Աստուրիոյ թագաւորութիւն

Աստուրիոյ թագաւորութիւն (լատ.՝ Regnum Asturorum՝ ռեկնում ասթուրորում) միջնադարեան պետութիւն Պիրենեան թերակղզիի տարածքին մէջ 718-925 թուականներուն։ Հիմնադրուած է Ուեսթքոթ Պելագիուս Աստուրիասը (իսպ.՝ Pelayo)[1] 718 թուականին։ Երկիրը կառաւարած է Աստուրական թագաւորական տոհմը։ Տարածքը կազմած է առաւելագոյնը 60 000 քառ. քմ՝ Ալֆոնսօ III Մեծ արքայի օրով (866-910

Առաջին շրջանին ընթացքին մայրաքաղաքն էր Կանգաս տէ Օնիսը, ապա՝ Սան Մարթին տէլ Ռէյ Աուրելիոն եւ Պրաւիան։ 791 թուականէն սկսեալ, Ալֆոնսօ II-ը մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ իր ծննդավայր Օվիետօ, որ աւելի քան մէկուկէս դար կը մնայ Աստուրիոյ մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական կեդրոնը։ Հզորութեան շրջանին, երբ կ’իյնար ապրած Կորդովայի Ամիրայութիւնը, իր մէջ ներառեալ կը մնայ հարեւան եւ հեռաւոր գաւառներ՝ հասնելով մինչեւ Փորթուկալ։ Ոսկեդարի շրջանին այն իր մէջ կը ներառէր Աստուրիոյ լեռները, Լէոնի հովիտը եւ ազդեցութիւն ունեցած է Նաւարրայի թագաւորութեան վրայ[2]:

10-րդ դարու ընթացքին Աստուրիոյ թագաւորութիւնը վերափոխուեցաւ Լէոնի թագաւորութեան 924 թուականին, երբ Ֆրուելա II-ը դարձաւ Լէոնի թագաւոր[3]:

Աստուրիոյ թագաւորութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիրն էր, որ հիմնադրուած էր Օմայեան խալիֆայութեան կողմէն Վեստգոթական թագաւորութեան նուաճումէն յետոյ[4]: Այդ տարին Պելագիուստ պարտութեան մատնեց Օմայեան ոստիկանին Կովեդոնգայի ճակատամարտին, որմէ փաստօրէն սկիզբ առաւ Ռեկոնկիստան:

Նախապատմութիւն Խմբագրել

Աստուրիոյ թագավորութինը տեղակայուած է Կանտաբրեան լեռներու արեւմտեան եւ կեդրոնական մասերուն մէջ, զբաղած է Գալիցիոյ մէկ մասը, մասնաւորապէս Պիկոս դէ Եւրոպան եւ Աստուրիոյ կեդրոնական մասը։ Հիմնական քաղաքական եւ ռազմական գործողութիւնները թագաւորութեան ստեղծման առաջին տասնամեակներում տեղի ունեցած են այս տարածաշրջանին ընթացքին։ Համաձայն Ստրաբոնի, Դիոն Կասսիոսի եւ այլ հունա-հռոմեական աշխարհագրագետներու՝ մի քանի ժողովուրդ կ’ապրի Աստուրիոյ տարածքին քրիստոնեական ժամանակաշրջանի սկզբին, անոնք ամէնանշանաւորներն էին.

 
ḷḷagu del Vaḷḷe-ի նկար (Սոմիեդոյ), ցոյց կ’ուտայ տիպիկ աստուրական տնակներ

Դասական աշխարհագրագէտները վիճելի տեսակէտներ ունին վերը թուարկուած ժողւուրներդի էթնիկ բնակեցման շուրջ։ Կլաւդիոս Պտղոմէոս կ’ըսէ, որ աստուրները կը բնակին ներկայիս Աստուրիոյ կեդրոնական մասին մէջ, Նաւիայ եւ Սելլայ գէտէրու միջեւ՝ սահմանակէն ունենալով Կանտաբրներին։ Սակայն այլ աշխարհագրագէտներ աստուրներու եւ Կանտաբրիներու միջեւ սահմանը կը տեղափոխէին աւելի հեռու արեւելք. Յուլիուս Հոնորիուսը իր Կոսմոգրաֆիայ աշխատութեան մէջ կը նշէ, որ գարնան Էբրոյ գէտը կ’անցնէր աստուրներու երկրով։ Ամէն դէպքով էթնիկ սահմանները այդ ժամանակ այդքան կարեւոր չէին, քանի որ նախահռոմեական ժողւուրդներու տարանջատումները հիւսիսային Իբերիայի մէջ փոխարինեցին հռոմեական մշակոյթով եւ տարրերով։

Այս իրաւիճակը սկսեցաւ փոխուիլ Հռոմեական կայսրութեան մայրամուտին եւ վաղ միջնադարուն, երբ սկսաւ ձեւաւորուել աստուրացիներու ինքնուրոնութիւնը, որուն օգնեցին Վեստգոթական եւ Սուեւական թագաւորութիւնները։ Այս զարգացումները մէջտեղ բերին Աստուրիոյ թագաւորութեան հիմնադրմանը Պելագիուսի կողմէն, որ յաղթանակ տարաւ Օմայյան խալիֆայութեան դէմ Կովադոնգայի մէջ 8-րդ դարու սկզբը[5]:

Օմայյաններու նուաճումներ եւ Աստուրիոյ ապստամբութիւն Խմբագրել

Արաբական առաջին արշաւանքներէն յետոյ աստուրիացիները չկարողացան ամրապնդել պաշտպանողական դիրքերը, եւ 714 թուականին Աստուրիան նուաճեց Նազիր իբն Մուսան` չհանդիպելով լուրջ դիմադրութեան[6]: Այդ մէկէն յետոյ Պելագիուսը կը հեռանայ Աստուրիոյ լեռները, որտեղ գոթական աւանդոյթի համաձայն` կ’ընտրուի Աստուրիոյ առաջնորդ։ Անոր թագաւորութիւնը շատ փոքր էր եւ կարող էր միայն պարտիզանական պայքարը մղել զաւթիչներու դէմ[7][8]: Պիրենեան թերակղզու իսլամական նուաճումներու զարգացմամբ հիմնական քաղաքները եւ բնակավայրերը ընկան մուսուլմանական զօրքերու ձեռքը։ Գուադալկիւիր եւ Էբրոյ գէտերու հովիտներուն վրայ վերահսկողութեան պահպանումը մուսուլմաններու համար դժուարութիւններ առաջացրեցին։ Մուսուլմանները յաճախ գէրիներ կը վերցնէին, որպէսզի բացառէին գրաուած տարածքներու բնակչութեան յետագայ ընդվզումները։

 
Աստուրիոյ թագաւորութիւնը 750 թուականին

Տարիկի առաջին արշաւանքէն յետոյ, որ տեղի ունեցաւ 711 թուականին, Եմէնական ծագում ունեցող զօրաւար Մուսայ իբն Նովայրը անցաւ Ջիբրալթարը միւս տարին եւ սկսաւ լայնածաւալ գործողութիւնը, որուն արդիւնքը նուաճեց Մերիդանը, Տոլեդոնը, Սարագօսանը եւ Լերիդանը: Իր ռազմական գործողութիւններու վերջին փուլին ան հասաւ թերակղզի հիւսիս արեւմուտք եւ տիրապետութիւն հաստատեց Լուգոյ եւ Խիխոնի մէջ։ Վերջին քաղաքը ան նշանակեց փոքր բերբերական ռազմախումբ մը Մունուզայի գլխաւորութեամբ, ուրուն նպատակն էր պահպանել վերահսկողութիւնը Աստուրիոյ մէջ։ Ըստ աւանդոյթի՝ անոր քոյրը ամուսնացաւ տեղի բերբեր առաջնորդին հետ դաշնութիւն ստեղծելու նկատառումով։ Աւելի ուշ Մունուզան փորձեց դառնալ մէկ այլ լեռնային հատուածի առաջնորդ, որուն արդիւնքնէր ապստամբել իր Կորդովայի արաբական ղեկավարութիւնը։ Բերբերները կրօնափոխուեցան իսլամի գրեթէ մէկ դար ատկէ առաջ եւ կը համարուին երկրորդ կարգի արաբներ կամ սուրիացիներ:

Համաձայն Կովադոնգայի ճակատամարտի վերաբերեալ ամէնատարածուած հիպոթեզներու (հիմնականին քրիստոնեական աստուրիական աղբիւրներու համաձայն, որոնք կը յղեն մուսուլմանական գրագրութիւններուն) բերբերական շարասեան վրայ յարձակած են ժայռերէն եւ, այնուհետեւ կռիւը տեղափոխուած է դէպի Խիխոն տանող հովիտներուն եւ նահանջելու ժամանակ ամբողջովին ոչնչացած է։ Սակայն աղբիւրները շատ քիչ անդրադարձած են այս իրադարձութիւններուն, որոշ այդ ժամանակուայ աղբիւրները չեն անդրադարձած։

Համաձայն Աստուրիոյ թագաւոր Ալֆոնսօ III-ի պատմագիր Ռոտենսիան Քրոնոկլի, որ Պելագիուսին կը համարէր Տոլեդոյի արքաներու ժառանգը, Պելագիուսը կազմակերպած է ապստամբութիւն արաբներու դէմ Խիխոնի մէջ։ Այնուամէնայնիւ Պելագիուսի վերաբերեալ կան բազմաթիւ վարկածներ եւ անոնք բոլորը վիճելի են։ Մէկ այլ վարկածով Աստուրիոյ առաջնորդը, որ ըստ պատմաբաններու Բրեսէն էր (ներկայիս Պիլոնայի շրջանը) եւ Մունուզայի դէմ ուղարկուեցան Ալ-Քամայի գլխաւորութեամբ զօրքեր։ Իմանալով այդ մասին Պելագիուսը եւ իր կողմնակիցները կ’անցնին Պիլոնայ գէտը, հեշտութեամբ կը յաղթահարեն Աուսեւայ լեռան հովիտը եւ կը դիրքաւորուին Կովադոնգայի քարանձաւներէն մէկուն մէջ։ Մուսուլմանական զօրքերը փորձեցին շրջապատել Պելագիուսին, սակայն յաջողուեցաւ ճեղքել թշնամու օղակը եւ յաղթանակ տանել, որմէ յետոյ արաբական զօրքերու մնացած մասը նահանջեց դէպի Լէոն՝ թողնելով տարածաշրջանը անպաշտպան։

Այս յաղթանակը իրականին փոքր էր, քանի որ թշնամու զօրքը փոքրաթիւ էր, սակայն այն մեծ հեղինակութիւն բերաւ Պելագիուսին, որ ընտրեցին թագաւոր եւ ռազմական առաջնորդ։

 
Պելագիուսի յիշատակի յուշակոթող Կովադոնգաի մէջ

Պելագիուսի ղեկավարութեամբ բերեբերներու վրայ յարձակումները մեծցան։ Մունուզան որոշեց հրաժարուիլ Խիխոնէն եւ տեղափոխուիլ Պլատէու (Մեսետայ)։ Սակայն ան յետագային սպանուեցաւ աստուրիացիներու կողմիէն։ Պելագիուսը շարունակեց յաղթարշաւը եւ յարձակեցաւ Լէոնի վրայ, որպէսզի պաշտպանէ լեռնային հատուածները բերբերներու յարձակումներէն։ Պելագիուսը շարունակեց յարձակիլ բերբերներու վրայ, որոնք մնացած էին աստուրիա-գալիցիական լեռներուն վրայ եւ դուրս քշեց անոնց։ Այնուհետեւ ան ամուսնացուց իր դստերը՝ Էրմեսինդային Ալֆոնսոյի հետ, որ Պետրոս Կանտաբրիացիին որդին էր, որ իր հերթին կիսանկախ Վեստգոթական դքսութեան, Կանտաբրիայի նշանաւոր անձանցից էր։ Իր որդուն՝ Ֆաւիլային ամուսնացուց Ֆրոլիուբայի հետ։

Պելագիուսի կողմէն Կովադոնգայի ճակատամարտին մէջ տարած յաղթանակէն յետոյ փոքր տարածքային միաւոր Աստուրական լեռներուն վրայ հաստատեց իր անկախութիւնը, որմէ սկիզբ առաւ Աստուրիոյ թագաւորութիւնը։ Պելագիուսի իշխանութիւնը կարողութիւնը չ’ունէր համեմատել Վեստգոթական թագաւորներու իշխանութեան հետ։ Աստուրական թագաւորները իրենց կը կոչէին «Ռեքս» (թագաւոր), սակայն այս անուանումը գործածուեցաւ մինչեւ Ալֆոնսօ II-ի իշխանութեան օրով։

Աստուրիոյ թագաւորութիւնը սկիզբի մի քանի տասնամեակուն ընթացքինշ դեռեւս թոյլ էր, այդ պատճառով անոնք ստիպուած էին դաշնութիւն կնքել Պիրենեեան թերակղզու հզօր ընտանիքներու հետ։ Այսպէս Պելագիուսի աղջիկը ամուսնացաւ Կոնտաբրիայի կոմսի որդուն հետ։ Ալսֆոնսի որդին՝ Ֆրուելան ամուսնացաւ բասկ իշխանաւորի աղջկայ հետ, իսկ անոր դուստրը ամուսնացաւ Սիլոյի հետ, որ Ֆլաւինաւիայի տեղացի առաջնորդի աղջիկն էր։

Պալագիուսը մահացաւ 737 թուականին, անոր որդին Ֆաւիլան ընտրուեցաւ թագաւոր։ Ֆաւիլան անսպասելի կ’սպանուի արջի մը կողմէն անտառին մէջ եւ գահը կ’անցնի իր խորթ եղբօրը, որ հարեւան անկախ իշխանութեան առաջնորդն էր եւ ամուսնացած էր Ֆաւիլայի քրոջ հետ։ Կանանց թագաժառանգութիւնը դեռեւս այդ տարիներուն չէր ընդունուէր։

Պելագիուսի հիմնած տոհմը կառաւարեց Աստուրիոյ մէջ երկար տասնամեակներ, որուն ընթացքին թագաւորութեան սահմանները ընդարձակուեցան դէպի հիւսիս արեւմուտք մինչեւ 775 թուականը։ 791-842 թուականներուն Ալֆոնսօ II-ի կառաւարման ժամանակ թագաւորութեան սահմանները ընդարձակուեցան դէպի հարաւ՝ հասնելով մինչեւ Լիսաբոն։

Սկզբնական Ընդարձակում Խմբագրել

 
Աստուրիոյ թագաւորութիւնը 918 թուականին

Ֆաւիլային փոխարինեց Ալֆոնսօ I-ը, որ Պելանգիուսի դստեր ամուսինն էր։ Այսպիսով հիմք դրուեցաւ Աստուրիոյ հնարաւոր ամէնահզօր ընտանիքին՝ Կանտաբրիայ տոհմին։

Ալֆոնսօն սկսաւ տարածքային նուաճումները որպէս փոքրիկ թագաւորութիւն, ան սկսաւ շարժուել դէպի արեւմուտք՝ Գալիսիայ եւ դէպի հարաւ Դուերոյի հովիտ՝ նուաճելով քաղաքներ եւ բնակավայրեր, որոնց տեղափոխեցաւ դէպի հիւսիս, աւելի ապահով վայրեր։ Այս ռազմաւարական նշանակութիւն ունեցաւ, քանի որ ան Դուերոյի անապատը վերածեց արաբներու յարձակումներուն պաշտպանուելու գօտի։ Ալֆոնսօն, որուն Ֆրուելա I շարունակեց եւ ընդարձակեց հոր ձեռքբերումները։ Ան սպանուեցաւ արքունիքի անդամներու կողմէն։

Սոցիալական եւ քաղաքական փոփոխութիւններ Խմբագրել

Ֆրուելայէն յետոյ թագաւորած Աուրելիուսի, Սիլոյի, Մաուրեգատոյի եւ Բերմունդոյ I-ի վերաբերեալ շատ քիչ գրաւոր աղբիւներ կան։ Ընդհանրապէս այս շրջանը, որ տեւած է 23 տարի (768-791) կը համարւուի Աուստրիոյ թագաւորութեան մասին ամէնաանյայտ շրջանը։ Որոշ պատմաբաններ այս շրջանի թագաւորներուն կ’անուանէին «ծոյլ արքաներ», քանի որ անոնք իրենց թագաւորութեան շրջանին ոչ մէկ կարեւոր ռազմական գործողութիւն չկատարեցին, աւելին ոչ մէկ նշանաւոր քայլով աչքի չընկան։ Այնուամէնայնիւ այս ժամանակաշրջանին նաեւ տեղի ունեցան շատ կարեւոր ներքին ձեւափոխութիւններ։ Անոնք բոլորը նախապատրաստեցին թագաւորութիւնը յետագայ հզօրացման եւ արշաւանքներուն։

 
կամուրջ նախկին մայրաքաղաք Կանգաս դէ Օնիսի մօտ

Առաջինը, տեղի ուեցաւ առաջին ներքի խռւութիւնը Մաուրեգատոյի գլխաւորութեամբ (783-788)։ Խռւութեան արդիւնքն էր Ալֆոնսօ II-ը գահընկեց ընէլ (չնայած ան նորէն դարձաւ թագաւոր 791-842 թուականներուն), որուն արդիւքնէր՝ տեղի ունեցան շարք մը այլ խռւութիւններ, որուն անդամններն էին պալատական խումբերը, որոնք կը ցանկանային գահէն զրկել գահակալող ընտանիքին։ Երկրորդը, խռւութիւն բարձրացուցին հարեւան բասկերը եւ գալիսիացիները, որոնք ճնշեցին Աստուրիոյ թագաւորները։ Այս խռւութիւնները շարունակուեցան Աուստրիոյ կեդրոնական եւ արեւելեան մասերուն մէջ, որմէ յետոյ Ալֆոնսօ II-ը ապաստան գտաւ Ալաւային մէջ։ Եւ վերջապէս սկսան խռւութիւններ Աուրելիոյ I-ի օրով։ Ստրուկներու եւ ստրկատէրերու միջեւ տարանջատումը կոտրուեց արագօրէն։

Ֆրուելա I-ին (757-68) փոխարինեց Աուրելիոն (768-74), որ Ֆրուելա Կանտաբրացիին եւ Պետրոս Կանտաբրիացիին թոռն էր, որ իր երկիրի կեդրոնը տեղափոխեց Սան Մարթին տէլ Ռէյ Աուրելիօ, որ մինչ այդ կը պատկանէր Լանգրեոյին։ Սիլօն փոխարինեց Աուրելիոյին եւ կեդրոնը տեղափոխեց Պրաւիա: Սիլօն ամուսնացաւ Պելագիուսի թոռնուհու՝ Ադոսինդայի հետ։ Ալֆոնսօ II-ը ընտրուեցաւ թագաւոր Սիլոյի մահէն յետոյ, սակայն Մաուրեգատօն կազմակերպեց ուժեղ ընդիմութիւն եւ ստիպեց նորընծայ թագաւորին փախչել Ալաւայ, եւ դարձաւ Աստուրիայի թագաւոր։ Այս թագաւորը, որ պատմականօրէն ունէր վատ հեղինակութիւն, լաւ յարաբերութիւններու մէջ էր Բիտուս Լիէբանացու հետ, որ թագաւորութեան ամէնակարեւոր մշակոյթային անձն էր, որուն հետ կը պայքարէր ընդդիմադիրներու դէմ։ Աւանդոյթը կ’ըսէ, որ Մաուրեֆատօն Ալֆոնսօ I-ի եւ արաբ կնոջ մը անօրինական զաւակն էր։ Անոր փոխարինեց Աուրելիոյի եղբայր Բերմուդոյ I-ը։ Բերմուդոն յետագային հրաժարուեցաւ գահէն եւ դարձաւ հոգեւորական։

Ճանաչում եւ յետագայ ամրապնդում Խմբագրել

 
Սան Տիրսո եկեղեցին Օվիետոյի մէջ

Ալֆոնսօ II-ի օրով (791-842) թագաւորութիւնը հզօրացաւ: Ալֆոնսօն ջերմ յարաբերութիւններ սկսաւ ֆրանկներու հետ՝ շքեղ նուերներ ուղարկելով Քարլոս Մեծին, որոնք նուաճած էին պատերազմներուն (Լիզպոնի արշաւանք 797)։ Ալֆոնսօն II-ը իրեն կը համարէր «կայսր Քառլոսի մարդ»[9]` ակնկալելով որոշ աջակցութիւն[10]: Ալֆոնսօ II-ի օրով, թագաւորութիւնը բացի հզօրացումէն նաեւ վերադարձաւ որոշ վեստգոթական աւանդոյթներ[9]: Ալֆոնսօ II-ի օրով կամ աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ գտնուած են սուրբ Յակոբոս առաքեալի ոսկորները Գալիսիայի մէջ: Անոնք Հռոմի պապը համարեց իրական: Այնուամէնայնիւ Աստուրիոյ ժամանակաշրջանին հիմնական սրբավայրն էր Սուրբ Էուրելիան, որ տեղակայուած է ներկայիս Օվիետոյի մէջ:

Ալֆոնսօն նաեւ վերաբնակեցրեցաւ Գալիսիան, Լէոնը, Կաստիլիան եւ միացուց անոնց թագաւորութեանը: Առաջին մայրաքաղաքը դարձաւ Կանգաս դէ Օնիսը, որ կը գտնուէր Կաւադոնգայի ճակատամարտի վայրէն քիչ մը հեռու: Սիլոյի ժամանակ այն տեղափոխուեցաւ Պրաւիայ: Ալֆոնսօ II-ը ընտրեց իր ծննդավայրը` Օվիետօն որպէս թագաւորութեան մայրաքաղաք (789 թուական)։ 910 թուականին Ալֆոնսօ III-ին իր որդիներուն ստիպեց թողել գահը եւ թագաւորութիւնը եւ բաժանեց երեք թագաւորութիւններու՝ Լէոնի, Գալիսիայի եւ Աստուրայի թագաւորութեան։ 924 թուականին երեք թագաւորութիւնները վերամիաւորուեցան Լէոնի թագի ներքին։ Այս անուանմամբ թագաւորութիւնը մնաց մինչեւ 1230 թուականը, երբ միաւորուեցաւ Կաստիլիայի թագաւորութեան հետ եւ Ֆերդինանդ III-ը դարձաւ երկու միացեալ թագաւորութիւններու առաջնորդը։

Արքայացանկ Խմբագրել

Արքա Թվականներ Մականուն Այլ անուններ Ծանոթագրություններ Պատկեր
Պելագիուս 718-737 Պելայո Թագաւորութեան հիմնադիր, որուն մայրաքաղաք դարձած է Կանգաս դէ Օնիսը  
Ֆավիլա 737-739 Ֆավիլակ  
Ալֆոնսօ I 739-757 Քաթոլիկ «Բենի Ալֆոնս» դինաստիայի հիմնադիր  
Ֆրուելա I 757-768 Չար Ֆրոիլա  
Աուրելիուս 768-774 Աուրելիոյ Մայրաքաղաքը տեղափոխեցաւ Սան Մարթին տէլ Ռիօ  
Սիլօ 774-783 Գահին հաստատուած է կնոջ՝ Աթոսինթայի շնորհիւ, ով Ալֆոնսօ I-ի դուստրն էր։ Մայրաքաղաքը տեղափոխուած է Պրավիա  
Մաուրեգատուս 783-788 Բռնապէտ Մաուրեգատո Ալֆոնսօ I-ի ապօրինի զաւակը  
Բերմուդոյ I 788-791 սաղմոսասաց  
Ալֆոնսո II 791-842 Իմաստուն Մայրաքաղաքը տեղափոխեցաւ Օվիետօ  
Նեպոտիան 842 Նեպոցիանոյ ընտրուած թագաւոր
Ռամիրոյ I 842-850  
Օրդոնյոյ I 850-866  
Ալֆոնսո III 866-910 Մեծ Թագաւորութիւնը բաժանուեցաւ իր երեք որդիներու միջեւ. Գարսիա I-ի՝ Լէոն, Օրդոնյոյ II-ի՝ Գալիսիա եւ Ֆրուելա II-ի՝ Աստուրիա  
Ֆրուելա II 910-925 Ֆրոիլա Մահէն յետոյ Աստուրիան կցուած է Լեոնի արքայ Ալֆոնսո IV-ի կալուածքներոն  

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիններ Խմբագրել

  1. «Spain: The Christian states, 711-1035 - Encyclopedia Britannica»։ Britannica.com։ 20 մարտի 2013։ արտագրուած է՝ 21 հունվարի 2014 
  2. Glick, Thomas (2005), Islamic and Christian Spain in the Early Middle Ages, Leiden: Brill, ISBN 9004147713, https://books.google.am/?id=cWqmebvcjj0C&lpg=PP1&pg=PP1#v=onepage&q=&f=false 
  3. Collins, Roger (1983)։ Early Medieval Spain։ New York: St. Martin's Press։ էջ 238։ ISBN 0-312-22464-8 
  4. Collins, Roger (1989)։ The Arab Conquest of Spain 710-797։ Oxford, UK / Cambridge, USA: Blackwell։ էջ 49։ ISBN 0-631-19405-3 
  5. Уотт М., Какиа П., [{{{յղում}}} Мусульманская Испания], Москва։
  6. Collins, Roger (1983)։ Early Medieval Spain։ New York: St. Martin's Press։ էջ 229։ ISBN 0-312-22464-8 
  7. Encyclopedia of African American History - Google Břker։ Books.google.com։ 2010-02-28։ արտագրուած է՝ 2014-01-21 
  8. Encyclopćdia metropolitana; or, Universal dictionary of knowledge ... - Samuel Taylor Coleridge - Google Břker։ Books.google.com։ արտագրուած է՝ 2014-01-21 
  9. 9,0 9,1 Collins, Roger (1983)։ Early Medieval Spain։ New York: St. Martin's Press։ էջ 132։ ISBN 0-312-22464-8 
  10. Sholod Barton (1966)։ Charlemagne in Spain: The Cultural Legacy of Roncesvalles։ Librairie Droz։ էջ 42։ ISBN 2600034781