն, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, գոյութիւն ունեցած են առանց եպիսկոպոսի առաջնորդուող ասորական ուղղափառ հաւատացեալներու համայնքներ։ Սակայն, 16-րդդարուն, Լէնկ-Թիմուրի վերջին արշաւանքներուն ընթացքին, ասորական եկեղեցիներու եւ վանքերուն մեծամասնութիւնը կ'աւերուին, կը փակուին կրթութեան շատ մը կեդրոններ, որոնք սկիզբը կ'ըլլան երկարատեւ անկումին։

Ասորի ուղղափառ եկեղեցին մեծ կորուստներու ենթարկուած է Համաշխարհային Առաջին պատերազմին, որոհետեւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առին հալածանքներու եւ ջարդերու շղթայ մը։ Անոնք որոնք կրցան ազատիլ, ապաստան կը գտնեն դրացի արաբական երկիրները, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ 17-րդ դարու կէսէն, Ասորի ուղղափառ եկեղեցին կը ներառէ Հնդկաստանի ինքնավար եկեղեցին, որուն մէկ մասը ներկայիս, կը կոչուին Ասորական Մալապար եկեղեցի։ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ամերիկայի եւԳանատայի թեմերը կը հաստատուին 1957-ին։1959 թուականին եկեղեցւոյ աթոռը կը գտնուէր Դամասկոս քաղաքի Սուրբ Գէորգ մայր տաճարին մէջ։ Ներկայիս անոր ղեկավարն է Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը։ Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն թիւնը կը հասնի 5.500.000-ի։ Անոնք հիմնականօրէն կը բնակին Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Իրան։Անոնքունին 18 պաշտօն, ծուխ եւ առաքելութիւնը կատարող 4 միաբաննութիւններ։ 1993-ին Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը, հնդիկ հաւատացեալներուն համայնքները կը բաժնէ Սուրիական թեմէն եւ մետրոպոլիտ Մար Նիգոլոսոս Զաքարիայի հովուական առաջնորդութեան ներքեւ կը ստեղծէ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Մալապար կամ Մալանքարա թեմը Ամերիկայի մէջ։ Այն թեմը կը ներառնէ 23 ծուխ եւ թեմին ծառայող 25 նուիրեալ եկեղեցականներ։ Աւստրալիոյ մէջ, որ կը պաշտօնավարէ պատրիարքական փոխանորդ արքեպիսկոպոսը եւ կայ 6 ուղղափառ ասորական եկեղեցիներ:

Ներկայ Վիճակ

2001-ին կային 2.4 միլիոն Յակոբիկ Քրիստոնեաներ, որոնք կ'ապրէին Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Ինչպէս նաեւ, 2 միլիոն՝ Հնդկաստանի Քերալա քաղաքին մէջ, 50 հազար Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, 50 հազար Հիւսիսային Ամերիկայի եւ 50 հազար ալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ամէնէն հին ասորի քրիստոնեաները կը վարէին խիստ ճգնաւորական կեանք եւ աւանդապահ վանական կենցաղ։ Եկեղեցւոյ կեդրոնը կը կազմէին վանական համայնքները։ Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, Յակոբիկեան Ասորի եպիսկոպոսները իրենց աթոռները ծածուկ կերպով  հաստատած էին վանքերու մէջ, որովհետեւ քաղաքներէն ներս զէնքի եւ բռնի ուժով քաղկեդոնականութիւնը կը պարտադրուէր։ Իսկ վանքերը, որոնք կը գտնուէին քաղաքին սահմաններէն հեռու, ազատ էին իշխանութեան կողմէ տեղի ունեցող հսկողութենէն։ Հազուագիւտ վանքեր կան ներկայիս տարածուած Թուրքիոյ,  Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններէն ներս։ Ասորական սփիւռքին մէջ, իր տեսակով եզակի վանքը կը գտնուի Հոլանտայի մէջ։ Ներկայիս, վանքերը կ'օգտագործուին իբրեւ աստուածաբանական ուսում ջամբող կրթական կեդրոններ։

Սուրբ Եփրեմ Ճեմարանը

1939-ին կը հիմնուի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ գլխաւոր աստուածաբանական կեդրոնը՝ Սուրբ Եփրեմ ճեմարանը, Իրաքի մայրաքաղաք՝ Մաւսուլի մէջ։ Սակայն, 1960-ական թուականներուն կը փոխադրուի Պէյրութ, Լիբանան։ Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի մէջ ծնունդ առած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, ուսանողները կ'երթան եւ կը հաստատուին Դամասկոս։

Սուրբ Եփրեմ ճեմարանը նոր ճիւղաւորումներ կը ստանայ 1995-ին Դամասկոսի մօտակայքը։ Ասորիները եղած են առաջին քարոզիչները քրիստոնէութեան մասին, նաեւ Հայաստանէն ներս։

Ասորիները Հայաստանի մէջ

Պատմութեան ծանօթ է, թէ ինչպէս հայերը 301-ին պետական կրօնք հռչակած են քրիստոնէութիւնը, որմէ ետք ասորիները ազատ կերպով սկսած են գործել Հայաստանէն ներս։ Յունարէնի կողքին, Ասորերէնը նաեւ եղած է պաշտօնական լեզու, որպէսզի թէ եկեղեցիներէն եւ թէ դպրոցներէն ներս՝ քարոզեն նոր կրօնքը։ Հայոց պատմութեան բիւրաւոր աւանդութիւններ կան ասորի մատենագիրներու գործերուն մէջ։ Ասորի գիտնականները, աջակցած են Մեսրոպ Մաշտոցին՝ ստեղծելու համար հայերէն տառերը։ Հարկ է յիշել նաեւ, առաջին անգամ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութեան համար գործածուած է ասորերէն բնագիր մը։ Աստուածաշունչին կողքին, հայերէնի թարգմանուած են նաեւ հայ մատենագիրներու երկերը։

Հայոց Եկեղեցւոյ Եւ Ասորիներուն Փոխ Յարաբերութիւնը

Հայ-ասորի ուղղափառ եկեղեցիներուն կապերը կը սկսին քրիստոնէութեան կանուխ շրջանէն եւ կը շարունակուին մինչեւ յաջորդող դարերը։ Հայ եկեղեցին աւելի սերտ գործակից կը դառնայ հակաքաղկեդոնական ասորիներուն հետ, որովհետեւ մերժած են նեստորականութիւնը։ Հայ եկեղեցին մեծ հեղինակութիւն եւ դիրք ունէր 6-8րդ դարերուն յատկապէս քաղկեդոնականները մերժող եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդներուն հետ։ Առ այդ, ուղղափառ ասորիները իրենց ապաստանը կը գտնեն հայ եկեղեցիէն ներս։ Հայոց կաթողիկոսները հայերուն կողքին ասորիներուն համար ալ եպիսկոպոներ կը ձեռնադրեն։ Դուինի մէջ տեղի ունեցած 506-ի ժողովին, կը քննարկուի նաեւ Պարսկաստանի ուղղափառ ասորիներուն հարցը, որոնք օգնութեան համար խնդրագիր նամակ մը յղած էին Բաբգէն Ա. Ոթսմեցի կաթողիկոսին։ Կաթողիկոսը ուղղափառ պարսիկներուն գրած երկու նամակներով «Թուղթ Հայոց ի Պարսս առ Ուղղափառս», կը հաստատուին երկու եկեղեցիներու դաւանական միասնութիւնը։ 554-ին, Դուինի մէջ տեղի կ'ունենայ ուրիշ ժողով մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս հայ եւ քղմեդոնիկ եկեղեցիներու բաճանման քայլերը սկիզբ կ'առնեն։ Այս ժողովին կը մասնակցի նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցին, ներկայացուցիչ ունենալով՝ Աբդիշո Եպիսկոպոսը, որ հայերուն օգնած էր նաեւ հակաքաղկեդոնիկ աստուածաբանի մը գրութիւննրը։ 726-ին, Մանազկերտի մէջ ուրիշ ժողով մը տեղի կ'ունենայ, որուն կը հրաւիրուի նաեւ հայոց Յովհաննէս Գ. Օձնեցի կաթողիկոսը։ Նախաձեռնութեամբ Անտիոքի Աթանաս պատրիարքին, Հայ եկեղցւոյ եւ Յակոբիկեան Ասորիներու միջեւ կը կնքուի դաւանական միութիւն անապականութեան խնդրին շուրջ, ինչպէս նաեւ ծիսական այլ հարցերու շուրջ կ'որդեգրեն միասնական մօտեցում։ Հայ եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերուն շարքին կան նաեւ Ասորի սուրբեր, որովհետեւ յատուկ առնչութիւն ունեցած են հայ իրականութեան հետ։ Եփրեմ Ասորին Հայ եկեղեցւոյ տասներկու վարդապետներէն մէկն է, եւ համաքրիստոնէական սուրբ հայրերէն մէկը։ Հայ-Ասորի եկեղեցական, մշակութային նիւթերուն շուրջ գլխաւոր հետազօտող եղած է Ե. Տէր-Մինասեանը։

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին եւ միւս արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին ամբողջական հաղորդակցութեան մէջ է միւս արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ: Ան անդամ է Համաշխարհային Եկեղեցւոյ Խորհուրդին: Մասնակցած է երկխօսութիւններու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, որպէսզի լուծեն քրիստոնէական վարդապետութեան կապուած շատ մը վէճեր: ԻԱ.  դարու առաջին տասնամեակի ընթացքին անիկա ունէր աւելի քան 1.4 միլիոն հաւատացեալ ժողովուրդ:

Աղէտներ

Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է եւ նկարագրուած է դժբախտութիւններով, որովհետեւ Զ.եւ Է. դարերուն, Բիւզանդական ճնշումներուն կը յաջորդեն ԺԱ. եւ ԺԲ. դարերու խաչակիրներու արշաւանքները, որմէ ետք 1336-1405-ի միջեւ Մոնկոլներունը: Օսմանական սուլթանութեան օրերուն, խիստ սահմանափակումներու կ'ենթարկուին: Աւելի մեծ աղէտ մըն ալ տեղի կ'ունենայ 1915-ի ասորիներուն ջարդը, որ սպաննեց 90,314 մարդ 346 գիւղերէ, որ կը ներկայացնէ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէկ երրորդը: Անոր կը յաջորդէ 1925-26-ի քրտական ապստամբութիւնը: Այս բոլոր ահաւոր տառապանքները պատճառ կը դառնան, որ արտագաղթը աճ արձանագրէ:

Իւրայատկութիւններ

Ասորի ուղղափառ եկեղեցին եզակի է բազմաթիւ պատճառներով: Նախ, ան կը ներկայացնէ քրիստոնէութեան այն դէմքը, որ ունի սեմական բնոյթ. մշակոյթ մը, որ շատ հեռու չէ Քրիստոսի ապրած օրերուն մշակոյթէն: Երկրորդ, պատարագի ընթացքին կը գործածուի Ասորերէնը, որ արամերէնի բարբառ մըն է եւ կը նմանի այն արամերէնին, որմով քարոզած են Քրիստոս եւ Իր առաքեալները: Երրորդ, ան աշխարհի վրայ մատուցուած պատարագներուն ամենահիներէն է: Չորրորդ, իր հաւատացեալներու բազմազգութիւնը ցոյց կու տայ Քրիստոսի մարմնին միասնութիւնը. Եւ այս կը նկատուի ամենակարեւոր պատճառը իր եզակի ըլլալուն:

Քրիստոնէական ասորական համայնքը արագօրէն տարածուեցաւ արեւելքի մէջ: Աստուածաշունչն ալ թարգմանուեցաւ ասորերէնի, որպէսզի ծառայէ հիմնական աղբիւր կրօնքի տարածման համար: Ասորական Աստուածաշունչը, մինչեւ այս օրերը ժամանակակից գիտնականներու կողմէ կը պահպանուի զգուշութեամբ:

Մինչեւ 5-րդ դարու կէսերը՝ 451, եկեղեցին միասին էր: Երբ գումարուեցաւ Քաղկեդունի ժողովե եւ ընդունուեցաւ Բիւզանդիոնի յունական եւ Հռոմի լատինական եկեղեցիներուն կողմէ, պառակտումներու ճամբայ բացաւ: Բայց եւ այնպէս թէ՛ հայերը, թէ՛ ասորիները եւ թէ, ղպտիները մերժեցին Քաղկեդոնի ժողովը: Այս պառակտումը ժխտական կերպով ազդեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ:

Կայսրը, աջակից էր քաղկեդոնական խումբին: Ուստի, խիստ սաստիկ հալածանքներու ենթարկուեցաւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցին: Մեծ թիւով ասորի եպիսկոպոսներ աքսորուեցան, գլխաւորաբար՝ Մոր Մեւերիոս պատրիարքին, որ աքսորուած ըլլալէն ետք, 538-ին կը վախճանի: Սոյն թուականէն ետք, Ասորի ուղղափառ եկեղեցին անմխիթար եւ անյոյս էր, որովհետեւ նախ կորսնցուցած էին հօտին քաջ հովիւը. Եւ այժմ մնացած էր միայն երեք եպիսկոպոսներ: Եկեղեցին վերակենդանացնողը եղաւ Մոր Յակուբը երբ 544-ին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս, շնորհիւ Կ. Պոլսոյ կայսրուհիին՝ Թեոդորայի ունեցած հեղինակութեամբ: Ան կը նկատուի եկեղեցին վերակենդանացնող, որովհետեւ յաջողած է օծել եւ ձեռնադրել 27 նոր եպիսկոպոսներ, հարիւրաւոր քահանաներ եւ սարկաւագներ: Ասորի եկեղեցին, մինչեւ օրս, յուլիս 30-ին կը յիշատակէ այս սուրբին տօնը, որ վախճանեցաւ նշեալ օրուան 578 թուականին: Դարեր անց, եկեղեցւոյ հակառակորդները զայն կոշեցին Սուրբ Յակոբին անունով «Յակոբիտ»: Ասորական ուղղափառ եկեղեցին, բնականաբար, կը մերժէ այս նուաստացնող «ածականը», որ շատերուն մօտ սխալ տպաւորութիւն կը ձգէ՝ թէ եկեղեցին հիմնուած է Մոր Յակուբի կողմէն:

Համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ ալ պէտք չէ անտեսել Ասորական եկեղեցւոյ դերը: Չորրորդ դարուն արդէն, Միջագետքի եւ Անտիոքի մէջ գոյին ունէին վանքեր եւ դպրոցներ: Վանականները եւ գիտնականները իրենց օրը կ'անցնէին յունարէն գիտութիւնը ուսումնասիրելով, մեկնաբանելով եւ հարկ եղած տեղը աւելցնելով: Հետեւաբար, յստակ է եւ զարմանալի չէ թէ ինչու երբ արաբները Է. դարուն նուաճեցին Մերձաւոր Արեւելքը, ուզեցին ձեռք բերել յունական բոլոր գիտելիքները, դիմեցին ասորի գիտնականներուն եւ եկեղեցականներուն: Արաբ խալիֆաները պարտականութիւն տուին, որպէսզի թարգմանեն արաբերէնի:

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին յառաջիկայ դարերուն գոյատեւած է բազմաթիւ կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ: Արաբներու, Մոնկոլներու, խաչակիրներու արշաւանքներուն, մամլուքներուն եւ ոսմանցիներուն օրով ասորի ուղղափառ եկեղեցին շարունակեց գոյատեւել: Որեւէ տեսակի ճնշում չէ յաջողած հաւատափոխ ընել եկեղեցւոյ հետեւորդները:

Ի. դարու ամէնէն դաժան հալածանքը կ'ըլլայ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, երբ օսմանեան թուրքերը եւ քիւրտերը միասնաբար կը ջարդեն փոքրամասնութիւններ: Կ'ենթադրուի, որ զոհուած էքառորդ միլիոն ասորիներ: Այս պատճառով արտագաղթ տեղի կ'ունենայ դէպի զանազան երկիրներ՝ Սուրիա, Լիբանան, Իրաք եւ Պաղեստին: Իսկ ոմանք ալ կը գաղթեն դէպի Եւրոպա եւ ԱՄՆ:

Ներգաղթի իբրեւ հետեւանք Ասորական ուղղափառ եկեղեցին հաւատացեալներ ունի աշխարհի չորս ծագերուն:

Ասորի ուղղափառ եկեղեցին հաւատարիմ է Նիկիոյ ժողովին բանաձեւուած հաւատոյ հանգանակին: Ան կը հաւատայ Երրորդութեան գաղափարին, որ մէկ Աստուած է եւ գոյութիւն ունի երեք առանձին դէմքի մէջ, որ կը կոչուի՝ Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգի: Այս երեքը կը կազմեն մէկ էութիւն, մէկ Աստուածութիւն, մէկ կամք եւ մէկ տէրութիւն:

Ասորական եկեղեցին կը հաւատայ, որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, մարմնացաւ եւ մարդկային բնութիւն առաւ Մարիամ Ս. Կոյսէն եւ կուսութեամբ ծնաւ իրմէ: 33 տարեկանին Ան ենթարկուեցաւ դաժանագին չարչարանքներու եւ դաժանագոյն մահուան՝ Խաչին վրայ:

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը կոչէ Աստուծոյ կրող, որովհետեւ ան կրեց Քրիստոս իր որովայնին մէջ:

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին նաեւ կը հաւատայ կամ կարծէ թէ Քրիստոսի մահը խաչին վրայ՝ Իր հոգիին բաժանումն էր եւ ոչ թէ աստուածութիւնն էր, որ բաժնուեցաւ: Իր մահով էր, որ մենք հաշտութեան միջնորդ ունեցանք մեր երկնաւոր Հօր հետ:

          

Դ. դարու սկիզբը ձեւաւորուած է Պարսական եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը՝ Տիզբոնի կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ:

Ասորական ուղղափառ եկեղեցին այժմ ունի 33 թեմեր ու պատրիարքական փոխանորդութիւնները։

Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ տաճարները կը կառուցուին դէմքով դէպի արեւելք։ Եկեղեցւոյ կառուցուածքը նման է Երուսաղէմեան տաճարին նկարագրութեան։ Տաճարին ճիշդ կեդրոնը կը գտնուի Սրբութիւն Սրբոցը իսկ հիւսիւսային կողմը աւանդատունը իսկ հարաւային կողմը մկրտարանը։

Եկեղեցին չօծուած ըլլալու պարագային, պատարագի ժամանակ Սուրբ սեղանին վրայ կը դնեն երկու տախտակ, որ կը նշանակէ Մովսէս Մարգարէին պատուիրաններու տախտակները. ինչպէս որ հայ եկեղեցին ունի վէմքարը։ Սուրբ սեղանին վրայ կը դրուին Աւետարան, փոքր ձեռքի խաչ, քահանայի պատարագամատոյց եւ ծիսական երգերու գիրք մը։ Ի տարբերութիւն, եկեղեցւոյ սեղանին ետեւը ազատ տարածութիւն չունի որ հայ եկեղեցին կ'օգտագործէ վերաբերուման ընթացքին։

Սրբութիւն սրբոցին ճիշդ կեդրոնը առաստաղին կախուած է կանթեղ մը, որ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, մինչ հայ եկեղեցին կանթեղները կը կախէ Սուրբ սեղաններու կամ պատկերներուն առջեւ։

Ասորական եկեղեցւոյ խորանները տաճարէն կը բաժնուին 3 աստիճաններով, որ կը խորհրդանշէ երկրային դրախտի եւ երկինքի կապը։ Իսկ հայ եկեղեցւոյ մէջ աստիճաններուն թիւը մօտաւորեպէս 3-7 հատ են, որոնք կը գտնուին խորանին աջ ու ձախ կողմերը։ որոնցմէ աջակողմեանը պատարագի ընթացքին կ'օգտագործուի բարձրանալուեւ իջնելու համար։

Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանայութիւնը երեք աստիճան ունի.

  • Եպիսկոպոս.-Անոր մէջ կան պատրիարքի, կաթողիկոսի եւ արքեպիսկոպոսի աստիճանները:
  • Փոխանորդ.-Անոր մէջ կան խոր-եպիսկոպոսներուն եւ քահանայի աստիճանները:
  • Սարկաւագ.-Ասոր մէջ կան վարդապետի, աւետարանական-սարկաւագի, ենթասարկաւագի, դասախօսի աստիճանները:

Աղբիւրներ Խմբագրել

Donabed Sargon G. (2015)։ Reforging a Forgotten History: Iraq and the syrians in the Twentieth Century։ Edinburgh: Edinburgh University Press։ ISBN 9780748686056 

Trimingham John Spencer (1979)։ Christianity Among the Arabs in pre-Islamic Times։ London: Longman։ ISBN 9780582780811