Արշիլ Կորքի, աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան (15 Ապրիլ, 1904 - 21 Յուլիս, 1948), ազգութեամբ հայ ամերիկացի գեղանկարիչ։ Կորքի հիմնաւոր եւ առաջնորդող ազդեցութիւն ունեցաւ գեղանկարչութեան մէջ վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ։ Ան իր կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի։ Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլըմ տէ Քունինկի հետ միասին, Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է որպէս 20-րդ դարու ամերիկացի ամենաազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։ Ըստ բացատրութեանց, անոր գործերը կը կրեն ազդեցութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն։[11]

Արշիլ Կորքի
անգլերէն՝ Arshile Gorky
Ծննդեան անուն Ոստանիկ Մանուկ Ատոյեան
Ծնած է 15 Ապրիլ, 1904
Ծննդավայր Վան, Հայաստան
Մահացած է 21 Յուլիս 1948(1948-07-21)[1][2][3][…] (44 տարեկանին)
Մահուան վայր Շերման[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[6]
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[7][8]
Ուսումնավայր Դիզայնի ազգային ակադեմիա?
Grand Central School of Art?
Ազդուած է Փիքասօ, Սէզան
Տեսակ դիմանկար[9], աբստրակցիոնիզմ?[10], ինքնապատկեր?[10], լուռ բնութիւն[10] եւ դիմապատկեր[10]
Մասնագիտութիւն նկարչութիւն
Անդամութիւն 8-րդ փողոցի ակումբ?
Ամուսին Ակնես Մակրուտըր
Երեխաներ Մարօ Ատոյեան, Եալտա Ատոյեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կորքին ծնած է 15 Ապրիլին, 1904 թուականին, Խորկոմ գիւղը, Վանա լիճին ափերը, Օսմանճեան Կայսրութեան մէջ։ Չափահաս օրերուն յստակ չէ յայտարարած ծննդեան թուականը, տարիէ տարի փոխելով. 1908 թուականին, իր հայրը գաղթեց ԱՄՆ, ջարդերէն խուսաբելու, իր ընտանիքը Վան ձգելով։

1915 թուականին, Արշիլը իր մօր ու երեք քոյրերուն հետ կը փախչի դեպի Ռուսական հսկողութեան տակ գտնուող տարածք։ Ժամանակ մը ետք, մայրը կը մահանայ Երեւանի մէջ, սովի պատճառով, 1919 թուականին։ ԱՄՆ հասնելէ ետք, 1920 թուականին, Արշիլը իր հօր կը միանայ, բայց բնաւ առիթը չէին ունեցած մտերմանալու։

Իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութիւնէն մղուած կ՚որդեգրէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը, ինքզինքը վրացական ազնուական ըսելով (վրացական Արշիլ անունը առնելով), եւ նոյնիսկ պնդելով՝ թէ ինքը Ռուսական գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին հարազատ է։

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Կորքին 1922-ին կ'արձանագրուի Պոսթընի Նիւ Սքուլ օֆ Տիզայն (անգլ.՝ New School of Design) համալսարանը: Հետեւաբար հոն կիսաժամ ուսուցչութեան կը սկսի: 1920ներու ընթացքին մէծամասնութեամբ յետ-տպաւորապաշտական գործեր առաջ կը բերէ բայց միաժամանակ տպաւորապաշտութենէն ազդուած է: Այս ընթացքին Նիւ Եորք կը բնակի ուր Փոլ Սէզանէն (անգլ.՝ Paul Cézanne) կ'ազդուի: 1925-ին Էտմընտ Կրիսըն (անգլ.՝ Edmund Greacen) Grand Central Art Galleries-ի տնօրէնը, իրեն կ'առաջարկէ Grand Central School of Art ուսումնարանը ուսուցչութիւն ընել: Կորքին այս առաջարկը կ'ընդունի եւ մինչեւ 1931 հոն կը մնայ: 1927-ին, Կորքին Էթըլ Քրեյմըր Շուապակըրի (անգլ.՝ Ethel Kremer Schwabacher) հետ կը ծանօթանայ ու անբաժան ընկերներ կը դառնան: Շուապակըրը կ'ըլլայ իր առաջին կենսագիրը: Կորքին կ'ըսէ.«Հոգեկան սնունդը արուեստագէտի սերմն է: Երեւակայութիւնը արուեստագէտին վրձինի մազերն է: Ինչպէս որ աչքը ուղեղի զգայարանն է, արուեստն ալ իմ ամենաներքին ըմբռնումովս իմ աշխարհահայեացքովս հաղորդելու միջոցս է:»:

1931-ին, Կորքին, որոշ գործերուն մէկ շարքը Նիւ Եորքի Downtown Gallery-ին կը ղրկէ որոնք 100 տոլարէ 450 տոլար կ'արժեն: (Պատկերասրահի արձանագրութիւնները արուեստագէտին անունը «Archele Gorki» ձեւով հեգուած է որ վերչաւորութեան «y» տառը «i» տառին հետ փոխուած է: Կորքիին այս միջոցին առաջ բերած գործերուն մէծամասնութիւնը ստորագրուած չէն:) Այս պատկերասրահին հետ իր յարաբերութիւնը յայտնի չէ: Տիկին Ճոն Տ. Ռաքըֆելլըր (անգլ.՝ John D. Rockefeller) որ իրական անունը Էպպի Օլտրիջ Ռաքըֆելլըր (անգլ.՝ Abby Aldrich Rockefeller) է, պատկերասրահէն Պտուղ (անգլ.՝ Fruit) անունով Սէզանայի կերպով անկենդան բնութեան նկարչութիւն մը կը վճարէ: Հաւանաբար Կորքին պատկերասրահի տնօրէնին ծանօթացնողը Սթիւըրթ Տէյվիսն (անգլ.՝ Stuart Davis) է որուն երկերը կանոնաւորապէս կը ցուցադրուէին:

1933-ին, Արշիլ Կորքին «Works Progress Administration Federal Art Project»-ի մէջ աշխատող առաջին արուեստագետներէն մէկը եղաւ։ Նաեւ Ալիս Նիըլ (անգլ.՝ Alice Neel), Լի Քրեսնըր (անգլ.՝ Lee Krasner), Ճեքսըն Բօլլօք (անգլ.՝ Jackson Pollock), Տիէկօ Ռիվէռա (անգլ.՝ Diego Rivera), Մարք Րօթքօ եւ այլն ալ այս ծրագիրը աշխատողներէն էն:

«Nighttime», «Enigma», «Nostalgia» (1930-1934) գործերու բարդ շարքն է, որ կը յատկանշէ այդ ժամանակաշրջանը իր գործին եւ ոճին հոլովութեան մէջ։ «Portrait of Master Bill» կտաւը կը նկարագրէ Կորքիին նկարիչ ընկերը՝ Ուիլլեմ տը Քունինկը։ Տը Քունինկը ըսաւ «Ահագին արուեստագէտներու հանդիպած եմ, բայց յետոյ հանդիպեցայ Կորքիին... Իր մեծ ձիրքն այն է՝ որ միշտ նպատակակէտին կը հասնի. տպաւորի՛չ։ Ուրեմն անմիջապէս իրմով հետաքրքրուեցայ եւ մտերիմ ընկերներ դարձանք։ Հաճելի եր նոր տեղ մը հանդիպող երկու օտարներ ըլլալ։» Սակայն նոր պատահած հրատարակումներ կը հաստատեն թէ նկարը տը Քունինկը չի նկարագրեր, բայց իրականութեամբ՝ շուէտական ատաղձագործի մը դիմանկարն է։ Կորքին իրեն կը կոչէր Մասթըր Պիլ (անգ. Master Bill) ու իրեն գեղարուեստի դաս տուած էր իր աշխատանքին փոխարէն։

Երբ Կորքին իր նոր գործը ցոյց կու տայ Անտրէ Պրըթօնին 1940-ներուն, նոր ստեղծած նկարչութիւնները տեսնելէն ետք, մանաւանդ «The Liver is the Cock's Comb» կտաւը,Պրըթօնը կը հաստատէ, թէ այս երկը «Ամերիկա ստեղծուած նկարչութիւններէն ամէնակարեւորը», ու նաեւ կը հաստատէ, թէ Կորքին գերիրապաշտ է, որ Պրըթօնէն կողմէն ամենամեծ գնահատումն է։ Պատկերը ցուցադրուեցաւ գերիրպաշտներուն վերջին ցուցահանդեսին ընթացքին, «Galerie Maeght»-ը, Փարիզ, 1947 թուականին։

Մայքըլ Աօփինկը (անգլ.՝ Michael Auping), Ֆորթ Ուորֆի «Modern Art Museum»-ին ցուցահանդէսները կազմակերպիչներէն մէկը, այդ պատկերին մէջ զգաց «զօրաւոր սեռական խաղարկութիւն» մը, իր հայկական անցեալէն կարօտագին ակնարկութիւններով միաձուլուած։ 1944 թուականին իր գործը ցոյց կու տայ թէ հետզհետէ ինք կ՚անկախանայ Սէզանի եւ Փիքասոյի ազդեցութիւններէն, դէպի իր անձնական ոճը, եւ անկասկած իր լաւագոյն երկերէն մէկն է The Liver is the Cock's Comb նկարը։ Շատ լայն է ինքը, ու կը նկարագրէ «վերացական, կիսաթափանցիկ գոյներով ներկուած թաց փետուրներով լցուած, որոնք փշոտ, կարծես պատռուած ձեւերու շուրջը հաւաքուած են, նեղ, սուր սեւ գիծերով ներկուած, կտուցներ ու ճանկեր ձեւացնող տեսարան մը»։

Անձնական կեանք Խմբագրել

Արուեստագէտ Քորին Միշել Ուեսթը (անգ. Corinne Michelle West) Կորքիին մուսան էր, եւ հաւանաբար իր սիրահարը, թէեւ Քորինը բազմաթիւ ամուսնութեան առաջարկներ մերժած էր։ 1941 թ.-ին, Կորքին կը հանդիպի Ակնես Մակրուտըրին (1921-2013) ու հետը կ՚ամուսնանայ։ Շուտով իրեն «Մուկուշ» կը կոչէ, հայկական սիրային ծածկանուն մը։ Երկու հատ աղջիկ կ՚ունենան, Մարօն ու Եալտան (քանի մը ամիս ետ վերակոչուած Նաթաշա)։ 1946 թ.-էն սկսեալ Կորքին դժուարութիւններու դէմ կը գտնուի։ Իր արուեստանոցը կ՚այրի, խլիրդ մը կը յայտարարուի, եւ կ՚անդրադառնայ Մուկուշին անհաւատարիմ ըլլալէն, Րօպէրթօ Մաթթա նկարիչին հետ։ 1948 թ.-ին, Կորքին կը կոտրէ իր վիզը, ու իր ներկող թեւը կ՚անդամալուծուի ինքնաշարժի արկածէ մը ետք, ու իր կինը կը լքէ իրեն, երեխաները հետը տանելով։ Կորքին կախամահ կ՛ըլլայ Շէրման, Քօնէքթիքըթ, 1948 թ.-ին, 44 տարեկանին։ Թաղուած է Շէրմանի Հիւսիսային Գերեզմանատունը։

Անհատական ցուցահանդէսներ Խմբագրել

  • 1934 Մելլոն (at the Mellon Galleries) պատկերասրահ, Ֆիլատելֆիա
  • 1939 Պոյեր (at Boyer Galleries) պատկերասրահ, Նիւ եորք
  • 1945 Ժիւլիէն Լեվի (Julien Levy Gallery) պատկերասրահ Նիւ եորք
  • 1941 Սան Ֆրանսիսքոյի արուեստներու թանգարան
  • 1963 Ամերիկեան (graphic) նկարագծական ցուցահանդէս, Երեւան

Արշիլ Կորքիի Մեծ Թիւով Գործեր Պիտի Բերուին Հայաստան Խմբագրել

Աշխարհահռչակ նկարիչ, վերացական արտայայտչապաշտութեան ամերիկեան դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արշիլ Կորքի 1916-19 թուականներուն՝ հայոց պատմութեան ամէնէն բարդ ժամանակաշրջանին կ՛ապրէր Երեւանի կեդրոնը։ Այդ տարածքը այսօր կը կոչուի Աբովեան փողոցի փակուղի. յայտնի լրագրող, հասարակական գործիչ Ադօ Ադոյեան նկարիչին հօրեղբօր տղան էր, որուն հետ անցուցած էր ամբողջ մանկութիւնը։

Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր ցուցասրահներուն մէջ կը գտնուին Արշիլ Կորքիի նկարները։ Հայաստանի մէջ, այսօր, կայ միայն մէկ գծանկար, սակայն ան Հայաստանին կտակած է բաւական մեծ թիւով նկարներ, որոնք Հայաստան պիտի բերուին եւ պիտի հանգրուանեն Էջմիածինի մէջ։[12]

Արշիլ Կորքիի կտաւները Խմբագրել

Արշիլ Կորքիի կտաւները կը գտնուին ԱՄՆ-ի շարք մը նշանաւոր, Լոնտոնի «Թեյթ» եւ Փարիզի Ժորժ Փոմփիտուի անուան ժամանակակից արուեստներու թանգարաններու մէջ, ցուցադրուեր են աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. RKDartists
  3. Encyclopædia Britannica
  4. http://vocab.getty.edu/page/ulan/500021392
  5. Կերպարվեստի արխիվ
  6. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  7. Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  8. Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 290.
  9. https://americanart.si.edu/artist/arshile-gorky-1882
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 https://rkd.nl/explore/artists/32837
  11. «Arshile Gorky Roofs, Goats»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-25-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-28 
  12. Արշիլ Կորքիի Մեծ Թիւով Գործեր Պիտի Բերուին Հայաստան Archived 2020-06-11 at the Wayback Machine.[]

Աղբիւրներ Խմբագրել