Արշակ Մուրատեան

Արշակ Մուրատեան (1953), Միացեալ Նահանգներու սննդամթերքի եւ նիւթափոխանակման խորհուրդի նախագահ, բժիշկ-փրոֆէսօրներու ազգային խնամակալ յանձնաժողովի նախագահ, Շաքարախտի ամերիկեան միութեան եւ ներքին հիւանդութիւններու ընկերութեան անդամ, Ֆլորիտա համալսարանի բժշկագիտութեան բաժանմունքի պաշտօնակալ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:

Արշակ Մուրատեան
Ծնած է 1953
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն ակադեմիկոս

Կրթութիւնը Խմբագրել

1976 թուականին աւարտելով Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, ստացած է մանրէաբանութեան եւ քիմիագիտութեան պսակաւոր գիտութեան (B.S.) աստիճան, իսկ 1980 թուականին՝ մագիստրոսի։ Ուսումնական տարիներուն ընտրուած է Ալֆա Օմեկա Ալֆա բժշկական միութեան պատուաւոր անդամ: Հետագային աւագ բժշկական դպրոցին մէջ դարձած է այդ միութեան տեղային մասնաճիւղի նախագահը։ Աւարտելով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը՝ երեք տարի աշխատած է Մինեսոթի համալսարանի ներքնահոսային բաժանմունքին մէջ, որտեղ ալ ընտրուած է Ֆի Քափփա Ֆի միութեան անդամ։ Արշակ Մուրատեանը ամերիկեան վիրաբոյժներու, ներքնահոսային մասնագէտներու, շաքարախտի խորհուրդի կողմէ ճանչցուած է որպէս վիրաբոյժ։

1985 թուականին Մուրատեանը Լոս Անճելըսի Կալիֆորնիական համալսարանին մէջ ստանձնած է բժշկութեան փրոֆէսօրի օգնականի պաշտօնը։

1988 թուականին տեղափոխուած է Արիզոնայի համալսարան՝ որպէս բժշկութեան փրոֆէսօր, հետագային նշանակուած է ծերացման խնդիրի հետազօտութիւններու բաժանմունքի տնօրէն։ Այնուհետեւ Մուրատեանը տեղափոխուած է Սէնթ Լուիսի համալսարան՝ որպէս բժշկութեան փրոֆէսօր եւ ներքնահոսային, շաքարախտի եւ մետապոլիզմի բաժանմունքի տնօրէն։ Անոր հմուտ եւ եռանդուն աշխատանքին շնորհիւ բաժանմունքը որակապէս աճած է եւ 1999 թուականին US News-ի եւ World Report-ի կողմէ ճանչցուած է ԱՄՆ-ի 14-րդ լաւագոյն բաժանմունքը։

Արշակ Մուրատեանը Դեկտեմբեր 2002-ին ընտրուած է ներքին գործարաններու բժշկութեան Սէնթ Լուիսի միութեան նախագահը։ Ան Սէնթ Լուիսի համալսարանին մէջ անդամակցած է մի քանի հիմնական խնամակալ յանձնաժողովներու, ինչպիսի են՝ համալսարանի բժշկական խումբի ղեկավարող մարմինը (2000-2002 թուականներուն ան ղեկավարած է այդ յանձնաժողովը), համալսարանի բժշկական խումբի կառավարչութիւնը եւ դարմանական գործերու յանձնաժողովի վստահուած անցանց կառավարչութիւնը։

2006 թուականի Մայիսէն, Մուրատեանը Ֆլորիտայի համալսարանի բժշկութեան ամպիոնի վարիչն էր եւ միաժամանակ UF & Shands հիւանդանոցին մէջ ղեկավարած է բժշկական ծառայութիւնները։

Ուսումնասիրութիւնները Խմբագրել

Արշակ Մուրատեանի հետազօտական հետաքրքրութիւնները կեդրոնացուած են շաքարախտի հիւանդութիւններու ոլորտին շուրջ։ Ան ներքնահոսային մասնագիտական միութեան եւ շաքարախտի ամերիկեան միութեան անդամ է եւ որպէս սնունդի խորհուրդի ղեկավար, նաեւ մեծահասակներու շաքարախտի փորձագէտներու խումբի ղեկավար։ Ան ներկայիս Therapeutics, Drugs, Drugs and Aging and Academic Internal Medicine ամերիկեան ամսագիրին խմբագիրներէն է, նաեւ խորհրդատու է շարք մը միջազգային դեղագործական ընկերութիւններու։

Արշակ Մուրատեանը բազմաթիւ մենագրութիւններու եւ աւելի քան 400 հրապարակումներու հեղինակ է, դասախօսութիւններ տուած է հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ՝ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ան հրաւիրուած փրոֆէսօր եղած է շարք մը հաստատութիւններու մէջ եւ երկու տարի դասախօսած է Սուն Յաթ Սէն համալսարանին մէջ՝ Չինաստան։

Գոհ ըլլալով իր նախկին ձեռքբերումներէն՝ Արշակ Մուրատեանը եւ անոր ընտանիքը շատ բարձր գնահատեցին եւ հպարտ են, որ 2008 թուականին Մուրատեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։

Ամէնօրեայ պարտականութիւններէն եւ գիտական հետազօտութիւններէն զատ ան ազատ ժամանակը կը սիրէ անցընել իր ընտանիքին հետ՝ Ճէքսոնվիլի իրենց առանձնատան մէջ։ Ան ունի երեք զաւակ։ Երաժշտութիւնը միշտ շատ կարեւոր եղած է այս ընտանիքին մէջ։ Արշակին մայրը առաջնակարգ դաշնակահարուհի էր, իսկ քոյրը, յայտնի մենակատար-դաշնակահարուհի է։ Ինքը՝ Մուրատեանը, կիթառ կը նուագէր։ Ան շատ կը սիրէ ճամբորդել, եւ պատմական յուշարձաններ ուսումնասիրել, որ անոր կարեւոր նախասիրութիւններէն է։

Մուրատեանը այսօր Խմբագրել

Այսօր փրոֆէսօր Արշակ Մուրատեանը Ֆլորիտայի համալսարանի բժշկագիտական մասնագիտութեան նախագահն է եւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Սննդամթերքի եւ նիւթափոխանակման խորհուրդի նախագահը, բազմաթիւ միութիւններու եւ ընկերութիւններու անդամ[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել