Արմին Վեգնըր (գերմաներէն՝ Armin Theophil Wegner, 16 Հոկտեմբեր 1886(1886-10-16)[2][3][4][…], Էյբերֆելդ, Էլբերֆելդ, Վուպերտալ, Դյուսելդորֆ, Հռենոսի պրովինցիա, Պրուսիոյ թագաւորութիւն, Գերմանական Կայսրութիւն[5][5] - 17 Մայիս 1978(1978-05-17)[2][3][4], Հռոմ, Իտալիա[5][5]), գերմանացի լուսանկարիչ, բանաստեղծ, լրագրող, հրապարակախօս, իրաւագիտութեան դոկտոր։ 1915-1916 թուականներուն, Տէր Զօրի անապատին եւ Կիլիկիոյ, Ամասիայի եւ Տաւրոսի կիրճերուն մէջ եղած է ականատեսը Հայոց Ցեղասպանութեան ու լուսանկարած է գաղթականներու կարաւաններ, ճամբարներ, սովահար, տանջահար մարդիկ, դիակներ եւ գանկերու բլուրներ:

Արմին Վեգնըր
Ծննդեան անուն գերմաներէն՝ Armin Theophil Wegner
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Johannes Selbdritt[1], Ömer-Tarik[1], Klaus Uhler[1] եւ Klaus Uhlen
Ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1886(1886-10-16)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Էյբերֆելդ, Էլբերֆելդ, Վուպերտալ, Դյուսելդորֆ, Հռենոսի պրովինցիա, Պրուսիոյ թագաւորութիւն, Գերմանական Կայսրութիւն[5][5]
Մահացած է 17 Մայիս 1978(1978-05-17)[2][3][4] (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Իտալիա[5][5]
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ, գրագէտ, Մարտիկ, բժիշկ, հեղինակ
Ամուսին Lola Landau? եւ Irene Kowaliska?
Երեխաներ Michele Wegner?

Վեգնըր առաջին անգամ ինքը ցուցադրած է իր լուսանկարները 1919-1921 թուականներուն եւ քաջութիւնը ունեցած է դատապարտելու Մեծ եղեռնը իր դասախօսութիւններուն ժամանակ:

1921 թուականին Վեգնըր, իբրեւ վկայ, ներկայ եղած է Սողոմոն Թեհլերեանի դատավարութեան՝ Պերլին, հաւաքած է սղագրական նիւթեր, գրած է յառաջաբան՝ «Արդար վճիռ», եւ հրատարակած է առանձին գիրքով՝ «Թալեաթ Փաշայի դատավարութիւնը...», 1921։

Իբրեւ գրող Խմբագրել

Ան գրած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններ, արձակ գործեր եւ վկայութիւններ, որոնց բնորոշ են մարդասիրութիւնը, եղբայրութեան գաղափարը, որեւէ ազգի հալածանքի մերժումը։

Բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը հրատարակուած է դեռեւս դպրոցական տարիներուն։ 1910 թուականին տպագրուած է «Արձակ բանաստեղծութիւններ» ժողովածոն։

1922 թուականին հրատարակուած «Ճիչ Արարատից» գրքոյկին մէջ, ներկայացնելով Զմիւռնիոյ կոտորածները, Վեգնըր դարձեալ հրապարակած է Թուրքիոյ կառավարող շրջաններու հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ արեւմտեան տէրութիւններու անտարբերութիւնը։

Ան երկու անգամ այցելած է Հայաստան՝ 1927-ին եւ 1968-ին։

1968-ին ան այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ խոնարհած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:

Երկեր Խմբագրել

  • Am Kreuzweg der Welten, В., 1982.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել