Արամ Երկանեան (20 Մայիս 1900(1900-05-20), Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Օգոստոս 1934(1934-08-02), Քորտոպա, Արժանթին), հայ ազատագրական՝ որ հռչակացած է իր Պէհաըթին Շաքէրի եւ Ֆադալի Խան Խոյսքիի վրէժխնդրի սպանութեան, անոնց Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ դերին եւ Պաքուի մէջ հայերու կոտորածին համար։ Ան հայոց հերոսներէն մէկը կը նկատուի։

Արամ Երկանեան
Ծնած է 20 Մայիս 1900(1900-05-20)
Ծննդավայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Օգոստոս 1934(1934-08-02) (34 տարեկանին)
Մահուան վայր Քորտոպա, Արժանթին
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Արժանթին
Մասնագիտութիւն ակտիվիստ, զինուորական
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Արամ Երկանեան ծնած է Էրզրում 20 Մայիս 1900 թուականին։ Ան Սարգիս Երկանեան եւ Մարիամ Սողոյեան-Երկանեանի երրորդ զաւակն էր։ Ան Էրզրումի դպրոցը յաճախած է։

Երկանեան, որ վկայ եղած է հայոց ցեղասպանութեան, 1917-ին ան արձանագրուած է հայկական կամաւոր անջատումներուն եւ կռուած է զօրավար Դրոյի համար Բաշ-Ապարանի ճակատամրտին մէջ։ Օսմանեան ուժերու դէմ յաղթանակով եւ Հայաստանի Տեմոքրաթական Հանրապետութեան հաստատմամբ 1918-ին, Երկանեան արձանագրուեցաւ գործադիր մարմնի Հայ Յեղափոխական Դաշնակշութեան, որ Նէմեսիսի հիմնումին մէջ մաս կը կազմէր. գաղտնի գործողութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր սպանել բոլոր հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները Ատրպէյճանի եւ թուրք կայսրութեան մէջ[1][2]։

Նէմեսիս գործողութիւն Խմբագրել

Հայաստանի պոլշեւիկներու դէմ պարտութենէն ետք, Երկանեան մեկնեցաւ Թպիլիսի ուր Միսաք Գրիգորեանի հետ նշանակուած էին սպաննելու Ազրպէյճանի Տեմոքրաթական Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Խան Խոյսքիի եւ առաջնորդ Մուսաուադի Խան Մահմատով. 19 Յունիս 1920-ին Թիֆլիսի Երեւան հրապարակը, ուր սպասեցին ազդանշան մը իրենց յանցակիցներէն։ Երօ Խոյսքի եւ Մահմատով 100-էն 150 մեթր հեռու էին, անոնք անմիջապէս կրակեցին անոնց։ Խոյսքի տեղւոյն վրայ սպաննուեցաւ, սակայն Մահմատով, որ վիրաւորուած էր, փախաւ։

Աւելի ուշ կեանքը Խմբագրել

Երկանեան Գերմանիոյ մէջ կատարած գործերէն ետք, ուղղուեցաւ դէպի Աւստրալիա, որմէ ետք Պուքըրեստ, ուր ապրեցաւ մինչեւ որ տեղափոխուեցաւ դէպի Պուէնոս Այրէս 1927-ին։ Պուէնոս Այրէսի մէջ Երկանեան խմբագրող եղաւ տեղական հայկական թերթին[1]։

1931-ին ամուսնացաւ Զապէլ Փարակաեանի հետ եւ ունեցած է մէկ աղջիկ։[1]

Պալարախտէ վարակուեցաւ. Երկանեան տեղափոխուեցաւ Գորտոպա, ուր մահացաւ 2 Օգոստոս 1934 թուին, 34 տարիկան։ Թաղուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բակը։[1]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 «Aram Yerganian - Biography»։ Operation Nemesis։ արտագրուած է՝ 26 Մայիս 2013 
  2. «National Hero Aram Yerganyan Remembered»։ Asbarez։ արտագրուած է՝ 26 Մայիս 2013