Արեւելք, կողմնացոյցի չորս հիմնական ուղղութիւններէն մէկը։ Հորիզոնին այն կողմը, որուն ուղղութեամբ կը պտտի Երկիրը եւ ուրկէ կը ծագի արեւը[1]։ Կը գտնուի արեւմուտքին հակադիր ուղղութեամբ։ Գիշերահաւասար օրերուն արեւը կը ծագի ուղիղ արեւելքէն։

Ստուգաբանութիւն Խմբագրել

Արեւելքը կազմութեամբ բարդ բառ է, բաղկացած «արեւ» ու «ել»՝ ելլել, ծագում արմատներէն եւ «ք» ածանցէն:

East բառը եկած է միջին անգլերէնի est, հին անգլերէնի ēast բառէն, որ կը ծագի նախագերմաներէնի *aus-to- կամ *austra- «արեւելք, արեւածագի ուղղութիւնը» բառերէն, այս ալ իր հերթին հնդեւրոպական նախալեզուի *aus- արմատէն՝ «շողալ» կամ «արշալոյս»[2]։ Այս նման է հին բարձր գերմաներէնի *ōstar «դէպի արեւելք», լատիներէն aurora «արեւագալ», եւ յունարէն ēōs կամ heōs արմատներէն[3]։ Ēostre արշալոյսի գերմանական աստուածուհին էր, հաւանաբար կ'անձնաւորէր թէ արեւածագը եւ թէ երկրին հիմնական կողմերը։

Արեւելքի միջազգային նշանակումն է E (east բառէն), հայերէն համառօտագրութիւնն է՝ արլ.։

Տեղակայում Խմբագրել

Ժամանակակից քարտէսներուն մէջ արեւելքը իբրեւ կանոն կը գտնուի աջ կողմը։ Այս սովորոյթը հանդէս կու գայ կողմնացոյցներու օգտագործումէն, ուր հիւսիսը տեղակայուած է ամենավերը։ Արեւելքի ուղղութիւնը ուղղիղ կը կազմէ հիւսիսին եւ հարաւին, այսինքն՝ Երկրագունդի աշխարհագրական բեւեռներուն, եւ հակադիր կը գտնուի արեւմուտքին։ Աստղագիտութեան մէջ արեւելքի ուղղութիւնը կը համապատասխանէ ազիմուտի +90°-ին եւ −90°-ին։

Արեւելք` աւանդաբար ան ցոյց կու տայ Եւրոպայի նկատմամբ դէպի արեւելք գտնուող աշխարհի մասը։ Հիմնականին այդ մէկը կը գործածուի Ասիա աշխարհամասի վերաբերեալ։ Իր հերթին, Արեւելք հասկացութիւնը կը բաժնուի ըստ տարածաշրջաններու` Հեռաւոր Արեւելք, Մերձաւոր Արեւելք եւ Միջին Արեւելք նշանակումներու։

Գիշերահաւասարի օրերուն Արեգակը կը ծագի արեւելքէն։ Երկնոլորտի վրայ արեւելքի կէտը մաթեմատիկական հորիզոնի եւ երկնային հասարակածի հատման երկու կէտերէն մէկն է։

Հայաստանը ըստ այդ բաժանումներուն, Միջին Արեւելքի երկիր է։

Արեւելք հասկացութիւնը, բացի աշխարհագրական նշանակութեան, ունի նաեւ մշակոյթ բնութագրող իմաստ։

Մշակութային Խմբագրել

Արեւելքը այն ուղղութիւնն է, որով Երկիրը կը պտտի իր առանցքին շուրջ եւ հետեւաբար ընդհանուր ուղղութիւնը, որով կը յայտնուի արեւը։ Արեւելքի ուղղութեամբ աղօթելու սովորոյթը աւելի հին է, քան՝ քրիստոնէութիւնը, բայց ընդունուած է այդ կրօնքին կողմէ, քանի որ Արեւելքը կը համարուի մարդկութեան նախնական օջախը։ Հետեւաբար, որոշ քրիստոնէական եկեղեցիներ աւանդաբար ուղղուած են դէպի Արեւելք[3][4]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել