Ասպարէզը մարդու մը անձնական ուսման, աշխատանքի եւ կեանքի տարբեր երեւոյթներու ճանապարհն է: «Ասպարէզ» բառը կը գործածուի տարբեր իմաստներով եւ այս իսկ պատճառով ունի տարբեր սահմանումներ:

Սահմանում եւ ածանցաբանութիւն Խմբագրել

Ասպարէզը Օքսֆըրտ Անգլերէն բառարանին մէջ բացատրուած է որպէս «մարդու մը յառաջդիմութիւնը կեանքի ընթացքին»: Այս բացատրութեան մէջ կը հասկնանք, թէ ասպարէզը կը վերաբերի մարդու մը կեանքի տարբեր ընթացքներուն եւ անոնց կատարած փոփոխութիւններուն, օրինակ՝ դպրոցը եւ ետքը գործն ու աշխատանքը: Ասպարէզ ըսելով նաեւ կը հասկնանք այդ գործը կամ պաշտօնը, որ անձ մը կը ստանձնէ ու անոնք կը պարտադրեն ճշգրիտ ուսում եւ յատուկ դասընթացքներ[1] եւ այս մէկը կը համարուի մարդու մը կեանքի աշխատանքը[2]: Այսպիսով, ասպարէզը շարք մը աշխատանքներ են, օրինակ՝ «ասպարէզ դասաւանդութեան մէջ:» կամ «ասպարէզ առեւտուրի մէջ»:

Պատմական փոփոխութիւններ ասպարէզներու մէջ Խմբագրել

20-րդ դարու վերջաւորութեան, պաշտօններու ու զբաղումներու մէջ մեծ տագնապ մը սկսաւ, որովհետեւ յառաջդիմած ուսումը միայն ուսանած մարդոց առիթը կուտար լաւ գործերու եւ պաշտօններու: Այս պատճառով ալ, ասպարէզի մասնագէտներ ունեցանք, որպէսզի ուսանող սերունդին օգնեն իրենց ասպարէզի ընտրութեան մէջ:

Ասպարէզի ղեկավարութիւն Խմբագրել

Ասպարէզի ղեկավարութեան կարողութիւնը բացատրուած է խաժատիպ օրինակով (Միացեալ նահանգներու, Գանատայի, Աւսրտալիոյ, Սքոթլանտայի եւ Անգլիոյ մէջ[3])[4]: Այդ կը պարունակէ ունենալ տարբեր կարողութիւններ, օրինակ ասպարէզ մը համացանցի աշխատանքին մէջ[5]:

Ասպարէզի ղեկավարութիւն ունենալու համար, պէտք է անձը որոնէ աշխատանքի զետեղման սպասարկութեան մասին, աւարտէ իր ասպարէզի կարեւոր ուսումը եւ վերջապէս կատարէ փոփոխութիւններ:

Ասպարէզի որոշում Խմբագրել

Երբ անձը ասպարէզ մը կ'որոշէ, պէտք է նկատի առնէ իր բնական տաղանդը, աշխատած կերպը, ընկերական մթնոլորտը, կեանքի եւ գործի հաւասարակշռութիւնը, հանգստութիւնը, ճնշումը եւ վերջապէս նիւթական յաջողութիւնը: Իսկ եթէ ասպարէզ որոշելը շատ դժուար կը թուի, աւելի դիւրին է ընտրել ճամբան մը, որ ամէնաճիշդը կը թուի:

Մարդիկ կը դիմեն ասպարէզի մասնագէտներու ու խորհրդատուներու, խնդրելով անոնց օգնութիւնը իրենց որոշումներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ կ'ըսուի թէ եթէ անձ մը, դպրոցին կողքին, մէկ տարի եւս դասընթացքի հետեւի եւ բարելաւէ իր ուսումը կ'ունենայ 17.8% աւելի լաւ ամսական: 2010 թուականին, Միացեալ նահանգներու մէջ յայտարարուեցաւ թէ 90%-ը ամերիկացի աշխատողներուն ունին միայն երկրորդական ուսումի վկայական, 64%-ը համալսարան յաճախած են, իսկ 34%-ը ունին համալսարանի վկայական[6]:

Ամէնամեծ դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ մարդիկ կարող չեն իրենց ուսումի նիւթական կարիքները ապահովել եւ այս պատճառով ապագային կը մնան անգործ[7]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. career. dictionary.reference.com. 2012. Retrieved 20120-02-10.
  2. career. The Free Dictionary. 2013. Retrieved 2012-02-10.
  3. Careers Blueprint. Excellence Gateway. Retrieved on 2014-01-11.
  4. Hooley, T., Watts, A. G., Sultana, R. G., & Neary, S. (2013)։ «The 'blueprint' framework for career management skills: a critical exploration»։ British Journal of Guidance & Counselling 41 (2): 117։ doi:10.1080/03069885.2012.713908 
  5. Hooley, T. (2012)։ «How the internet changed career: framing the relationship between career development and online technologies»։ Journal of the National Institute for Career Education and Counselling (NICEC) 29: 3։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-09 
  6. DeVol, R., Shen, I., Bedroussian, A., Zhang, N. (2013). A Matter of Degrees: The Effect of Educational Attainment on Regional Economic Prosperity. Milken Institute
  7. Brennan, Susan. (2013-02-13) How Colleges Should Prepare Students For The Current Economy – Yahoo Finance. Finance.yahoo.com. Retrieved on 2014-01-11.