Արեգակնային Դրութիւն

Արեգակնային դրութիւն, բաղկացած է արեւէն եւ անոր շուրջը դարձող երկնային մարմիններէն, ներառեալ Երկիրն ու այլ մոլորակները: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ նաեւ այլ փոքր մարմիններ ՝ գաճաճ մոլորակներ, երկնաքարակերպեր, եւ գիսաստղեր, ինչպէս նաեւ՝ կազի եւ փոշիի բարակ ամպ, որ ծանօթ է միջմոլորակային միջավայր անունով: Կան նաեւ մոլորակներուն արբանեակները, որոնց թիւը կը հասնի 150-ի եւ ծանօթ են լուսնակներ անունով:Սակայն արեգակնային դրութեան ամենամեծ մարմինն ու կեդրոնը կը համարուի Արեւը, որու ճառագայթները լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռեն եւ կեանքը կարելի կը դարձնեն Երկրի վրայ: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ ութ մոլորակներ, Արեւէն իրենց հեռաւորութեան հետեւեալ դասակարգումով՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան եւ Նեպտիւն (Պոսիդոն):

Արեգակնային դրութիւն

Բացի Արեւէն եւ Լուսինէն, կարգ մը մոլորակներ կարելի է տեսնել առանց աստղադիտակի:

Ըստ կարգ մը աստղագէտներու, Արեգակնային համակարգը ձեւաւորուած է շուրջ 4,57 միլիար տարի առաջ:

Արեգակնային դրութիւնը լեցուն է նաեւ փոշիով եւ այլազան չափի քարերով: Անոնք անդադար կը ռմբակոծեն Երկրագունդի մթնոլորտը: Մէկէն երկու մեթր տրամագիծով քար կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւր օր, որ կը փշրուի մթնոլորտին մէջ: Սիպերիոյ մակարդակի երկնաքար՝ թերեւս իւրաքանչիւր դար: Այդ համատարած աղէտ չի նշանակեր: Նոյնիսկ տեսականօրէն Հիրոշիմայի տարողութեամբ երկնաքարեր կրնան անցնիլ աննկատ: Երկնաքար 52678-ի տարողութեամբ աղէտ հաւանաբար պատահի հազիւ քանի մը միլիոն տարին անգամ մը:[1]

Արեւ Խմբագրել

 
Արեւուն չափը միւս մոլորակներուն հետ բաղդատած

Արեգակնային դրութեան կեդրոնական մարմինը Արեւն է: Անիկա Արեգակնային դրութեան շուրջ 99.86% կը պարփակէ: Արեւը երկնային լուսաւոր մարմին մըն է, ուրեմն արեւն ալ աստղ մըն է, որ միւս աստղերուն ամէնէն փոքրիկը եւ երկրին ամէնէն մօտն է։ Այս պատճառով է, որ աւելի մեծ ու լուսաւոր կ'երեւի։ Մինչդեռ աստղեր ալ կան, որոնք արեւէն միլիոնաւոր անգամ մեծ ըլլալով հանդերձ, հազիւ կէտի մը չափ կ'երեւին, որովհետեւ մեզմէ անհունապէս հեռու են։ Աստղերուն հեռաւորութեան մասին գաղափար կազմելու համար պէտք է ըսել, թէ 10 հազար տարի առաջ մարող ծիր-կաթինի աստղերէն մին մարելէն ետք անգամ, 10 հազար տարի շարունակ իր լոյսը սփռած է Երկիր մոլորակին վրայ: Այլ խօսքով, աստղը թէեւ մարած է, բայց իր լոյսը 10 հազար տարի ճամբայ կտրած է: Լոյսը մէկ երկվայրկեանուան ընթացքին 300.000 քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէ. եթէ 10 հազար տարին երկվայրկեանի վերածենք, ապա 300.000-ով բազմպատկենք, կը ստանանք յիշեալ մարող աստղին եւ Երկիր մոլորակին միջեւ եղած հսկայական միջոցը. իսկ միգամածներու աստղերուն լոյսը քանի մը տասնեակ հազար տարիէն մեզի հասնելով, անոնց եւ մեր միջեւ եղած միջոցը անհաւատալի կը թուի։

Արեւը երկիրէն 151.54 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Ժամական 60 քիլոմեթր սուրացող ճեպընթաց կառախումբ մը 266 տարիէն պիտի հասնէր Արեւ, մինչ Արեւուն լոյսը 8 վայրկեան եւ 13 երկվայրկեանէն կը հասնի Երկիր։ Արեւ ուղղուող թնդանօթի ռումբ մը ամէնէն մօտ աստղին կը հասնի 2 միլիոն տարուան ընթացքին. հետեւաբար միգամածներուն հասնելու համար հարկ եղած հաշիւը թուաբանութեան կը մնայ։ Արեւին լոյսը խիստ արագ կը հասնի մեզի, մինչ ջերմութիւնը մէկ տարիէն կը հասնի՝ օդին վատ հաղորդիչ ըլլալուն պատճառով։

Արեւուն մէջ հաստատուն մասեր չկան. կեդրոնական գունդը հեղուկ է, որ շրջապատուած է կազային վարդագոյն խաւէ մը. այս խաւն ալ իր կարգին շրջապատուած է լուսաւոր խաւէ մը, որ կազմուած է ջրածինէ եւ ուրիշ նման թեթեւ կազայիններէ։ Այս արտաքին խաւը կ'ըսուի Լուսագունդ (photosphere), որմէ մեզի կը հասնի լոյս եւ ջերմութիւն։

Արեւուն մէջ մետաղներ ալ տեսնուած են. գերմանացի երկու գիտնականներ, Պունսէն եւ Քիիրխօֆ Արեւուն բաղադրութեան մէջ գտած են՝ երկաթ, քրոմ, նիքել, սոտիում, փոթասիում, մակնեզիում. բայց ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ, ո՛չ կապար եւ ոչ ալ պղինձ նշմարուած են անոր մէջ։

Արեւուն կողմերը ծովու ալիքներուն նման ալիքներ կը ձեւանան, իրարու կը բախին եւ կը փշռուին. իր բիծերուն՝ Երկրին երեւելէն ու կրկին կորսուելէն հետեւցուցած են իր առանցքին վրայ 25 ու կէս օրուան ընթացքին կատարած թաւալումը։ Ասկէ բացի, Արեւը թեթեւապէս զգալի հոլովական շարժում մըն ալ կը կատարէ Հերակլէս համաստեղութենէն երկինքէն դէպի որոշ մէկ կէտը. որմով անիկա երկու իրական շարժումներ կը կատարէ։

Երկրային խումբի մոլորակներ Խմբագրել

 
Երկրային խումբի մոլորակներ՝ Ձախէն աջ՝ Փայլածուն, Արուսեակը, Երկիրը եւ Հրատը:

Արեւուն մօտիկ չորս հսկայ մոլորակները, որոնք երկրային խումբի մոլորակներ կը կոչուին, գլխաւորաբար բաղկացած են ծանր տարրերէ, ունին փոքր քանակութեամբ արբանեակներ (0-2), եւ անոնք իրենց շուրջ օղակներ չունին:Անոնք կազմուած են այնպիսի դժուարահալ մետաղներէ, որոնք կը ձեւաւորեն Երկրին Վերին ծածկոյթը եւ Երկրակեղեւը, ինչպէս նաեւ՝ երկաթէ եւ նիքէլէ, որոնցմէ կազմուած է մոլորակներուն միջուկը:

Փայլածու Խմբագրել

 
Փայլածուն՝ նկարահանուած MESSENGER մարդամեքենայէն, 2008-ին:

Փայլածուն (Mercury) Ամէնէն փոքր եւ խորագոյն մոլորակն է Արեգակնային դրութեան մէջ: Անիկա Արեւուն ամենամօտ մոլորակն է։ Երկրէն փոքր է, բայց իր լեռները երկրի լեռներէն աւելի բարձր են, իր վրայ մեր կշիռքը կէսի կը հասնի, իսկ եթէ քալենք անոր վրայ, նուազ կը յոգնինք։

 
Փայլածու եւ Երկիր մոլորակներուն թաւալումը՝ Արեւուն շուրջ:

Փայլածուէն Արեւը 2 ու կէս անգամ աւելի մեծ կ'երեւի քան երկրագունդին երեւցածը, իսկ ջերմութիւնն ու լոյսը 7 անգամ աւելի են քան Երկրի վրայ եղած ջերմութիւնն ու լոյսը. թէեւ իր թանձր մթնոլորտը կը մեղմացնէ ջերմութեան սաստկութիւնը, բայց բարեխառնութիւնը հասարակածին վրայ 200 աստիճանի կը հասնի։ Կեանքը - եթէ կայ - բեւեռներուն կողմը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ միւս բոլոր կողմերը տիրող ջերմութեան հետեւանքով ջուրը շոգիի վերածուած է եւ գետերը հաւանօրէն կապար կամ անագ կը հոսեցնեն ջուրի փոխարէն։ Արեւմուտէն ետք արեւմտեան, իսկ արշալոյսէն ետք ալ արեւելեան հորիզոնին վրայ կ'երեւի տժգոյն դեղին լոյսով մը։

Արուսեակ Խմբագրել

 
Արուսեակ մոլորակին իսկական գոյնը: Մոլորակը նկարահանուած է 1974-ին, Մարինըր 10 (Mariner 10) մարդամեքենային միջոցով:

Արուսեակը (Venus) ամենաշողշողուն եւ փառաւոր լոյս ցոլացնող մոլորակն է, որ կը կոչուի նաեւ Գիշերավար (Vesper)։ Արեւը մար մտնելէն ետք երեք չորս ժամ արեւմտեան հորիզոնին վրայ երեւելուն համար, իսկ Լուսաբեր (Lucifer) կամ Առաւօտեան աստղ՝ արշալոյսէն երեք չորս ժամ առաջ արեւելքի կողմը երեւելուն համար։ Երկրին մէջ եղած ատեն իր ցոլացուցած լոյսը այնքան զօրաւոր է, որ առաջին կարգի քսան աստղերու լոյսին կը հաւասարի եւ կրնայ կանոնաւոր շուք յառաջացնել։

 
Արուսեակին ներքին կառուցուածքը:

Երկրի մեծութիւնն ու ձգողութիւնը ունի։ Երկրին նման բեւեռները ցուրտ, իսկ հասարակածը տաք է: Արեւը երկու անգամ աւելի կիզիչ է հոն. բարեբախտաբար ջուրի շոգիացումը աւելի արագ ըլլալով՝ գոյացող ամպերը կը մեղմացնեն ջերմութիւնը, որ միջին հաշուով 80 աստիճանի կը հասնի։ Հասարակածային մարզերը հաւանօրէն անբնակելի են, մինչ բեւեռները հակառակը, կը կարծուի թէ բնակչութիւն ունի եւ թերեւս անոնք աւելի երջանիկ են քան երկրացիք։ Այնտեղի բնակիչները խիստ յաճախ զրկուած են երկնքի գեղեցկութենէն՝ իրենց մոլորակին միշտ ամպոտ ըլլալուն պատճառով։

Երկիր Խմբագրել

 
Երկրագունդը՝ Apollo 17-էն նկարուած, 1972-ին:

Արեւուն շուրջը դարձող երրորդ մոլորակն է Երկիրը, որ Արեւէն 14.790.000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Հետեւաբար Արեւուն լոյսը երկիր հասնելու համար պէտք ունի 14.790.000/300.000=493 երկվայրկեանի կամ 8 վայրկեան եւ 13 երկվայրկեանի, քանի որ լոյսը մէկ երկվայրկեանի մէջ 300.000 քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէ։ Երկրին շրջապատը 40.000.000 մեթր է, իսկ տարածութիւնը՝ 510 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր է։ Արեւէն 1.300.000 անգամ փոքր է։ Երկու տեսակ շարժում ունի. իր առանցքին վրայ 24 ժամուան ընթացքին, Արեւուն բոլորտիքը 365 օրուան, 5 ժամուան, 48 վայրկեանի եւ 45 9/10 երկվայրկեանի ընթացքին։ Չորս եղանակ ունի. գարուն, ամառ, աշուն եւ ձմեռ՝ իւրանքանչիւրը երեք ամիս տեւողութեամբ։ Ունի մէկ արբանեակ՝ լուսինը, որ 50 անգամ փոքր է իրմէ։

Հրատ Խմբագրել

 
Հրատը իր իսկական գոյնով, 2007-ին նկարահանուած:

Հրատը (Mars) Արեգակնային դրութեան չորրորդ մոլորակն է: Անիկա Փայլածուէն ետք երկրորդ փոքր մոլորակը կը համարուի: Հրատը ուսումնասիրուած է անօդաչու տիեզերանաւերով: Mariner 4-ը, որը ՆԱՍԱ-ի կողմէ գործարկուած է 28 Նոյեմբեր 1964-ին, առաջին տիեզերանաւն էր, որ այցելած է Հրատը ՝ մոլորակին իր ամենամօտ մերձեցումը կատարելով 15 Յուլիս 1965-ին:[2] Այժմ ամբողջ գիտական աշխարհին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրող միակ մոլորակն է, որ Երկիր մոլորակէն փոքր է եւ 24 ու կէս ժամուան ընթացքին իր առանցքին վրայ կը դառնայ։ Իր վրայ դաշտեր, լեռներ, բոյսեր, քարեր եւ ամէն ինչ կարմիր կ'երեւին։ Մարդկութիւնը այժմ մասնաւորապէս այս մոլորակով կը զբաղի՝ անոր վրայ կեանքի գոյութեան հաւանականութիւնը աւեlի ըլլալուն հետեւանքով։ Անոր վրայ նշմարուած են բազմաթիւ լիճեր եւ ջրանցքներ՝ հաւանաբար ձեռակերտ։ Իր վրայ մթնոլորտային ճնշումը հաւասար է Երկիր մոլորակի մթնոլորտին 15 կամ 16 քիլոմեթր վեր եղող ճնշումին, որմով եթէ մարդկութիւնը հոն փոխադրուի, անմիջապէս արիւնը մարմինին բոլոր ծակտիկներէն դուրս կը քամուի, այսուհանդերձ իր վրայ կեանքը յարմարած է այդ ճնշումին եւ բոլորովին տարբեր է քան Երկրի կեանքը։

Գարնան, Հրատի դաշտագետինները կը ծածկուին բուսականութեամբ, որոնց գոյները տակաւ առ տակաւ կը փոխուին ամրան գալստեամբ, յետոյ երանգը աւելի կը դեղնի եւ աշնան՝ կանաչ գոյն չ'երեւիր եւ դեղինը կը դառնայ համատարած։

Ձմեռը ջերմաստիճանը զէրոյէն վար 120 աստիճանի (սանթիկրատ) կ'իջնէ բեւեռներուն վրայ, իսկ ամառը՝ բարեխառնութիւնը եթէ բարձրանայ՝ ձիւնի տկար մթերքը կամ եղեամը հալեցնելու չափ, ջերմութիւնը 15-20 աստիճանը չ'անցնիր։

Աստղագէտներ կը մտածեն անթել հեռագիրով կամ ելեկտրական զօրաւոր լոյսով մը նշան տալ հրատցիներուն։ Աստղագէտ մը Հրատէն շողացող ուժեղ լոյսէ մը կ'եզրակացնէ, թէ հրատցիք նշան կ'ընեն երկրացիներուն, իսկ զարմանալին այն է, որ երկրագունդի վրայ եղող անթել հեռագիրի կազմածներուն վրայ շարունակ S նշանը տրուած է 1920-ին՝ մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած տեղէ մը.ըստ Աստղագէտներուն, այդ նշանը հրատցիներ են, զորս կու տան, իսկ ոմանք ալ կը կարծեն, թէ Արեւուն բիծերէն կը յառաջանայ։ Ունի երկու արբանեակ։ Հրատը պարզ աչքով տեսանելի մոլորակ մըն է: Այսօրուան դրութեամբ (Երկիր մոլորակէն ետք), Հրատը Արեգակնային դրութեան ամենամանրակրկիտ ուսումնասիրուած մոլորակը կը համարուի:

 
Մոլորակներու եւ Արեգակի չափերու մօտաւոր համեմատութիւնը:

Լուսնթագ Խմբագրել

 
Լուսնթագը նկարուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ, 21 Ապրիլ, 2014-ին:

Լուսնթագը (Jupiter) արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր մոլորակն է: Անոր մօտ երկրագունդը մրջիւնի մը նման փոքրիկ կ'երեւի:Անիկա շատ լուսաւոր է եւ կարելի է զայն դիւրութեամբ հեռադիտակով մը տեսնել:[3] Երկրէն 1300 անգամ մեծ մոլորակ մըն է, բայց անկէ 26 անգամ աւելի արագ կը դառնայ. այդ պատճառով 10 ժամուան ընթացքին կը կատարէ իր թաւալումը, որու իբրեւ հետեւանք՝ գիշերն ու ցերեկը հինգական ժամ կը տեւեն հոն։ Թէեւ մշտնջենական գարուն կը տիրէ հոն, սակայն երկրագունդի ձմեռէն աւելի ցուրտ է։ Ունի կազային վիճակ եւ չորս արբանեակ։ Լուսնթագը օժտուած է 63 լուսիններով: Լուսնթագին շուրջը դարձող երիզները ամպերէ կազմուած են: Տասնեակներով բնական արբանեակներ կը դառնան անոր շուրջ: Անոնցմէ չորսը (Փօ, Եւրոփ, Կանիմետ եւ Քալիսթօ) ունին արեգակնային դրութեան մոլորակի մը չափը: Անիկա շատ հզօր մոլորակ մըն է, ուր ապրիլը դիւրին չէ: Հոն անդադար բնական բուռն երեւոյթներ տեղի կ'ունենան: Անոնցմէ ամէնէն ծանօթը, միաժամանակ ամէնէն խորհրդաւորը՝ կարմիր բիծն է:Հարաւային կիսագունդին վրայ գտնուող այս բիծը իսկական բիծ մը չէ: Անիկա հսկայական փոթորիկ մըն է, որ կը տարածուի տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթրերու վրայ: Հռոմէացիներուն համար Լուսնթագը աստուածներու թագաւորն էր: Մեզի համար անիկա գաղտնիքներով շրջապատուած մոլորակ մըն է:

Երեւակ Խմբագրել

 
Cassini–Huygens աստղանաւուն մուտքը՝ Երեւակ:

Երեւակը (Saturn) տժգոյն կապտագոյն փայլքով մոլորակ մըն է, որ Արեւուն շուրջը կը դառնայ 3 տարուան ընթացքին, հետեւաբար իր եղանակները 7 ու կէսական տարի կը տեւեն։ Իր հասարակածին շուրջ՝ առանց անոր դպչելու, 200 քիլոմեթրէն աւելի հաստութեամբ մանեակ մը կայ, որ մոլորակին հետ միասին նոյն ուղղութեամբ եւ միեւնոյն արագութեամբ կը դառնայ։ Մոլորակին եւ մանեակին միջոցը այնքան մեծ է, որ մէջէն աստղեր կ'երեւին։ Ունի հեղուկ վիճակ եւ ութ արբանեակ։

Լուսնթագն ու Երեւակը արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակներն են: Ըստ երկրագունդի տրամաչափին, Լուսնթագը երկրագունդէն 11 անգամ աւելի մեծ է, իսկ Երեւակը` մօտաւորապէս 9 անգամ:

Սակայն ասիկա անոնց միակ իւրայատկութիւնը չէ: Ըստ ամերիկացի աստղագէտներուն, շատ հաւանական է, որ այդ մոլորակներուն վրայ ադամանդ կ'անձրեւէ: Այս «հրաշքը» կը յառաջանայ ծայրայեղ պայմաններու ներկայութեան պատճառով. շատ զօրաւոր փոթորիկներ, ջերմաստիճանը, ճնշումը եւ մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մեթան կազը:

Անշուշտ այս ադամանդները մատանիներու վրայի ադամանդներուն նման չեն տաշուած: Անոնք ունին պզտիկ խիճի մը ձեւը եւ կարկուտի հատիկի մը տրամաչափը, այսինքն` մօտաւորապէս 1 սմ:[4]

Ուրան Խմբագրել

 
Ուրանը նկարահանուած Voyager 2-էն՝ 1986-ին:

Ուրանը (Uranus) Արեւէն հեռու եօթներորդ մոլորակն է: Արեգակնային դրութեան չորրորդ մեծ մոլորակն է: Արեւուն շուրջը կը դառնայ 84 տարուան ընթացքին, եւ այդ պատճառով իր եղանակները 21-ական տարի կը տեւեն։ Լոյսն ու ջերմութիւնը 360 անգամ նուազ են երկրի լոյսէն ու ջերմութենէն, հետեւաբար, իր վրայ տիրող ամառը երկրի բեւեռներուն վրայ տիրող ցուրտէն շատ աւելի ցուրտ պէտք է ըլլայ։ Արեւը իր վրայէն պարզ աստղի մը պէս կ'երեւի։ Իր շուրջ օղակ ունի: Ամէնէն թեթեւ կազային մոլորակներէն է: Ունի 27 արբանեակ: Կարելի է զայն տեսնել Երկրագունդէն:

Նեպտիւն (Պոսիդոն) Խմբագրել

 
Նեպտիւնը (Պոսիդոնը)՝ նկարահանուած Voyager 2-էն, 1989-ին:

Նեպտիւնը (Neptune) Արեգակնային դրութեան ութներորդ մոլորակն է: Արեւէն 1110 միլիոն փարսախ կամ 4440 միլիոն քիլոմեթր հեռու ըլլալուն հետեւանքով, երկրի վրայ եղած ջերմութենէն 900 անգամ նուազ է իր ջերմութիւնը, եւ այդ պատճառով ահաւոր ցուրտ կը տիրէ հոն։ Գիշեր ցերեկ խաւար է հոն եւ եթէ Արեւը իր վրայէն դիտուի փոքր աստղի մը չափ կ'երեւի։ Մէկ արբանեակ ունի եւ 165 տարուան ընթացքին կը դառնայ Արեւուն շուրջ. հետեւաբար, իւրաքանչիւր եղանակ 4 տարի կը տեւէ, Ունի 41 տարի տեւող ամառ մը, որ սակայն մեր ձմեռէն աներեւակայելիօրէն ցուրտ է։ Անիկա յայտնաբերուած է 1846-ին:

Լուսին Խմբագրել

 
Լուսինը

Երկրագունդին արբանեակն է լուսինը, որ 50 անգամ փոքր է անկէ եւ 384.000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Երկու շարժում ունի, ինքն իր վրայ դառնալով հանդերձ, երկրին շուրջն ալ կը դառնայ 28 օրուան եւ 8 ժամուան ընթացքին: Միաժամանակ ինքն իր վրայ դառնալուն իբրեւ հետեւանք՝ միշտ միեւնոյն լուսնային կիսագունդը կը տեսնենք։

Այս շարժումներու միջոցին իր լոյսը կ'առնէ Արեւէն, ու մեզի կը ներկայացնէ զանազան լուսներեւոյթներ, որոնք դիմայեղում (Phase) կ'ըսուին։ Երկրին եւ Արեւուն հանդէպ առած դիրքին համեմատ կը ստանայ յաջորդաբար մահիկի մը, կիսաշրջանակի մը եւ շրջանակի մը ձեւը։ Լուսինին գլխաւոր դիմայեղումները չորս են՝ Նոր լուսին, առաջին քառորդ, լիալուսին եւ վերջին քառորդ։

Լուսինը Երկիր մոլորակին նման պաղած եւ հաստատունի վերածուած գունդ մըն է: Անիկա զուրկ է մթնոլորտէ, ջուրէ եւ ամպէ: Ծածկուած է բարձր լեռներով եւ հրաբխային ընդարձակ խառնարաններով. իր վրայ եղող լեռներէն Լայպնիձի լեռը, որ երկրի վրայ եղող Էվերեսթին (8840 մեթր) կը հաւասարի, ունի 8000 մեթր բարձրութիւն. Տէօրֆէլի լեռը՝ 7603 եւ Նեւտոնի լեռը՝ 7264 մեթր։ Այս լեռները կրային նիւթերէ կազմուածի պէս կ'երեւին։

Աստղագէտներ պատրաստած են լուսինին աշխարհացոյցը եւ անոր վրայ նշանակած են Միջերկրական ծով, Հումպոլտի ծով, Երազներու լիճ, Մրրիկներու Ովկիանոս եւ այլն, թէեւ անոր վրայ իսկական ծովեր չկան։ Գլավիուսի կրկէսը մօտաւորապէս 220 քիլոմեթր լայնք ունի. մարդ մը հազիւ 15 օրէն կրնայ անոր բոլորտիքը դառնալ։ Իր վրայ եղած ձգողութիւնը երկիրինէն շատ նուազ ըլլալուն պատճառով երկրին վրայ 100 քիլօկրամ կշռող մարմին մը հոն 15 քիլօկրամ կը կշռէ։ Իր վրայ 60 ժամ անդադար քալելով պիտի յոգնէինք այնքան, որքան պիտի յոգնէինք երկրի վրայ 8-9 ժամ քալելով, որովհետեւ երկրի ձգողութիւնը մեզի եւ մեր բոլոր անդամներուն ծանրութիւն տուած ըլլալով, քալելու ատեն կը յոգնինք։

Երկիրը լուսինին վրայէն դիտուելով՝ 14 անգամ աւելի լուսաւոր կ'երեւի քան լուսինը երկրին վրայէն, որովհետեւ երկրին ծաւալը լուսինին ծաւալէն շատ աւելի ըլլալով, բնականաբար աւելի լոյս կ'ընդունի եւ կը ցոլացնէ։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Աղբիւր Խմբագրել

  • Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 297-302։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել