Արագած, Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն բարձր կէտը՝ 4090,1 մեթր[3]: Շրջապատէն մեկուսացած, վահանաձեւ փռուած զանգուած մըն է՝ շուրջ 200 ք.մ. շրջագիծով: Իր վահանակերպ տարածուած լանջերուն հետ միասին կը գրաւէ մօտ 4000 քմ² տարածութիւն՝ Արարատեան ու Շիրակի դաշտերուն, Ախուրեան ու Քասախ գետերուն միջեւ: Դրացի լեռներն են. հիւսիսէն՝ Շարայի, արեւելքէն՝ Արայի, իսկ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Մեծ Արտենիի լեռները: Եղած է պատմական Մեծ Հայքի Արագածոտն, Շիրակ եւ Նիգ գաւառներու սահմաններուն մէջ: Այժմ մաս կը կազմէ Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերուն եւ ունի կեդրոնական դիրք:

Արագած
Տեսակ Լեռ
Երկիր  Հայաստան
Վարչատարածքային միաւոր Արագածոտն եւ Շիրակի մարզ
Լեռնաշղթայ Հայկական Լեռնաշխարհ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 4090 մեթր[1]
Յարաբերական
բարձրութիւն
2143 մեթր[2]
Նիւթ լաւա
Սմիթսոնիան կոդ 214060
Արագած լեռ

Անուանում Խմբագրել

Արագած անուան ծագումը կապած են Հայկի որդի Արամանեակի կամ ալ Արա աստուծոյ անուններուն հետ (Արագած՝ Արայի գահ):

Կառուցուածք Խմբագրել

Արագածը անցեալին եղած է աշխարհի ամէնէն մեծ հրաբուխներէն մէկը: Ունի 400 մ խորութեամբ եւ 3 քմ տրամագիծով հսկայ խառնարան մը, որուն քայքայուած պատերուն մնացորդները կը կազմեն լերան չորս կատարները: Խառնարանը հարաւ-արեւելեան կողմէն բաց է եւ կը կապուի շրջապատին: Կատարները կիսաբոլոր դասաւորուած են եւ կը կազմեն 270 աստիճանի աղեղ մը: Ամէնէն բարձր կատարը հիւսիսայինն է՝ 4090,1 մ: Այնուհետեւ արեւմտեանը՝ 3995,3 մ, արեւելեանը՝ 3908,2 մ եւ հարաւայինը՝ 3887,8 մ: Խառնարանը ջուր ամբարելու մեծ աւազան մըն է, ուրկէ սկիզբ առած է Քասախի վտակ Գեղարոտ գետը:

Արագածի յաւերժական ձիւնին ծածկոյթը շուրջ 6 քմ² է: Լեռը ունի քանի մը փոքր սառոյցէ դաշտեր, որոնցմէ ամէնէն մեծը (1,5 քմ մակերեսով) խառնարանին մէջ է: Սառոյցէ դաշտերը կը սնանին Քասախի վտակ Գեղարոտէն:

Արագածի ատամնաձեւ գագաթները ուղղաձիգ են (յատկապէս հիւսիսային կատարը, որ բաւական դժուարամատոյց է վերելքի համար), սակայն լանջերը մեղմ թեքութիւն մը ունին, որոնք փռուած են գագաթներուն շուրջ հսկայական տարածութիւններու վրայ՝ տեղ-տեղ կազմելով ընդարձակ բարձրաւանդակներ, սարաւանդներ, հարթութիւններ (Ապարանի դաշտը, Կարմրաշէնի, Շամիրամի սարահարթերը, Օհանաւանի, Մարալիկի սարաւանդները եւ այլն), մասնատուած են ճառագայթաձեւ տարածուող խոր հովիտներով, կիրճերով եւ հեղեղատներով: Լանջերուն կան նաեւ հրաբխային ծագում ունեցող կոնաձեւ բարձրութիւններ (Փոքր Արտենի, Իրինտ, Կարմրաթառ, Դաշտաքար եւ այլն):

Արագածի չորս գագաթներն ալ հասանելի են լեռնագնացներուն համար։ Վերելքներ կ'իրականանան տարբեր երթուղիներ համատեղելով։ Աւելի փորձառու լեռնագնացներ մէկ օրուան ընթացքին կրնան չորս վերելք իրականացնել[4]։

 
Արագածի հիւսիսային կատարը

Արագածի մերձակայքը ցրուած են բազմաթիւ մակաբուծային կոներ (parasitic cones կամ cockle ), որոնք անցեալին պարբերաբար արտավիժած են հրաբխային նիւթեր: Հրաբխային ժայթքումներու հետեւանքով Արագածի լանջերը հսկայական տարածութեան վրայ (ներառեալ մինչեւ ստորին փէշերը) ծածկուած են լաւաներով: Արագածը հարուստ է հրաբխային ծագում ունեցող օգտակար հանածոներով (տուֆ, պեմզա «լատ.՝ pumex` փրփուր, չեչաքար», որսիդ. «Ֆրանս.՝ perlite, perle` մարգարիտ» եւ այլն: Արագածը մշտական ձիւնով ծածկուած է, իսկ փէշերուն կ'արտայայտուին տարուան բոլոր եղանակները՝ իրենց նրբերանգներով:

Գետեր ու Լիճեր Խմբագրել

Արագածի համայնապատկերը


Արագած նշանաւոր է իր սառնորակ աղբիւրներով, որոնք ձիւնահալի ջուրերու ու սառնադաշտերու հետ միասին սկիզբ տուած են շարք մը գետերու ու գետակներու (Գեղարոտ, Ամբերդ, Մանթաշ, Նարիշտ, Գետաձոր, Ծաղկահովիտ եւ այլն): Արագածի ընդերքի ջուրերով կը սնուի նաեւ Մեծամօր լիճը: Գագաթին եւ լանջերուն կան քանի մը տասնեակ գեղատեսիլ լճակներ (Քարի, Ամբերդի, Լեսինգի, որթախեղդ, Ումրոյ եւ այլն): Անոնցմէ ամէնէն մեծը Քարի լիճն է, որ ունի քաղցրահամ ջուր եւ կը գտնուի 3200 մ բարձրութեան վրայ: Լիճին, առանձնապէս, հրապոյր կու տան շրջակայ ալպեան մարգագետիները, բազմագոյն ծաղիկները, լեռնային մաքուր օդը եւ Արագածի ձիւնափայլ գագաթին մերձակցութիւնը: Փարթամ մարգագետիններուն մէջ տարածուած են անուշահոտ ծաղիկներ (մանուշակ, վայրի շուշան, կակաչ, զանգակածաղիկ եւ այլն): Պատմիչները կը վկայեն, թէ նախապէս Արագածը ծածկուած է փարթամ անտառներով, ուր ապրած են վայրի անասուններ:

Ճոխ բուսականութեամբ ծածկուած հիասքանչ գետահովիտներով ու ձորակներով հոսող գետերը տեղ-տեղ կը յառաջացնեն ջրվէժներու սահանքներ:

Մօտակայ Քաղաքները Խմբագրել

Լերան շրջակայքը գտնուող քաղաքներէն են Աշտարակը՝ հարաւ-արեւելքին, Ապարանը՝ հիւսիս-արեւելքին, Արթիկը՝ հիւսիս-արեւմուտքին եւ Թալինը՝ հարաւ-արեւմուտքին: Լերան միւս կողմերը կան այլ քաղաքներ եւ գիւղեր:

Աւանդութիւններ Խմբագրել

Աւանդութիւնը կը պատմէ, թէ հայոց լեռները ժամանակին յաղթանդամ ու հսկայ եղբայրներ էին: Ամէն օր վաղ առաւօտուն արթննալով՝ սովորութիւն ունէին նախ իրենց գօտիները կապելու, ապա իրարու բարեւելու: Ժամանակ մը ետք, անոնք կը ծերանան եւ կը սկսին աւելի ուշ արթննալ: Օր մըն ալ արթննալով՝ հակառակ իրենց սովորութեան, առանց գօտիները կապելու, կը բարեւեն իրարու: Աստուած այդ տեսնելով՝ կը բարկանայ, կը պատժէ եղբայրները: Անոնք կը քարանան՝ կը դառնան լեռներ, գօտիները կը դառնան կանաչ դաշտեր, իսկ քարացած եղբայրներուն արցունքները կը դառնան անմահական աղբիւրներ:

Այդ հսկաներուն մեծութեամբ չորրորդը Արագածն է՝ Մեծ Մասիսէն, Սաւալանէն եւ Սիփանէն ետք:

Արագածի մեղմաթեք լանջերը շատ ջրառատ են, բերրի եւ ծածկուած են ալպեան մարգագետիններով ու արօտավայրերով: Այս տեսակէտէն Արագածը Մասիսին հակոտնեան է:

Ժողովուրդը կը պատմէ այլ աւանդութիւն մը եւս.

Ժամանակին Մասիսն ու Արագածը շատ սիրով քոյրեր եղած են: Օր մը, ինչպէս կը պատահի, անոնք կը կռուին: Մէկը կ'ըսէ՝ «Ես եմ լաւը, աւելի բարձրը», միւսը՝ «Ես քեզմէ ե՛ւ աւելի բարձր եմ, ե՛ւ աւելի գեղեցիկ»: Շտապ կը հասնի Մարութա լեռը եւ կը փորձէ հաշտեցնել երկու քոյրերը, սակայն ի զուր. կը ձգէ եւ կը հեռանայ, անիծելով զանոնք: Անէծքը չարագուշակ էր. «Թող Մասիսն ու Արագածը այնպէս բաժնուին իրարմէ, որ ալ երբեք չհանդիպին»: Իր կարգին Մասիսը Արագածը կ'անիծէ, որ երբեք վիշտը դուրս չգայ իր սիրտէն, եւ արցունքը չպակսի աչքերէն: Արագածն ալ Մասիսը կ'անիծէ, որ վիշտէն չորնայ, աշխարհի երեսին մարդ չբարձրանայ իր կատարը ու վրան մատաղ չմորթուի: Այդպէս ալ կը կատարուի: Արագածի գագաթին արցունքէն լիճ մը կը գոյանայ եւ փէշերէն հազարաւոր աղբիւրներ կը բխին: Իսկ Մասիսը կը ցամքի, կը չորնայ, ոչ ոք կը բարձրանայ գագաթը, ո՛չ ալ մատաղ կը մորթուի հոն:

Կլիմայ Խմբագրել

Արագածի կլիման կը փոխուի ըստ բարձրութեան. լանջերուն ամրան չափաւոր տաք է, ձմրան՝ ցուրտ, գագաթնային գօտիին մէջ ցուրտ է նաեւ ամրան, իսկ ձմեռը երկարատեւ է, խստաշունչ ու ձիւնառատ՝ տարեկան 250 օր կայուն ձիւնածածկոյթով[5]:

Արագածի մշակութային կոթողները Խմբագրել

Արագածի լանջերուն պահպանուած են ոռոգման հնագոյն ցանցի հետքեր, ակունքներուն կանգնած են ջուրի պաշտամունքը խորհրդանշող «վիշապ» կոչուող կոթողներ եւ միջնադարեան ճարտարապետութեան ուշագրաւ կառոյցներ (Ամբերդ, Բիւրական եւ այլն):

Հարաւ-արեւելեան լանջերուն Բիւրականի աստղադիտարանն է, մերձգագաթային սարաւանդին վրայ` Տիեզերական ճառագայթներու հետազօտման բարձրալեռ օդերեւութաբանական կայանները, Մանթաշի հովիտին մէջ`մեծ ջրամբարը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Օգտագործուած գրականութիւն Խմբագրել

  • Երեւանի Համալսարանական Հրատարակչութիւն, Երեւան 1970
  • Հեղինակներ՝ Թ. Խ. Յակոբեան, Կ.Օ. Օհանեան, Գ. Ե. Աւագեան, Խ. Ե. Նազարեան
  • Երեւանի համալսարանի տպարան, 1975
  • Հրատարակչութեան խմբագիր՝ Ա. Մ. Գաբրիէլեան