Աւկատանձ (աւոքատօ)

(Վերայղուած է Աւկատանձ-էն)

Աւկատանձ (աւոքատօ, անգլերէն՝ Avocado), մշտադալար պտղատու բոյսի տեսակ, կը պատկանի Lauraceae ընտանիքին։ Մշակաբոյսերու ընտանիքէն օգտակար պտուղ: Աւկատանձի պտուղները հարուստ են կենսանիւթերով եւ անհրաժեշտ հանքային նիւթերով։

Աւկատանձ

Կենսաբանական նկարագիրը Խմբագրել

Աւկատանձենին արագ աճող ծառ մըն է, որուն բարձրութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս 18 մեթրի, ցօղունը սովորաբար կ'ըլլայ ուղիղ՝ խիստ ճիւղաւորուած։ Տերեւները ձուաձեւ են, երկայնքը կը հասնի մինչեւ 35 սմ-ի եւ ամբողջ տարին կը մնայ մշտադալար[1][2]։ Ծաղիկները փոքր են, կանաչաւուն, փշաձեւ եւ գրեթէ անտեսանելի[1]։

Պտուղները ունին տարբեր չափեր, տանձի նման: Պտուղին երկայնքը կը հասնի 5 սմ-էն մինչեւ 20-ի, կշիռքը՝ 100 կրամէն մինչեւ 1000-ի։ Խակ պտուղը մութ կանաչ է՝ կեղեւը կոշտ, ժամանակի ընթացքին կը դառնայ սեւ։ Հասուն պտուղը կանաչ կամ դեղնականաչ կ'ըլլայ, իւղոտ է եւ շատ ճարպ կը պարունակէ։ Պտուղին կեդրոնը կը գտնուի մեծ կորիզը կամ սերմը[3]։

Անուն Խմբագրել

Ռուսերէնով կ'օգտագործեն բոյսին մէկ այլ անուանումը՝ ակաքաթ:

Իսկ անգլերէնով բոյսն ու պտուղները ունին alligator pear («կոկորդիլոսի տանձ») անունը։

Մշակում Խմբագրել

Մշակման Պատմութիւնը Խմբագրել
  • Ըստ հնագիտական տուեալներու, աւկատանձը կը մշակեն Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակէն ի վեր։
  • Ազդեքները պտուղը կ'անուանէին աուակատլ («անտառային իւղ»)։
  • 1553-ին աւկատանձը առաջին անգամ կը յիշատակուի Փետրօ Սիեզա տէ Լէոնի (սպաներէն՝ Pedro Cieza de Leon) «Փերուի ժամանակագրութիւն» գիրքին մէջ։
Կիրարկումը Ազդեքներուն Կողմէ Խմբագրել

Պերնարտինօ տէ Սահակուն (սպաներէն՝ Bernardino de Sahagun) 1576-ին իր «Նոր Սպանիոյ գործերու ընդհանուր պատմութիւն» (սպաներէն՝ Historia general de las cosas de Nueva España) գործին մէջ նշած է աւկատանձին բուժիչ յատկութիւնները: Ան կը նշէ նաեւ, որ աւկատանձէ պատրաստուած խառնուրդները կ'օգտագործուին իբրեւ մազի օճառ, թեփի դէմ, իսկ պտուղները խորհուրդ չի տար, որ կաթնատու մայրերը օգտագործեն։

Ըստ հին ազդեքական աւանդազրոյցի մը՝ աւկատանձին կորիզը հնդիկներուն նուիրած է աստուած մը, որպէսզի անոնք բնաւ անօթութեան չմատնուին։ Կորիզէն կ'աճի մեծ բարձրութեան հասնող մշտադալար ծառ մը, որուն բերքառատ ճիւղերը ծանրութենէն կը թեքին դէպի վար։ Ազդեքները, ուտելով այդ աստուածային ընծան, կը փրկուէին սովէն։

 
 
 
Ծաղիկը, տերեւները, պտուղը
Մշակում Խմբագրել

Աւկատանձը կը մշակեն բազմաթիւ արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային երկիրներուն մէջ՝ (Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Ափրիկէ եւ Իսրայէլ)։ Մէկ ծառէն կը հաւաքեն մօտաւորապէս 150-200 քկ բերք։ Գոյութիւն ունին աւկատանձի 400 տեսակներ։ Եւրոպայի մէջ աւկատանձը կրնան ձեռք բերել ամբողջ տարուան ընթացքին։

2013-ին մեծագոյն աւկատանձ արտադրող երկիրները[4]
Տեղ Երկիր Քանակ
(թոներով)
1   Մեքսիքօ 1 467 837
2   Տոմինիքա 387 546
3   Քոլոմպիա 303 340
4   Փերու 288 387
5   Ինտոնեզիա 276 311
6   Քենիա 191 505
7   Միացեալ Նահանգներ 175 226
8   Չիլի 164 750
9   Պրազիլ 157 482
10   Ռուանտա 148 823
Աշխարհ 4 717 103
Աւկատանձը իբրեւ տնային բոյս Խմբագրել
 
Սերմերը ցանելու ձեւերը
 
Աւկատանձին 2 շաբաթական աճը

Աւկատանձին ծիլերը տնկելով կը դնեն բաւական խորունկ հողի մը մէջ՝ 2-3 սմ։ Քանի մը տարուան ընթացքին բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ 1 մ-ի։

Սերմը ցանելու համար անհրաժեշտ է սերմին վրայ փոքր ծակտիկներ յառաջացնել եւ անոնց մէջէն անցընել փայտեայ ձողիկներ։ Ձողիկները կը ծառայեն իբրեւ սիւներ, որոնց շնորհիւ պտուղը կը մնայ ջուրին մակերեսին։ Շուտով կը յառաջանան արմատները, երբ անոնք կ'ըլլան բաւարար երկար, պտուղը կարելի է դնել հողին մէջ։ Սերմը կարելի է նաեւ դնել խոնաւ բամպակի մէջ, եւ անընդհատ զայն խոնաւցնել։ Երբ սերմը երկու մասի բաժնուի, կարելի է դնել հողին մէջ։ Կը ծաղկի քանի մը օրէն կամ շաբաթէն։

Գիւղատնտեսական նշանակութիւնը Խմբագրել

Բոյսին աճին համար անհրաժեշտ է որեւէ վայր, որ կը պաշտպանէ զինք ուժեղ քամիներէ։ Աւկատանձին աճման համար հողը պէտք է բերրի ըլլայ եւ պարարտ։ Պտղաբերութեան համար անհրաժեշտ է խոնաւութիւն։

Աւկատանձը ոչ ցուրտին, ոչ ալ երաշտին կը դիմանայ։

Սենեկային պայմաններու մէջ աւկատանձը պէտք է պահել լուսաւոր վայրերու մէջ (ամրան՝ տաք, ձմրան՝ զով) եւ չափաւոր կերպով ջրել։

 
Աւկատանձ

Խոհանոցին մէջ Խմբագրել

Աւկատանձը իր ջերմուժերուն պարունակութեամբ կը գերազանցէ հաւկիթն ու միսը։

Աւկատանձը կը բարձրացնէ մարդուն տրամադրութիւնը, հիւանդութենէ հիւծած յօրինուածքին կ'օգնէ վերականգնել կենսական ուժերը։

Շերտուած աւկատանձին միջուկին վրայ պէտք է անպայման կիտրոնաթթու սրսկել, որովհետեւ պտուղը կտրատելէ ետք կը մթննայ եւ ոչ ախորժաբեր տեսք մը կը ստանայ։

 
Աւկատանձին սննդարար արժէքը Խմբագրել

100 կրամ աւկատանձը 118մկ ջերմուժ ունի։ Անիկա կը պարունակէ՝ K կենսանիւթ` 14,6 մկ, կալիում` 437,27 մկ, ֆոլաթթուային աղեր` 45,19 մկ, B6 կենսանիւթ ` 0,2 մկ, C կենսանիւթ` 5,77 մկ, պղինձ` 0,19 մկ, մանրաթել՝ 3,65 մկ։

Ախորժաբերներ Խմբագրել
 
  • 3 աւկատանձ (առանց կորիզի) հարիչով լաւ մը խառնել, աւելցնել 1 կիտրոնի հիւթ, 3 ճաշի դգալ ձիթապտուղի իւղ, աղ, սեւ եւ կարմիր (աղացած) պղպեղ (ըստ ցանկութեան)։
  • 2 հատ դեղնասպիտակաւուն աւկատանձի միջուկը կտրատել խորանարդիկներով, աւելցնել 1 կիտրոնի հիւթ, աղ եւ պղպեղ։ Վերցնել 400 կրամ ծովախեցգետնի միսը, վրան լեցնել աւկատանձի խիւսը (փիւրէ) եւ շարել աւկատանձը, ծածկել մետաղաթաղանթով եւ դնել սառնարանին մէջ։ Պատրաստ սննդարար ուտեստեղէնը զարդարել սամիթի ճիւղերով։
 
Տուրմէ եւ աւկատանձէ օշարակ
Պտուղին սննդային արժէքը
(/100 կ)
Ջերմուժ 160 ջերմուժ[5]
Ճարպեր մինչեւ 30կ
Սպիտակուցներ 1,6-2,1կ
Մանրաթել 3,65 մկ
Կրածին 437,27 մկ
Մեղր 0,19 մկ
Ֆոլաթթու 45,19 մկ
Կենսանիւթ К 14,6 մկ
Կենսանիւթ С 5,77 մկ
Կենսանիւթ В6 0,2 մկ

Աւկատանձին բուժիչ յատկութիւնները Խմբագրել

 
  • Աւկատանձը օգտակար է սրտանօթային համակարգին: Անիկա կը կրճատէ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացումը։
  • «Լիւթէին» կոչուած անթիօքսիտանով հարուստ աւկատանձը կը պաշտպանէ տեսողութիւնը, յատկապէս` տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
  • Աւկատանձին պարունակած «օլէիք» թթուն ուղեղին կը փոխանցէ յագեցած ըլլալու զգացողութիւնը:
  • Կ'արագացնէ վէրքերու սպիացումը:
  • Թարմ եւ առողջ կը պահէ մորթը:
  • Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ պնդութիւնը:
  • «Ֆոլաթ»ով հարուստ աւոքատոն կը նուազեցնէ անբնական ծնունդներու հաւանականութիւնը յղի կիներուն մօտ:
  • Կը կարգաւորէ շաքարին տոկոսը:
  • Աւկատանձը սոյային նման կը պաշտպանէ «արթրոզ»էն:
  • Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի, բայց յատկապէս փրոսթաթի քաղցկեղէ:
  • Կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:
  • Աւկատանձի պտուղներուն մէջ պարունակուող ֆոլաթթուն կը նուազեցնէ մաղձաճարպին (cholesterol) մակարդակը արեան մէջ։
  • Աւկատանձը կը կիրարկուի իբրեւ նախապահպանութիւն՝ սակաւարիւնութեան, աղեստամոքսային համակարգի հիւանդութիւններու, ստամոքսաբորբի, ջղային վիրաւորման հիւանդութեան եւ շաքարախտի պարագաներուն։
  • Կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
  • Աւկատանձին կճեպը երբեմն կ'օգտագործեն արիւնալոյծ հիւանդութեան ընթացքին։ Կճեպները ունին որդաթափ յատկութիւն:
  • «Ի» կենսանիւթը կը հարստացնէ պտուղը թթուածինով՝ պաշտպանելով մաշկին բջիջները, «Ֆ»ն՝ կ'ապահովէ մազերու եւ մաշկի առողջ վիճակը։ Չոր եւ յոգնած մազերը կը դարմացնէ, անոնց փայլք եւ առողջ տեսք կու տայ: Պղինձը կը կանխէ սակաւարիւնութիւնը, երկաթը արիւնաստեղծ կարեւոր նիւթ մըն է, «Պի 2» կենսանիւթը կը մասնակցի արեան կարմիր գնդիկներու յառաջացման։ Իբրեւ կրածինի աղբիւր՝ կը կարգաւորէ արեան ճնշումը։ Աւելի շատ կրածին կը պարունակէ, քան պանանը։ Աւկատանձը մարմինի երիտասարդութեան եւ առողջութեան աննկարագրելի աղբիւր մըն է։
  • Աւկատանձի հայրենիքին մէջ տերեւները կ'օգտագործեն տարբեր հիւանդութիւններու բուժման համար։ Աւկատանձնին տերեւները կը ծամեն լինտերու հիւանդութեան պարագային։ Շոգիով եռացած տերեւները կ'օգտագործեն վէրքերու բուժման, իսկ տաք վիճակին մէջ տերեւները կը տեղադրեն ճակատին, նեարդացաւը բուժելու համար։
  • Իբրեւ սնունդ՝ կ'օգտագործուի միայն միջուկը։
  • Ջղային համակարգին բուժման համար, աւկատանձի միջուկին կ'աւելցնեն բանջարեղէնային հիւթեր՝ լոլիկի, ստեպղինի կամ շողգամի 1/2 յարաբերութեամբ։
  • Աւկատանձը կրնայ դիւրազգացական (allergic) հակազդումներ յառաջացնել[6]։
  • Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ աւկատանձը կ'ուշացնէ մորթին ծերացումը` զայն պահելով թարմ եւ առողջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Ботаника, 2006
  2. «Աւկատանձին տերեւները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-10-12 
  3. Ayala Silva, Tomas; Ledesma, Noris (2014), Nandwani, Dilip, ed։ (անգլերեն), Avocado History, Biodiversity and Production, Sustainable Development and Biodiversity, Springer International Publishing, pp. 157–205, doi:10.1007/978-3-319-06904-3_8, ISBN 978-3-319-06904-3, https://doi.org/10.1007/978-3-319-06904-3_8 
  4. ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղտնտեսութեան կազմակերպութիւն [1], Վերցուած է 2015 Մարտ 9-ին
  5. Basic Report: 09037, Avocados, raw, all commercial varieties Archived 2014-01-09 at the Wayback Machine. // National Nutrient Database for Standard Reference / Agricultural Research Service / United States Department of Agriculture.(անգլերէն)
  6. Աւկատանձը Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

Արտաքին յղումներ Խմբագրել