Արա Գեղեցիկ, Հայկի սերունդէն սերող հայոց արքայ Արամի որդին է։ Կը մարմնաւորէ հեթանոս հայերու հաւատալիքները մեռնող եւ հառնող աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, նաեւ ընտանեկան առաքինութեան եւ ողջամտութեան մասին։ Շարունակած է Ասորեստանի դէմ ուղղուած հօր սկսած հայոց ազատագրական պայքարը։ Արայի պաշտամունքի վերջին եւ զարգացած փուլը տեղ գտած է «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» առասպելին մէջ։ Արային նուիրուած տոնախմբութիւնները կը կատարուէին գարնան եւ կապուած էին բնութեան զարթօնքին հետ։ Արայի պաշտամունքի լայն տարածուածութեան մասին կը վկայեն Այրարատ, Արագած, Արայի լեռ, Արայի դաշտ, Արայի գիւղ եւ բազմաթիւ այլ տեղանուններ։ Արային նուիրուած էր հայոց հեթանոսական տոմարի վեցերորդ ամիսը, որ կը կոչուէր Արաց։

Արա Գեղեցիկ, հայոց թագաւոր
«Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ»։ Նկարիչ՝ Վարդգէս Սուրէնեանց

Որոշ ուսումնասիրողներ, ինչպէս Արամը կը նոյնացնեն Արամէ Ուրարտացիի հետ, այնպէս ալ ըհդհանուր պատմական զուգահեռներ կը գտնեն Արա Գեղեցիկի եւ Արգիշտի Ա. Ուրարտացիի միջեւ:

Արա Գեղեցիկի տեղը Մովսէս Խորենացիի հայ ժողովուրդի ծննդաբանութեան շարքին Խմբագրել

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Արա ամուսնացած է հայ կնոջ՝ Նուարդի հետ։ Արայի եւ Նուարդի սիրոյ ու նուիրուածութեան մասին յայտնի էր բոլորին։ Այսինքն՝ Արան իր հայոց երկրի նուիրեալն ու պաշտպանն էր։ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամ սիրահարուած էր Արայի։ Սակայն պարզուեցաւ, որ թագուհիի սէրը Արայի հանդէպ խարդաւանք էր՝ Հայաստանին տիրելու համար։

Արա չէր ենթարկուեր Շամիրամի, սակայն այդ մէկը թագուհին չէր ուզեր։ Շամիրամ պատերազմ կը յայտարարէ Հայաստանի դէմ։ Արայի դաշտին վրայ տեղի կ'ունենայ ճակատամարտ մը, որուն ընթացքին, կռուելով իր զորքի առջեւի գիծին վրայ, Արա կը զոհուի։ Բայց Շամիրամի սպասելիքները չեն իրականանայ, որովհետեւ զինուորներուն յանձնարարուած էր պատերազմէն ետք իր մօտ կենդանի հասցնել հայոց թագաւորը։

Տե՛ս Նաեւ Խմբագրել

Ծանոթագրութիւններ Խմբագրել