Արիստակէս Զօրեան

Արիստակէս Զօրեան (Կարօ) - (1871, Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - Յուլիս 1897, Խանասոր[1]) զինագործ:

Արիստակէս Զօրեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Կարօ
Ծնած է 1871
Ծննդավայր Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է Յուլիս 1897
Մահուան վայր Խանասոր
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն ֆետայի

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1871-ին Գողթն Գաւառի Ցղնա գիւղը: Ուսումը ստացած էր նախ՝ Զաքաթալայի, ապա՝ Թիֆլիսի մէջ։ Սակայն առանց աւարտելու հեռացած էր դպրոցէն, նետուելու յեղափոխական կեանքի մէջ։ իր ՝վրան մեծ տպաւորութիւն ձգած էին այդ շրջանի հայրենասիրական տրաամադրութիւնները, Րաֆֆիի հերոսները, բայց յատկապէս իր եղբայրը՝ Ռոստոմ:

Ռոստոմէն շատ բան կար իր մէջ, թէ՛ արտաքնապէս եւ թէ հոգեպէս: Կարոն բնաւորութեամբ մեղմ էր ու քաղցրաբարոյ: Գործնական մտքի տէր էր ան, աշխոյժ ու եռանդուն:

Դպրոցէն հեռանալէ ետք, Ռոստոմի խորհուրդով ան կը մտնէ Գալուստ Ալոյանի «Կովկաս» արհեստանոցը, ուր մէկուկէս տարի կը հետեւի զինագործութեան. մտադրած էր իբրեւ զինագործ վարպետ ծառայել յեղափոխութեան: Նահատակուած է Խանասորի արշաւանքի կռուի ընթացքին:

Խանասորի Արշաւանքի Մասնակցութիւնը Խմբագրել

1892-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր Ժողովէն ետք, Ատրպատականի մայրաքաղաքը եւ Սալմաստի շրջանը դարձած էին դաշնակցութեան գործունէութեան գլխաւոր կեդրոնները: Հոն հաւագուած էին մտաւորական եւ մարտական ուժեր, ուսուցիչներ, ուսուցչուհիներ, զինագործներ, ֆետայիներ եւ զէնք ու ռազմամթերք փոխադրողներ: Հոս էր դարձեալ, որ կը պատրաստուէին զինուած խումբերը, անհատ գործիչները եւ կ'անցնէին երկիր: Իշխանը, Վարդանը, Նիկոլ Դումանը, օրդ. Սաթենիկ Մատինեանը եւ յեղափոխական այլ դէմքեր զանազան պաշտօններով հաստատուած էին Թաւրիզ եւ Սալմաստ: Պաշտօնները ապրուստ հոգալու եւ ձեւով մը քողարկուելու միջոցներ էին. գլխաւոր գործը յեղափոխութիւնն էր:

Ահա այս խումբին մէջ էր նաեւ օրդ. Մարիամ Մակարեան (Մարօ), իբրեւ ուսուցչուհի:

Մարոն հայրենասէր էր։ Րաֆֆի վէպերը կը յափշտակէին զինք: Դիւրազգաց ու զգայուն, ուժեղ կամքի տէր էր Մարոն: Խանդաւառ ու աժխոյժ Մարոյին միակ երազը Երկիր անցնիլ ու յեղափոխական գործօն կեանք ունենալն էր։ Այդպէս ալ ըրաւ: 1892-ին անցաւ Թաւրիզ, իբրեւ ուսուցչուհի: Առաջին օրէն իսկ գրաւեց շրջապատին ուշադրութիւնը: Եռանդով կ'աշխատէր թէ՛ կուսակցութեան խումբերէն եւ թէ իգական սեռի շրջանակներէն ներս:

1896-ին որոշուեցաւ կազմակերպել Խանասորի արշաւանքը: Շատեր, որոնց շարքին նաեւ Իշխանն ու Վարդանը, հակառակ էին այս ձեռնարկին: Հակառակ էր նաեւ Կարոն: Բայց Դաշնակցութեան որոշումը որոշումէ՛ր ու պէտք էր գործադրուէր: Տխուր էր Մարոն: Տխուր էր նաեւ Կարոն, բայց ան յեղափոխական գործը անհատական ապրումներով պայմանաւորող անձը չէր: Սէր եւ հայրենիք: Ե՞լք: Մարոյին համար ելքը պարզ էր. ան չէր ուզեր, որ իր պատճառով Կարոն դավաճանէ յեղափոխական գործին: Եթէ ինքն էր խոչընդոտը, կարելի է անյայտացնել այդ խոչընդոտը...

1896 Դեկտեմբեր 2-ին ընկերները Մարոն կը գտնեն մեռած՝ անկողինին վրայ, կողքին կը գտնէին իր սիրած ատերճանակը, որուն գնդակը ծակած էր սիրտը... Մարոյին մօտ կը գտնուի նաեւ առանց հասցէի նամակ մը.

  ... Դո՛ւն, որ Հայաստանի ազատութեան գործը գերադասեցիր, քան իմ եւ քու անձնական երջանկութիւնը, դո՛ւն, որ սէրդ զոհեցիր աւելի բարձր գաղափարական սէրի, կատարէ՛ խօսքդ՝ զոհէ անձդ հայրենի սուրբ սեղանին վրայ։ Բաբգէն Սիւնիի նման լեցուցիր թունաւոր վրէժխնդրութեամբ...:  

Ընկերները չգիտցան, թէ որուն ուղղուած էին այս խօսքերը, բայց Կարոն գիտէր: Եւ հնազանդեցաւ: Հետեւեացաւ Բաբգէն Սիւնիի օրինակին: Կարօ ներկայ չեղաւ Մարոյի յուղարկաւորութեան, որ սրտառուչ էր եւ յուզիչ: Կարոն Թաւրիզ էր՝ գործով: Ընկերները կ'ըսեն, որ թէեւ Կարօ նոյնիսկ մէկ վայրկեան չթերացաւ իր գործերուն մէջ, բայց փոխուեցաւ: Բոլորովին տարբեր մարդ դարձաւ: Նախկին շէն ու ուրախ Կարոն չէր: Կարոյին հսկողութեամբ եւ գործակցութեամբ արհեստանոցը բուռն թափով զէնք կը պատրաստէր Խանասորի արշաւանքին համար: Կարոն դարձած էր աշխատանքին ձեռնարկելու համար: Արշաւանքը կը կազմակերպուի: Կարոն կը նշանակուի հարիւրապետի օգնական: Յուլիս 25-ի լուսաբացին, Առաուլի բարձրունքներէն յարձակումը կը սկսի Խանասորի դաշտին վրանաբնակ Մազրիկ ցեղին վրայ։ Արագ ու կըտրուկ կ'ըլլայ կռիւը: Արշաւախումբը կը վերադառնայ յաղթական, զոհ տալով տասնինը ընկերներ, որոնց կարգին նաեւ...Կարոն:

Աղբիւրներ Խմբագրել

Դաշնակցական Պատանիին Գիրքը, Ա. Հատոր, Պէյրութ - 2005 Թուականին - էջ՝ 192-195

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Արիստակէս Զօրեան (Կարօ) 1871-1897. Խանասորի արշաւանքի նահատակը»։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (en-US)։ 2018-07-25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-29-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-29