Արմենակ Սագըզեան

Արմենակ Սագըզեան, (1872, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1944, Պոլիս, Թուրքիա), Հայ արուեստագէտ։

Արմենակ Սագըզեան
Ծնած է 1872
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1944
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Մասնագիտութիւն արուեստագէտ, արեւելագէտ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Արմենակ ծնած է 1872 թուականին Կոստանդնուպոլիսի մէջ, պոլսահայ մտաւորական՝ Յովհաննէս Սարգըզի ընտանիքին մէջ։ Ան ուսանած է Փարիզի մէջ, ուր սորված է իրաւաբանութիւն:

Կոստանդնուպոլիսին մէջ ստանձնած է պետական պաշտօններ եւ արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու։ Արմենակ եղած է Կոստանդնուպոլիսի Հայ գեղարուեստական միութեան հիմնադիրը (1919 թուական) եւ անոր նախագահը։

Սագըզեանի ջանքերով Փոքր Ասիոյ քաղաքներէն ու գաւառներէն հաւաքուած են ոչնչացումէն փրկուած հայկական մշակոյթի նշխարները։ Ան զբաղած է արեւելեան արուեստի, հայկական մանրանկարչութեան եւ արուեստի հարցերով։

Մահացած է 1944 թուականին՝ Կոստանդնուպոլիսի մէջ։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Արմենակ Սագըզեան եղած է աւելի քան 25 աշխատութիւններու հեղինակը («17-18-րդ դարերու պարսկական մանրանկարչութիւնը»՝ 1929 թուականին՝ Ֆրանսերէն լեզուով)։ 1940 թուականին լոյս ընծայած է անոր յօդուածներու ընտրանին՝ «Հայ արուեստի էջեր» խորագրով՝ Ֆրանսերէն լեզուով ստեղծագործութիւնը։