Արմէն ճամբար («Քամփ Արմէն», Պոլիս)

«Քամփ Արմեն» հայկական ճամբար, հայ աղքատ եւ որբ սաներու պատսպարան․ հիմնուած 1961-ին, Թուզլա, Պոլիս։

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Արմէն Ճամբարը, ծանօթ՝ «Քամփ Արմէն» եւ կամ իբրեւ Թուզլայի հայկական որբանոց անունով, կը հիմնուի 1961-ին, երբ Հայ Աւետարանական Եկեղեցույ հիմնադրամը (Կետիկփաշա շրջանի եկեղեցական խորհուրդ) կը գնէ Պոլսոյ Թուզլայի շրջանին մէջ 8․552 ք․ քմ․ տարածք մը, որպէսզի ծառայէ իբրեւ ամառնային ճամբար հայկական դպրոցի հայ աղքատ եւ որբ սաներու համար[1]։ Հոն պատսպարան գտած են, հասակ նետած եւ ուսում ստացած են մօտաւորապէս 1500 հայ մանուկներ, պատանիներ, (մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութենէն փրկուած գաւառի ընտանիքներու զաւակներ), որոնք հետագային Պոլսահայ համայնքին մէջ ներդրում բերած են, ինչպէս օրինակ՝ Հրանդ Տինք, անոր տիկինը՝ Ռաքէլ Տինք եւ շատ ուրիշներ։ Ճամբարի շէնքը կառուցուած է եւ մնացեալ հողատարածքին ծառատնկումը եղած է այդ իսկ տղոց ջանքերով, աշխատանքով։

«Քամփ Արմէն» ճամբարին նպատակը եղած է պահպանել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը՝ մշակոյթն ու լեզուն։

Տարիներ ետք, Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ապօրինի գործողութիւններով, ճամբարը կը խլեն հայ համայնքէն (1979), կը ծախեն ու 2015 սկիզբներուն կ՛ որոշեն շէնքը փլել ու վերածել հասոյթ բերող կեդրոնի մը։ Հակառակ սեփականատիրոջ փափաքին՝ զայն ամբողջութեամբ վերադարձնել իր իրաւատիրոջ, Պոլսահայ աւետարանական համայնքին:

Ընդիմութիւն եւ Պայքար Խմբագրել

Թրքական պետութեան այս որոշումին, կը հակադարձեն հայ երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ «Նոր Զարթօնք» շարժման եւ այս ուղղութեամբ կազմուած «Արմէն Ճամբարի զօրակցութեան շարժում»ին։

2015-ի գարնան, հայ երիտասարդներ տեսնելով հայ համայնքին լռութիւնը՝ թրքական իշխանութիւններու որոշումին հանդէպ եւ կալուածքին մէջ ոտք կոխած քանդիչ մեքենաներուն կողմէ «Քամփ Արմէն»ի մասամբ կործանումը, կացութիւնը իրենց ձեռքը կ՛առնեն։ 6 Մայիսէն ի վեր, «Նոր Զարթօնք»ի եւ «Արմէն Ճամբարի զօրակցութեան շարժում»ի անդամներ ու համակիրներ կալուածքին մէջ հերթական դրութեամբ հսկում կը կատարեն․ պահակ կը կենան ճամբարին փլուզումին դէմ: Պոլսոյ մէջ, պայքարը կը ծաւալի եւ նոյնիսկ տարբեր ազգերէ անձնաւորութիւններ կը զօրակցին, որպէսզի փրկուի «Քամփ Արմէն» ճամբարը։

Խաղաղ դիմադրութիւնը մօտաւորապէս չորս ու կէս ամիս կը տեւէ։

Ճամբարը հայ համայնքին կը վերադարձուի Խմբագրել

2015, 27 Հոկտեմբերին, Թուզլա շրջանի հայկական ճամբարը, կը վերադարձուի բուն տիրոջ՝ Կէտիկ Փաշայի Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

«Քամփ Արմէն»ի երիտասարդական կեդրոն Խմբագրել

Պոլսոյ քաղաքապետ՝ Էքրեմ Իմամօղլու, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանտ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով, 2021 19 Յունուարին, կը յայտնէ թէ Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդին միաձայն որոշումով, Թուզլայի հայկական որբանոցը, ուր Տինք անցուցած է իր մանկութիւնը, պիտի վերածուի «Քամփ Արմէն» ճամբար անունով երիտասարդական կեդրոնի։ Կ՛աւելցնէ նաեւ, թէ սկսած են ճամբարի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծի աշխատանքները։

[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. LLC Helix Consulting։ ««Արմէն» ճամբար, դիմադրութեան 41-րդ օր. Ստամպուլի հայկական ճամբարի պատմութիւնն ու ներկայ վիճակը»։ www.ermenihaber.am։ արտագրուած է՝ 2021-01-22 
  2. Ի յիշատակ Հրանտ Տինքի՝ Ստամբուլի քաղաքապետը Թուզլայի հայկական որբանոցը կը վերածի երիտասարդական կեդրոնի, 20-1-2021
  3. Ի յիշատակ Հրանտ Տինքի՝ Ստամբուլի քաղաքապետը Թուզլայի հայկական որբանոցը կը վերածի երիտասարդական կեդրոնի, 19-1-2021
  4. Հորիզոն - Պոլսոյ «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ՝ Հրանդ Կիւզէլեանի յուշերուն թրքերէնի թարգմանութեան առիթով, 30-3-2016
  5. Հայրենիք - Պոլիս.- «Արմէն Ճամբար»ը Վերադարձուեցաւ Հայ Համայնքին․ 28-10-2015
  6. Հայրենիք - Կոչ «Արմէն» Ճամբարը Վերադարձնելու, 20-5-2015
  7. [https://akunq.net/am/?p=45917 Ակունք - Ըստ «Ակօս»ի՝ պոլսահայութիւնը անտարբեր է 2015/07/31 ]
  8. Հարցազրոյց Բագրատ Էսդուգեանի հետ, 28 Դեկտեմբեր 2016
  9. hurriyetdailynews - Թուզլայի հայկական որբանոցը պիտի վերակառուցուի իբրեւ ընկերամշակութային կեդրոն, 14-5-2017(անգլերէն)
  10. History of KampArmen in 20 images, «Քամփ Արմէն»ի ճամբարին պատմութիւնը նկարներով

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Էքրեմ Իմամօղլու(անգլերէն)
  2. «Քամփ Արմէն» կազմակերպութիւն(անգլերէն)
  3. «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւն Archived 2021-01-28 at the Wayback Machine.(անգլերէն)