Արեւմտահայ Ազգային Ազատագրական ՇարժումներուՎերելքը 1890-ական Թուականներին

Արեւմտահայ ազգային ազատագրական շարժումներու վերելքը 1890-ական թուականներուն. Արեւմտահայութիւնը սուլթանական կառավարութեան ազգահալած քաղաքականութեանը պատասխանած է ազատագրական պայքարի նոր վերելքով։ Յունիս 1890 թուականին Կարինի մէջ (Էրզրում) կեղծ լուրեր տարածուած են հայերու՝ ապստամբութեան պատրաստուելու մասին։ Խուզարկելու նպատակով թուրք ոստիկանները պատարագի ժամուն ներխուժած են եկեղեցին։ Ժողովուրդը հնչակեաններու գլխաւորութեամբ դիմագրաւած է անոնց, սպաննուած ու վիրաւորուած է աւելի քան 20 հայ։ 2 օր ետք իշխանութիւնները նոր ջարդեր կազմակերպած են քաղաքի հայկական թաղամասերուն մէջ։

Ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումը Խմբագրել

 
Ապտուլ Համիտ Երկրորդ

Յուլիս 1890 թուականին հնչակեանները Կ. Պոլսոյ Գում Գաւալ թաղամասի մէջ ցոյց կազմակերպած են, պատռած են Աբտուլ Համիտ Երկրորդի նկարը ու օսմանեան տերութեան պետական զինանշանը եւ ստիպած են Խորեն Աշըգեան պատրիարքին իրենց հետ շարժիլ դէպի սուլթանի պալատը՝ Էրզրումի հանցագործութեան մեղաւորները պատժելու եւ Բեռլինի 61-րդ հոդուածի դուրիւթները իրագործելու պահանջով։ Ոստիկանները կրակ բացած են, սպաննուած են քանի մը ցուցարարներ, իսկ ղեկավարները բանտարկուած են։ Սանկտ Պետերբուրգի բուհերէն Թիֆլիս եկած հայ ուսանողներու խումբ մը, սեպտեմբեր 1890 թուականին Սարգիս Կուկունեանի գլխաւորութեամբ համալրուելով Ալեքսանդրապոլի ու Կարսի մէջ, փորձած են անցնիլ ռուս-թրքական սահմանը՝ Արեւմտեան Հայաստանի համահայկական ապստամբութիւն սկսելու նպատակով։

Ապստամբութեան ծաւալումը եւ ռուսական կողմի կողմնորոշումը Խմբագրել

Սակայն ռուսական իշխանութիւնները հայերու ծրագրի մասին տեղեկացրած էին թուրքերուն։ Սահմանագլխին Ս. Կուկունեանի խումբը հակահարուած ստացած է սուլթանական զորամասերէն ու քրտական հեծեալ ջոկատներէն, նահանջած եւ ինկած ռուս սահմանապահներու ձեռքը։ Ցարական դատարանը 27 հոգի դատապարտած է 3-20 տարուայ տաժանակրութեան։ Ս. Կուկունեանը Սիբիրի ու Սախալինի բանտերէն ազատուած է միայն 1905 թուականին՝ կառավարութեան ընդհանուր ներումով։ 1890-ական թուականներուն Սասունի գաւառը (Պիթլիսի վիլայեթին մէջ էր՝ 35 հազար հայ բնակչութեամբ) դարձած է ֆիտայական շարժման կերոնին մէջ։ Միհրան Տամատեանը, Մեծն Մուրատը (Հաբարձում Պոյաճեան), Հրայրը (Արմենակ Ղազարեան), Գեւորգ Չաուշը (Գեւորգ Ղազարեան) պայքարի եւ հարկերը չվճարելու կոչ՝ կ՝ընէին։ Իշխանութիւնները Սասունի դէմ հրահրած են քրտերուն, ձերբակալել Մ. Տամատեանին ու 25 սասունցիներու։ Շարժման գլուխը անցած են Մեծն Մուրատը, Հրայրը եւ Չաուշը։ Դէպի Սասուն շարժուած են Զեքի փաշայի զորքը։ Հայերը մերժած են 7 տարուայ չվճարուած հարկերը մուծելու անոր պահանջը։ 1894 թուականի 27 Յուլիսին հայերը ուժեղ հակահարուած հասցուցած են թշնամիին։ Թուրքերը բանակցութիւններ առաջարկած են, սակայն նենգաբար շրջապատուած են ու կոտրած են 148 հայ։

Սասնոյ ապստամբութիւնը եւ մեծ տերութիւններու վերաբերմունքը Խմբագրել

 
Հրայր Դժոխք
 
Գեւորգ Չաւուշ

Միայն օգոստոսի վերջին թշնամին կարողացած է ներխուժել Սասուն եւ սրի քաշած է մօտ 7 հազար մարդ։ Ձերբակալուած են Մեծն Մուրատը, Գևեւորգ Չաուշը, որոնք հետագային փախուստի դիմած են։ Սասունի 1894 թուականի ապստամբութիւնը Պեռլինի վեհաժողովէն (1878) ետք արեւմտահայերու առաջին զինուած ելոյթն էր։ Մեծ տերութիւնները Սասունի դէպքերով զբաղեցան միայն այն ժամանակ, երբ սուլթանը արդէն կատարած էր իր գործը։ Ոճրագործութիւնը ուսումնասիրելու համար 1894 թուականի նոյեմբերին անոնց կազմած ստուգիչ հանձնաժողովը եզրակացրած է, որ Սասունի մէջ անմեղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած է եղեռնագործութիւն։ Հանձնաժողովի նիւթերու հիման վրայ Կ. Պոլսոյ Անգլիոյ, Ֆրանսայի ու Ռուսաստանի դեսպանները 11 մայիս 1895 թուականին Թուրքիոյ մէջ ներկայացուցած են բարենորոգումներու ծրագիր, որ կոչուած է Մայիսեան։ Վերջինս ձեւական փաստաթուղթ էր, քանզի գլխաւոր պաշտոնեաներու նշանակման իրաւունքը կը վերապահուէր էր սուլթանին։ Կը նախատասուէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նաեւ հողային, հարկային ու դատական գործերու բարելաւում։ Սակայն տարբեր պատճառաբանութիւններով սուլթանական կառավարութիւնը չընդուներ բարենորոգումներու անգամ խիստ չափաւոր այդ ծրագիրը։

Պապ Ալիի ցոյցը Խմբագրել

 
Պապ Ալի

Մեծ տերութիւններու ուշադրութիւնը գրաւելու եւ անոնց օգնութեամբ Մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրը իրականացնելու համար սեպտեմբեր 1895 թուականի Կ. Պոլսոյ մէչ հնչակեանները դարձեալ կազմակերպած են խաղաղ ցոյց (շուրջ 4-հազարանոց) ու շարժած են դէպի կառավարութեան նստավայրը՝ Պապ Ալի։ Ցուցարարներու վրան կրակ բացած են, մայրաքաղաքին մէջ սկսած են նոր ջարդեր, զոհուած է շուրջ 2 հազար մարդ։ Մեծ տերութիւնները բողոք ներկայացուցած են՝ պահանջելով իրագործել բարեփոխումները, սակայն ապարդիւն։

Զէյթունի ապստամբութիւնը Խմբագրել

 
Յուշարձան Նուիրուած Զէյթունի Հայերուն

Մէկ ամիս ետք հնչակեաններու նախաձեռնութեամբ ապստամբութիւն սկսած է Զէյթունի մէջ։ 75-ամեայ ազար Շովրոեանի եւ Աղասու (Գարուն Աղասի) ղեկավարութեամբ զեյթունցիները զինաթափուած են թրքական կայազորը, գրաւած 600 հրացան, 2 հրանոթ եւ այլ զէնք ու զինամթերք։ Հարկադրած են գերի ինկած 700 օսմանեանանցի զինվորներու բնակիչներու ներկայութեամբ անցնել ապստամբներու սուրերու տակով։ Զորանոցի վրայ բարձրացուած է կարմիր դրօշ՝ «Զէյթունի անկախ իշխանութիւն» վերտառութեամբ։ Նոյեմբեր 1895 թուականին թրքական 2 բանակ՝ Ալի եւ Ռեմզի փաշաներու հրամանատարութեամբ, շարժած է դէպի Զէյթուն։ Մինչեւ 13 դեկտեմբեր մղուած մարտերուն կրելով ծանր կորուստներ՝ թուրքերը նահանջած են։ Ռեմզի փաշային փոխարինած է նոր հրամանատար՝ Էդհեմ փաշան, որ յայտնի էր իբրեւեւ յոյն ժողովուրդի դահիճ։

Մեծ տերութիւններու միջամտումը Խմբագրել

 
Մեծն Մուրատ

Սակայն Զէյթունը գրաւելու վերջինիս ջանքերը նոյնպես անյաջողութեան մատնուած են։26 Յունուար 1896 թուականին գործին միջամտած են մեծ տերութիւնները։ Հալեպի մէջ կնքուած է հաշտութիւն, թուրքերը պարտավորուած են զորքերը հետ քաշել Զէյթունէն, ներում շնորհել հայերուն, երաշխաւորել անոնց կեանքի ու գոյքի անվտանգութիւնը։ Զէյթունի մէջ պէտք է նշանակուէր եւրոպացի կառավարիչ, տեղական պաշտոնեաները պիտի ըլլային հայեր։ Այս զիջումներու դիմաց թուրքերը հնչակեան գործիչներէն պահանջած են հանձնել զէնքը եւ հեռանալ (պետութեան ծախսերով) Թուրքիայէն։ Զէյթունի ապստամբութիւնը նշանաւոր էր իր կազմակերպվածութեամբ եւ ձեռքբերումներով։