Արտաշէս Բաբալեան

Արտաշէս Բաբալեան (17 Նոյեմբեր 1886(1886-11-17), Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Օգոստոս 1959(1959-08-01), Թեհրան, Իրան), բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, հրատարակիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Արտաշէս Բաբալեան
Ծնած է 17 Նոյեմբեր 1886(1886-11-17)
Ծննդավայր Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Օգոստոս 1959(1959-08-01) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Կրթութիւն Ժընեւի համալսարանի բժշկական հիմնարկ
Մասնագիտութիւն բժիշկ, հասարակական գործիչ, քաղաքական գործիչ
Կոչում բժշկութեան դոկտոր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն եւ գործունէութիւն Խմբագրել

Ծնած է Արցախի Շուշի քաղաքը: Ուսանած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ: Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է ՀՅԴ աշակերտական խումբերուն: Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան Շուշիի կոմիտէին, ապա` Ղարաբաղի Կեդրոնական կոմիտէին:

Հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին վրայ:

1906-1907 թուականներուն Պաքուի մէջ գործակատար աշխատած է վառելանիւթային արդիւնաբերական ընկերութեան մը մէջ:

1907-1912 թուականներուն ուսանած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ` բժշկութեան դոկտորի աստիճան ստացած: Ժընեւի մէջ եւս շարունակած է կուսակցական եռանդուն գործունէութիւն, եղած է «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եւ աշխատակցած` ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ին:

1912-ին վերադարձած է Շուշի, ապա մեկնած` Ս. Փեթերսպուրկ եւ Օպուխովի հիւանդանոցին մէջ բժիշկ աշխատած է: Միաժամանակ պատրաստուած է պետական քննութեան`  Ռուսիոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղելու թոյլտուութիւն ստանալու համար:

1913 Օգոստոսին, իբրեւ ՀՅԴ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդէն ընտրուած պատուիրակ, մասնակցած է Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅԴ Է. Ընդհանուր ժողովին:

Քաղաքական գործունէութիւն Խմբագրել

1915-ին, երբ կ՛ընթանար Ա. Համաշխարհային պատերազմը, լքելով Խարկովը` մտած է Վարդան Մեհրապեանի (Խանասորի Վարդան) հրամանատարութեան տակ գործող հայ կամաւորական գունդի մէջ, եղած է անոր բժշկապետը եւ գունդին հետ միասին հասած է Վան:

7 Մայիս 1915-ին, Վանը ազատագրելէ ետք այդտեղ հիւանդանոցներ կազմակերպած է: Համագործակցած է Վանի ժամանակաւոր կառավարութեան հետ եւ նշանակուած` ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ ու քաղաքապետութեան անդամ: Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերու շնորհիւ, հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգտիր տեղափոխուած են: Այս տարհանումը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար պարգեւատրուած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան խաչ» շքանշանով եւ մետալով: Կարճ ժամանակ Էջմիածնի մէջ զբաղած է գաղթականներու խնամատարութեան գործով:

1916-ին ուղարկուած է Վան, ուր վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու գործով զբաղած է: Այնուհետեւ մեկնած է Թիֆլիս, երբ սկսած է ռուսական բանակին նահանջը կովկասեան ռազմաճակատէն: 1917-1920 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ հրատարակած է «Աշխատաւոր» օրաթերթը: 1917-ին Թիֆլիսի մէջ ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, «Համառուսական քաղաքներու միութիւն» կազմակերպութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ կատարած է: Անդրկովկասի սէյմի կազմաւորումէն ետք մասնակցած է ընտրապայքարին` իբրեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ:

1918-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է երկու անգամ: 1918-ին գացած է Կոստանդնուպոլիս` միանալու Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհրդական:

1919 Սեպտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: 31 Հոկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 5 Մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի, ապա հանրային խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարար, 5 Մայիսէն 30 Հոկտեմբեր եղած է այդ գերատեսչութեան նախարարի պաշտօնակատար: 1920 Մայիսին Ղարաքիլիսայի մէջ մասնակցած է պոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշումին: 1920 Սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ` կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով: 30 Հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի անկումի ժամանակ թուրքերու ձեռքը գերի ինկած է: 1920-1921 թուականներուն արգելափակուած է Կարսի, ապա Կարնոյ բանտերուն մէջ: 1921 Հոկտեմբերին, գերութենէ ազատելէ ետք անցած է Թաւրիզ, քանի որ Հայաստանը արդէն խորհրդայնացուած էր:

Հասարակական գործունէութիւն Խմբագրել

1931 եւ 1939 թուականներուն բժիշկը ծանր ողբերգութիւններ ապրած է` կորսնցնելով զաւակները` Ռենոն եւ Վիգէնը: Իր ծանր վիշտը փարատելու համար ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն: 1943 Սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերու Իրան մուտքէն ետք ձերբակալուած է խորհրդայիններու կողմէ: 1943-1945 թուականներուն անցուցած է բանտին մէջ: 4 յունիս 1945-ին ազատած է բանտէն: 1945-ին եւ հետագայ տարիներուն ընտրուած է Թեհրանի գործակալական ժողովի անդամ, ապա` Եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, ապա Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ եւ Թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, ապա` նախագահ: Այնուհետեւ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուած է: Մասնակցած է ՀՅԴ ԺԵ. եւ ԺԶ. Ընդհանուր ժողովներուն:

Արտաշէս Բաբալեանը մահացած է 1 Օգոստոս 1959-ին, Թեհրանի մէջ, սրտի հիւանդութենէ[1]:

Պարգեւներ Խմբագրել

  • Գէորգիեւեան խաչի շքանշան (1915)։

Երկեր Խմբագրել

  1. «Յուշերի գիրք», 1959-ին Գահիրէի մէջ հրատարակած է:
  2. Կարսի անկումը, «Նաիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ։
  3. Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնը եւ այլ յիշատակներ, Կլենտէյլ, 1997։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Մկրտիչ Պոտուրեան, Հայ հանրագիտակ, գիրք Բ. Պուքրէշ, 1939։
  2. Աւօ, Յեղափոխական Ալպոմ, Հալէպ, Գ. շարք, 1960, թ. 2 (26)։
  3. Գէորգեան Կարօ, Դոկտ. Արտաշէս Բաբալեան, Ամէնուն տարեգիրքը, Է. տարի, 1960, Պէյրութ, 1961։
  4. Վրացեան Սիմոն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Երեւան, 1993։
  5. Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-աթլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։