Արտաւազդ Բ. (ՔԱ 1-ին դար, Մեծ Հայք - ՔԱ31[1] կամ ՔԱ34[2], Աղեքսանդրիա[2]), Հայոց թագաւոր (Ք.ա. 55 - 34)։ Յաջորդած է հօրը՝ Տիգրան Մեծին։ Տիգրան Մեծի կառավարման վերջին տարիներուն Արտաւազդը եղած է անոր գահակիցը։

Արտաւազդ Բ.
հին յուն․՝ Αρταβάσδης της Αρμενίας
Ծնած է ՔԱ 1-ին դար
Ծննդավայր Մեծ Հայք
Մահացած է ՔԱ31[1] կամ ՔԱ34[2]
Մահուան վայր Աղեքսանդրիա[2]
Կրօնք Հայ հեթանոսություն?
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ծնողներ հայր՝ Մեծն Տիգրան[1], մայր՝ Կլեոպատրա Պոնտացի?
Երեխաներ Տիգրան Գ․, Արտաշէս Բ եւ Արտաւազդ Գ․

Տիգրան Մեծին յաջորդեց թագաժառանգ Արտաւազդ Բ․-ը (Ք.ա. 55 - Ք.ա. 34), որ բազմակողմանի զարգացած, օտար լեզուներու գիտակ, մտաւորական անձնաւորութիւն էր։ Յոյն պատմիչ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Արտաւազդը «կը յօրինէր ողբերգութիւններ, կը գրէր ճառեր ու պատմական երկասիրութիւններ»։ Ան նաեւ հմուտ դիւանագէտ էր, իրատես քաղաքագէտ եւ, ինչպէս ցոյց տուին յետագայ իրադարձութիւնները՝ ռազմական գործիչ։ Ան եւս կը կոչուէր «արքայից արքայ», քանի որ անոր իշխանութեան տակ էր հարեւան Ատրպատականը։

Արտաւազդ Բ.-ը գահ բարձրացած է Մեծ Հայքի համար բարդ քաղաքական իրավիճակի մէջ։ Արտաշատի պայմանագիրը արմատապէս փոխեց ուժերու յարաբերակցութիւնը Առաջաւոր Ասիոյ մէջ։ Հայոց թագաւորութիւնը, որ երկար տարիներ յաջողութեամբ պայքար կը մղէր Հռոմի նուաճողական քաղաքականութեան դէմ, այժմ իր դիրքերը զիջեցաւ Պարթեւաստանին։ Մեծ Հայքը յայտնուեցաւ երկու հզօր տէրութիւններու միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ջանք չէր խնայեր ապահովելու անոր դաշնակցութիւնը։

Մեծ Հայքի դիրքորոշումը կը դառնար չափազանց կարեւոր, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէր տիրապետող դիրք ստանալ տարածաշրջանին մէջ եւ իշխել Արեւելքին վրայ։ Արտաւազդ Բ․-ը կողմնակից էր չէզոքութեան քաղաքականութեան։ Ան կը փորձէր երկու տէրութիւններուն հետ ալ բարի դրացիական յարաբերութիւններ պահպանել եւ թոյլ չտալ, որ Մեծ Հայքը ներքաշուի պատերազմներու մէջ։ Հակառակ պարագային Արտաւազդը հակած էր ընտրելու Մեծ Հայքի համար առաւել անվտանգ դաշնակցութիւնը։ Արտաւազդ Բ.-ը գահ բարձրանալէ ետք, յենելով երկրի ռազմական ուժերուն վրայ եւ օգտագործելով հռոմէա-պարթեւական հակասութիւնները, կ'աշխատի Հայաստանը դուրս բերել Հռոմի նկատմամբ ունեցած կախումէն եւ վերականգնել անոր ինքնուրոյնութիւնը։

Այդ երբեմն կ'ըլլար Հռոմը, երբեմն՝ Պարթեւաստանը։ Սակայն Հռոմը որպէս առաւել հզօր ուժ պակաս ցանկալի էր որպէս դաշնակից, քանի որ բացայայտօրէն կը սպառնար Մեծ Հայքի անկախութեան։ Ուստի Արտաւազդ Բ․-ը աւելի յաճախ կը հակէր դէպի Պարթեւաստան։

Մարքոս Քրասսոսի Արեւելեան Արշաւանքը Խմբագրել

 
Յուլիոս Կեսար

Ք.ա. 60 թուականին Հռոմի երեք ականաւոր գործիչներ՝ Պոմպէոսը, Յուլիոս Կեսարը եւ Մարքոս Քրասսոսը, ստեղծեցին դաշինք մը, որ պատմագիտութեան մեջ յայտնի է «Առաջին եռապետութիւն» անունով։ Եռապետերը հռոմէական հանրապետութիւնը բաժնեցին ազդեցութեան գօտիներու։ Մարքոս Քրասսոսը ստացաւ արեւելքը եւ միաժամանակ պարթեւներու դէմ պատերազմելու իրաւունքը։ Ք.Ա. 54 թուականին ան ժամանեց Արեւելք եւ սկսաւ նախապատրաստուիլ պարթեւներու դէմ արշաւանքին։ Փառասէր եւ մեծամիտ Քրասսոսը, ինչպէս կը գրէ ժամանակակից պատմիչը, կ'երազէր կրկնել Ալեքսանտր Մակեդոնացիի սխրանքը եւ հասնիլ մինչեւ Հնդկաստան։

Քրասսոսը պահանջեց, որ իրեն ներկայանան Հռոմի բոլոր դաշնակից երկիրներու արքաները եւ զօրք տրամադրեն։ Անոր ներկայացաւ նաեւ Արտաւազդ Բ․-ը։ Հաւատարիմ մնալով Ք.ա. 66 թուականի հայ-հռոմէական պայմանագիրին, ան, որպէս «հռոմէական ժողովուրդի բարեկամ եւ դաշնակից», Քրասսոսին խոստացաւ տալ նշանակալից քանակութեամբ զինուած ուժեր (16 հազարնոց այրուձի եւ 24 հազարնոց հետեւազօրք)։

Արտաւազդը միաժամանակ առաջարկեց պարթեւներու դէմ արշաւանքը կազմակերպել Մեծ Հայքի տարածքով։ Հայոց արքան ատիկա կը հիմնաւորէր այդ արշաւանքի յիշեալ ուղիին, թէեւ աւելի երկար, սակայն միանգամայն անվտանգ ըլլալով, քանի որ Մեծ Հայքի լեռնային տեղանքը կը զրկէր պարթեւական հեծելազօրքին իր բոլոր առաւելութիւններէն։ Աւելորդ է ըսել, որ Արտաւազդը մտադիր էր հռոմէական բանակի ուժերով Մեծ Հայքը զերծ պահել Պարթեւներու հնարաւոր ներխուժումէն։ Սակայն, ցաւօք, Քրասսոսը ընտրեց արշաւանքի թէեւ կարճ, սակայն վտանգաւոր ուղին, որ կ'անցնէր Միջագետքի դաժան, չոր եղանակ ունեցող անծայրածիր անապատներով եւ տափաստաններով։

Տուն վերադառնալու ճանապարհին Արտաւազդը լուր ստացաւ, որ Պարթեւներու Օրոտես թագաւորը ներխուժած էր Մեծ Հայք եւ կ'ասպատակէր երկրին հարաւային տարածքները։ Արտաւազդը, բնականաբար, այլեւս չէր կրնար օգնական զօրք տրամադրել Քրասսոսին. ան պարտաւոր էր պաշտպանել հայրենիքը։ Իմանալով այդ մասին՝ Քրասսոսը Արտաւազդին կը մեղադրէ դաւաճանութեամբ եւ կը սպառնայ պարթեւական արշաւանքը աւարտելէն ետք պատժել հայոց արքան։

 
Մարքոս Կրասսոս

Արտաւազդը՝ ցուցաբերելով ճկուն քաղաքական միտք եւ հեռատեսութիւն, փոխեց իր դիրքորոշումը եւ Օրոտեսին առաջարկեց դաշինք կնքել եւ համատեղ ռազմական գործողութիւններ ծաւալել հռոմէացիներուն դէմ։ Պարթեւներու թագաւորը սիրով ընդունեց այս առաջարկը, եւ Ք.ա. 54 թուականի վերջերուն Արտաշատի մէջ կնքուեցաւ հայ-պարթեւական համաձայնագիր մը, որ ամրապնդուեցաւ հայոց թագաւորի քրոջ եւ պարթեւներու թագաժառանգ Բակուրի ամուսնութեամբ։

Այդ ընթացքին Քրասսոսը, հսկայական կորուստներ տալով, Ք.ա. 53 թուականի գարնան 45.000-նոց զօրքով անցաւ Եփրատ գետը, հասաւ Միջագետքի Խառան քաղաքը։ Քրասսոսը Միջագետքի տափաստաններով կը շարժի պարթեւներու դէմ։ Պարթեւաստանի թագաւոր Օրոտեսը իր զօրքէն մաս մը զօրավար Սուրէնի հրամանատարութեամբ կ'ուղարկէ Քրասսոսի դէմ, իսկ ինքը միւս մասով կու գայ Հայաստան։ Պարթեւական բանակը դանդաղ կը նահանջէր՝ երկրի խորքը ներքաշելով հռոմէական զօրքերը։ Սակայն շուտով պարթեւները դադրեցան նահանջելէ, եւ Ք.ա. 53 թուականի 6 Մայիս-ին պարթեւ զօրավար Սուրէնը մեծ բանակով յանկարծակի ու շեշտակի հարուածով գլխովին ջախջախեց հռոմէական զօրքը։ Սպաննուածներու թիւը կ'անցնէր 20 հազարը, գերիներունը՝ 10 հազար։ Սպաննուեցան նաեւ Քրասսոսն ու անոր որդին։ Խառանի ճակատամարտը աւարտեցաւ պարթեւներու յաղթանակով։

Յոյն պատմիչ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Սուրէնը սպաննուած Քրասսոսի գլուխը կ'ուղարէ Մեծ Հայք։ Այդ ժամանակ հայ եւ պարթեւ արքաները, իրենց մերձաւորները Արտաշատի թատրոնի մէջ կը դիտէին յոյն նշանաւոր թատերագիր Եւրիբիտէսի «Բաքոսուհիները» ողբերգութիւնը։ Յոյն դերասան Եասոնը եղջերուի պուտաֆորային գլուխի փոխարէն բեմ դուրս կու գայ Քրասսոսի գլուխով եւ կ'արտասանէ. «Մենք կու գանք սարերէն եւ բերեր ենք մեր հետ հարուստ որս», ինչ որ մեծ ցնծութեամբ կ'ընդունուի հանդիսականներուն կողմէ։ Նոյն պատմիչի խօսքերով՝

 
- այսպէս աւարտեցաւ Քրասսոսի արեւելեան արշաւանքը, որ վերջացաւ ողբերգութեան նման
 


Մարքոս Անթոնիոսի Պարթեւական արշաւանքը Խմբագրել

 
Օգտաւիանոս Օգոստոս

Քրասսոսի պարտութիւնը ծանր տպաւորութիւն ձգեց Հռոմի մէջ, սակայն ներքաղաքական բարդ իրադարձութիւնները խանգարեցին նոր արշաւանքներու կազմակերպութիւնը եւ պարթեւներէն վրէժխնդրութիւնը։ Աւելին, Յուլիոս Կեսարի սպանութիւնը (Ք.ա. 44) երկիրը ներքաշեց քաղաքացիական պատերազմներու յորձանուտը։ Օգտագործելով յարմար պահը՝ պարթեւա-հայկական միացեալ բանակը Ք.ա. 40 թուականին, Պարթեւ թագաժառանգ Բակուրի եւ հայ զօրավար Վասակի գլխաւորութեամբ անցաւ Եփրատը եւ ներխուժեց Ասորիք։ Փիւնիկէի, Ասորիքի, Պաղեստինի եւ Միջերկրական ծովու ափին գտնուող քաղաքները, որոնք դժգոհ էին հռոմէական ծանր տիրապետութենէն, հայերուն եւ պարթեւներուն կը դիմաւորեն ցնծութեամբ՝ իրար ետեւէ իրենց դարպասները բանալով անոնց առջեւ։ Այդ երկիրներէն Հայաստան տեղափոխուեցան հազարաւոր ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը հմուտ արհեստաւորներ ու առեւտրականներ էին։ Անոնք բնակեցուեցան Հայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ եւ որոշ ժամանակ անց՝ հայացան։

Պարթեւներու եւ հայերու յայտնուիլը Միջերկրական ծովու ափերուն սթափեցուց Հռոմը եւ ստիպեց դիմել կտրուկ միջոցներու։ Արեւելք ուղարկուեցաւ Բասոս զօրավարը, որ վճռական ճակատամարտի մը մէջ պարտութեան մատնեց դաշնակիցները։ Կռիւներու ժամանակ սպաննուեցաւ նաեւ թագաժառանգ Բակուրը։ Անսպասելիօրէն խզուեցաւ հայ-պարթեւական դաշինքը՝ Պարթեւաստանի մէջ սկսուած գահակալական պայքարի պատճառով։ Հռոմէացիները անմիջապէս օգտագործեցին այս յարմար պահը։ Ք.ա. 43 թուականին Հռոմի մէջ իշխանութեան գլուխ եկած երկրորդ եռապետութեան (Մարքոս Անթոնիոս, Մարքոս Լեփիտոս եւ Օգտաւիանոս Օգոստոս) որոշումով Արեւելք ուղարկուեցաւ Մարքոս Անթոնիոսը, ան որ Ք.ա.38 թուականին մեծ զօրքով կու գայ Արեւելք։ Ք.ա. 38 - Ք.ա. 37 թուականներուն Անթոնիոսը դէպի Պարթեւաստան մեծ արշաւանքի նախապատրաստութիւններ սկսաւ։ Այս անգամ արշաւանքի երթուղին պիտի անցնէր Մեծ Հայքով։ Ուստի հռոմէացիներուն անհրաժեշտ էր ձեռք բերել Մեծ Հայքի դաշնակցութիւնը։ Արտաւազդը կանգնած էր երկընտրանքի առջեւ։ Ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ Արտաւազդը ստիպուած եղաւ կրկին դաշնակցիլ հռոմէացիներուն։ Հայոց թագաւորն Անթոնիոսին խոստացաւ 11.000-նոց օգնական զօրք տրամադրել եւ թոյլատրել պարթեւներու դէմ ռազմարշաւը Մեծ Հայքի տարածքով։

Ք.ա. 37 թուականին Արտաւազդի դաշնակից Օրոտես Բ․ թագաւորի դաւադրական սպանութենէն, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի թագաւոր Արտաւազդի ու Պարթեւաց նոր թագաւոր Հրահատ Դ.-ի հակահայկական դաշինքէն ետք, հայ-պարթեւական յարաբերութիւնները կը դառնան թշնամական։

 
Մարքոս Անթոնիոս եւ Կղէոպատրա

Ք.ա. 36 թուականի ամրան Անթոնիոսը 100 հազարնոց բանակով եւ երեք հարիւր սայլերու վրայ բարձած պաշարողական արհեստական միջոցներով սկսաւ իր արշաւանքը։ Հռոմէական բանակն այս անգամ անցաւ Մեծ Հայքի տարածքով, մտաւ Տիգրան Մեծի օրօք Մեծ Հայքին ենթակայ, իսկ այժմ պարթեւներուն դաշնակից Ատրպատական։ Անթոնիոսը կը շտապէր օր առաջ գրաւել Ատրպատականի մայրաքաղաք Փրասպան, ուստի, պաշարողական մեքենաներու համար առանձնացնելով երկու լեգէոն, ինքը հիմնական ուժերով շարժեցաւ երկրի խորքերը։ Պարթեւներն անմիջապէս օգտագործեցին այդ պահը եւ, յարձակելով ոչնչացուցին պաշարողական մեքենաները։ Պարզ դարձաւ, որ առանց այդ մեքենաներուն անհնարին էր գրաւել պարթեւական քաղաքները։ Իր հերթին, լաւ հասկնալով արշաւանքի հնարաւոր ձախողումը, Արտաւազդը որոշեց վերադառնալ Մեծ Հայք եւ հրաժարեցաւ ռազմական յետագայ գործողութիւններուն մասնակցելէ։ Յետագային ինքզինք արդարացնելու համար Անթոնիոսն օգտագործեց այդ հանգամանքը՝ Արտաւազդը հռչակելով դասալիք եւ իր պարտութեան հիմնական մեղաւորը։

Ք.ա. 36 թուականի աշնան Անթոնիոսի բանակը ստիպուած էր նահանջել։ 27 օր տեւած նահանջի ընթացքին հակառակորդն անընդհատ յարձակումներով ուժասպառ կ'ընէր հռոմէացիները։ Անոնք կորսնցուցին 32.000, իսկ դաշնակիցները՝ 12.000 զինուոր։ Հայկական կողմը, թագաւորի հեռատեսութեան շնորհիւ, կորուստներ չունեցաւ։ Միայն Մեծ Հայք հասնելէն ետք Անթոնիոսը կրցաւ հանգիստ շունչ առնել, բուժել զինուորներուն վէրքերը եւ կարգի բերել բարոյալքուած բանակը։ Այնուհանդերձ, Մեծ Հայքի մէջ ան զգալի կորուստներ ունեցաւ հայկական սառնամանիքներու պատճառով։ Մեծ Հայքէն ան մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա։

Մարքոս Անթոնիոսի Հայկական Արշաւանքը Խմբագրել

Հռոմէական սենատին ուղարկուած զեկուցագիրին մէջ Անթոնիոսը, իր ապաշնորհութիւնն ու մեղքը քօղարկելու նպատակով, ռազմական վիթխարի ծախսերն ու մարդկային ահռելի կորուստները կը բացատրէ հայոց թագաւորի դաւաճանութեամբ։ Իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը վերականգնելու համար, ան կը ծրագրէ գրաւել ու կողոպտել Մեծ Հայքը։ Սկիզբը ան կը փորձէ Արտաւազդին ծուղակ ձգել։ Դիմելով խորամանկութեան՝ զինք կը հրաւիրէ Աղեքսանդրիա՝ իբրեւ թէ պարթեւներու դէմ նոր արշաւանքի ծրագիրը քննարկելու։ Կանխազգալով վտանգը՝ Արտաւազդը հրաւէրը կը մերժէ։ Ապա Անթոնիոսը խնամախօս կ'ուղարկէ Արտաշատ՝ Արտաւազդին հրաւիրելու Աղեքսանդրիա՝ հայոց արքայադստեր եւ իր ու Եգիպտոսի թագուհի Կղէոպատրայի որդի Ալեքսանտրի ամուսնութեան հարցը քննարկելու։

Մերժում ստանալով՝ Անթոնիոսը Ք.ա. 34 թուականի ամրան անակնկալ կ'արշաւէ դէպի հայոց թագաւորութիւն եւ կը մօտենայ Արտաշատին։ Արտաւազդը իր 70 հազարնոց բանակը մարտի չհանեց հռոմէական 60 հազարնոց բանակին դէմ։ Ան կը փորձէր վէճը լուծել խաղաղութեամբ։ Նման դէպքի պարագային, թերեւս, երկիրը կրնար զերծ մնալ աւերածութիւններէ, բայց անմիջականօրէն կը վտանգուէր թագաւորի անձը։ Բանակցութիւններ վարելու փոխարէն Անթոնիոսը ձերբակալեց հայոց թագաւորը, անոր ընտանիքը եւ կողոպտեց արքունի գանձերը։ Անթոնիոսի այս քայլը դատապարտած են անգամ իրենք՝ հռոմէացիները։ Այսպէս, Տիոն Քասսիոսը կը գրէ, թէ Անթոնիոսը Արտաւազդին

 
- խաբելով, ձերբակալելով ու շղթայելով, մեծապէս վարկաբեկած է հռոմէական ժողովուրդի հեղինակութիւնը
 
 
Ակտիումի ծովամարտ

Այսուհանդերձ հռոմէացիներն իրենց նպատակին չհասան։ Հռոմէական գերութենէն խուսափած թագաժառանգ Արտաշէսը փորձեց հակահարուած տալ հակառակորդին եւ ազատել կալանուած արքային, սակայն հապշտապ եւ լաւ չկազմակերպուած գործողութիւններով որեւէ արդիւնքի չհասաւ։ Ան պարտութիւն կրեց եւ փախաւ Պարթեւաստան։ Մեծ Հայքի քաղաքներուն մէջ ձգելով հռոմէական կայազօրներ, Անթոնիոսը վերադարձաւ Եգիպտոս՝ իր հետ տանելով Արտաւազդ Բ-ին եւ անոր ընտանիքը։ Ան Աղեքսանդրիայի մէջ յաղթահանդէս կազմակերպեց, ուր բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին մէջ ոսկէ շղթաներով շղթայուած հայոց թագաւորն ու անոր ընտանիքն էին։ Գերիներուն յորդորած էին խոնարհիլ Կղէոպատրային եւ անոր մեծարանքի խօսքեր շռայլել։ Սակայն հայոց արքան եւ անոր հարազատներն անցան հպարտօրէն ու արժանապատիւ։ Ինչպէս կը գրէ ժամանակակից յոյն պատմիչը՝ «անոնք ցոյց տուին իրենց ոգիի արիութիւնը»։ Հայերու նման կեցուածքը մեծ տպաւորութիւն ձգեց։ Վիրաւորուած Կղէոպատրան չներեց Արտաւազդին եւ զնտան նետել տուաւ զինք։

Անթոնիոսի ինքնագլուխ գործողութիւնները խիստ սրեցին անոր յարաբերութիւնները պաշտօնական Հռոմի հետ։ Քաղաքացիական պատերազմը դարձաւ անխուսաբելի, որ եւ շուտով բռնկեցաւ։ Ք.ա. 31 թուականի 2 Սեպտեմբեր-ին Աքթիումի ճակատամարտին Անթոնիոսը լիակատար պարտութիւն կրեց եռապետ Օքտաւիանոս Օգոստոսի բանակէն եւ փախաւ Աղեքսանդրիա։ Հոկտեմբերին՝ Կղէոպատրայի կարգադրութեամբ Արտաւազդ Բ.-ը մահապատիժի ենթարկուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Շատ չանցած, Օգտաւիանոսի կողմէ գերի տարուելու վտանգը ստիպեց Անթոնիոսին եւ Կղէոպատրային՝ ինքնասպանութեամբ վերջ տալ իրենց կեանքին։

Արտաւազդը ստացած է հելլէնական կրթութիւն։ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Արտաւազդը գրած է ճառեր, պատմութիւններ ու ողբերգութիւններ, որոնք սակայն չեն հասած մեզի։

Արտաշէսեան հարստութիւն Խմբագրել

Կաղապար:Նիմնական

 
Արտաշէսեաններու դրօշ

Արտաշէսեան արքայատոհմը Հայաստանի մէջ կառավարած է 2 դար։ Անոր հիմնադիրը՝ Արտաշէս Ա․-ը, իշխանութիւնը օրինական դարձնելու նպատակով ինքզինք կը ներկայացնէր Երուանդունիներու ներկայացուցիչ՝ որդի Զարեհի, Երուանդեան։ Իրականութեան մէջ, ան հիմնադրած է նոր թագաւորական հարստութիւն։

Անունը Տարեթիւեր Իշխած է Նշումներ
Արտաշէս Բարեպաշտ մ.թ.ա. 230-մ.թ.ա. 160 մ.թ.ա. 189-մ.թ.ա. 160 Զարեհի որդի, Երուանդեան
Արտաւազդ Ա. Ք.Ա. ?-Ք.Ա. 115 Ք.Ա. 160-Ք.Ա. 115 Արտաշէս Ա.-ի աւագ որդի
Տիգրան Ա. Ք.Ա. ?-Ք.Ա. 95 Ք.Ա. 115-Ք.Ա. 95 Արտաշէս Ա.-ի կրտսեր որդի
Տիգրան Մեծ Ք.Ա. 140-Ք.Ա. 55 Ք.Ա. 95-Ք.Ա. 55 Տիգրան Ա.-ի կրտսեր որդի
Արտաւազդ Բ. Ք.Ա. ?-Ք.Ա. 34 Ք.Ա. 55-Ք.Ա. 34 Տիգրան Մեծի որդի
Արտաշէս Բ. Ք.Ա. ?-Ք.Ա. 20 Ք.Ա. 30-Ք.Ա. 20 Արտաւազդ Բ.-ի աւագ որդի
Տիգրան Գ. Ք.Ա. ?-Ք.Ա. 8 Ք.Ա. 20-Ք.Ա. 8 Արտաւազդ Բ.-ի կրտսեր որդի
Տիգրան Դ.
Էրատօ
Ք.Ա. 8-Ք.Ա. 5,
Ք.Ա. 2-Ք.Ա. 1
Տիգրան Գ.-ի որդին եւ դուստրը

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Հաջորդականութիւն2