Ասպետներու ամրոց (Հոմս)

Ալ-Հուսն Բերդ, քրիստոնէական բերդ ։ Կը գտնուի Սուրիոյ լեռնաշղթաներու ափին, Հոմս նահանգի տարածքին (Հոմս գաղաքէն հեռու՝ 60 ք․մ․)։ Բերդի պատմական կարեւորութեան համար UNESCO-ն բերդը համարեց, աշխարհի ամենակարեւոր պատմական բերդերէն մին, իսկ 2006 թուականին բերդը իր տեղը կը գտնէ աշխարհի ժառանգութիւն համարուող վայրերու ցուցակին մէջ։

Այս բերդը կը համարուի միջնադարու ամենակարեւոր բերդերէն մէկը։ Առաջին անգամ քիւրտերը բնակեցան բերդի տարածքին մէջ, ուստի բերդը կոչուեցաւ (Հուսն Ալ-Աքրատ), զոր կը նշանակէ՝ քիւրտերու ամրոց։

1142-ին բերդը տրուեցաւ Ռիմոնտ 2-րդին, որ բերդը վերածեց ասպետներու հիւանդանոցի, որ ինկաւ 1271-ին։ Յայտնի էր Ֆրանսերէնով «Crac des Chevaliers» անունով։

Տեղադրութիւն Խմբագրել

Ալ-Հուսն բերդը կը գտնուի «Ուատի Ալ-Նասարա» շրջանին մէջ (Հոմսի նահանգ), Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Հոմսի եւ Թարթուսի միջեւ։ Բերդը կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի ամենահին եւ գեղեցիկ բերդերէն։ Կը գտնուի բլուրի մը վրայ, որուն բարձրութիւնը 650 մ. է:

Բերդին հին պատմութիւնը Խմբագրել

 

Կը կարծուի, որ բերդը հիմնուած է աւելի հին բերդի մը վրայ, որուն անունը (շպդոն) եղած էր, հիմնուած՝ փարաւոններուն կողմէ, երբ եգիպտացիները գրաւած են Սուրիան, Ռամսիս Բ.-ի ղեկավարութեամբ ԺԵ. դարուն Ք.ա. ։ Բերդը կը համարուի ամբողջական օրինակ մը, պաշտպանուած զինուորական բերդերու։

Բերդը ենթարկուեցաւ երկրաշարժի 1157 եւ 1169 թուականներուն։ Ոչ մէկ սիւն մնաց կեցած։ Սակայն քրիստոնեաները դարձեալ կառուցեցին սիւներ, փլած բաժինները վերանորոգեցին եւ պաշտպանութիւնը զօրացուցին։ Արաբները շատ փորձեցին գրաւուած բերդը ետ առնել։ Նուր Ալ–Տին Ալ-Զնքին քանի մը անգամ յարձակեցաւ բերդին վրայ 1163-1167-ին, շատ մեծ պատերազմներ տեղի ունեցան՝ բերդը ետ առնելու, բայց բոլորն ալ անյաջող մնացին։

1201-ին երրորդ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, որ շատ մեծ վնասներ պատճառեց։ Բերդին երրորդ փուլը սկսաւ, դարձեալ կառուցելով քանդուած մասերը։

1267 Սուլթան Զահեր Պիպրսը յարձակուեցաւ բերդին վրայ, վերադարձուց գրաւուած աշտարակները եւ քրիստոնեայ զինուորները 1271-ին յանձնուեցան, այն պայմանով, որ արտօնուի իրենց Թրիբոլի երթը։

Բերդը վերադարձուելէն ետք Սուլթանը հրամայեց, բոլոր փլատակներուն վերակառուցումը, քանզի Սուլթանը որոշած էր բնակիլ բերդին մէջ։ Բերդը դարձեալ կը կառուցուի՝ փոփոխութիւններով։

Բերդի գրաւման եւ քանդումի թուականները Խմբագրել

  • 1163 - Նուր Ալ–Տին Զնքիի զօրքը կը կռուի եւրոպացիներուն հետ՝ Պեքաաի ձորին մէջ, որոնք չեն յաջողիր բերդը վերադարձնել։
  • 1166 - Անյաջող փորձ մը եւս բերդը վերադարձնելու։
  • 1170 - Երկրաշարժ, որ կը քանդէ բերդին մէկ մասը, իսկ եւրոպացիները կը դանդաղին շինելու քանդուած եկեղեցին։
  • 1188 - Սալահ Ատ-Տին Ալ-Այուպին բերդը կը պաշարէ։
  • 1202 - Երրորդ երկրաշաժը շատ ուժեղ էր, որ կը ստիպէ բերդին հիմքն ու սիւները վերանորոգելու։
  • 1206 - Սալահ Ատ-Տինի հարազատներէն մէկը կը յարձակի բերդին վրայ, բայց չի յաջողիր։
  • 1270 - Պիպրսը կը պաշարէ բերդը, բայց շուտով կը վերադառնայ Եգիպտոս։
  • 1271 - Պիպրսը կը վերադառնայ Եգիպտոսէն եւ դարձեալ կը պաշարէ բերդը, քարաձիգներով կը յարձակի եւ վերջապէս կը յաջողի բերդը գրաւել։
  • 2012 - Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը կը գրաւեն բերդը եւ վնասներ կը հասցնեն բերդին։
  • 2014 - Սուրիոյ բանակը կը վերադարձնէ բերդը 20 Մարտին։

Նկարագրութիւն Խմբագրել

 

Աշխարհի տարածքին Ալ–Հուսն բերդը կը համարուի ամենակարեւոր եւ ամենահին բերդերէն։

Կառուցուածքը Խմբագրել

  • Քարերը լորենի են։
  • Ընդհանուր տարածքը 30000 մ․, իսկ բերդին բարձրութիւնը ծովէն 750 մ․ է։

Բերդին եկեղեցին Խմբագրել

Հիմակուան եկեղեցին կառուցուած է հին եկեղեցւոյ փոխարէն, որ քանդուեցաւ 1170-ին։

Բերդին մէջ տեղի ունեցած փառատօնները Խմբագրել

Բերդին մէջ երգի եւ պարի փառատօններ կը կատարուէին ամէն տարի։ Բերդը յաճախ ծառայած է որպէս ֆիլմեր արձանագրելու վայր։

 
99999