Բաբելոնի Աշտարակ

Բաբելոնի աշտարակ, բաբելոնեան աշտարակ (եբր.՝ מִגְדַּל בָּבֶל‎` Migddal Bāḇēl), Հին Կտակարանի, Հրեաներու Աստուածաշունչի (Թանախի) Ծննդոց գիրքին մէջ գրուած պատմութիւն է, առասպել, որ փորձած է բացատրել տարբեր լեզուներու ծագումը։ Այս պատմութեան համաձայն՝ Մեծ Ջրհեղեղէն յետոյ մարդկային սերունդները կը խօսէին ընդհանուր լեզուով։ Գաղթելով արեւելքէն՝ անոնք կու գան Սենաար (եբր.՝ שנער‎) կոչուող երկիրը։ Հին Կտակարանին մէջ գրուած է այսպէս՝

Բաբելոնի աշտարակ, Պիտեր Պրեյգել Աւագի նկարը, 1563 թուական
Լեզուներու խառնաշփոթը, փորագրութիւն, Կուստաւ Տորէ, 1865
4 Անոնք ըսին. «Եկէք մեզի համար քաղաք կառուցենք եւ աշտարակ, որ գագաթը հասնի մինչեւ երկինք։ Համբաւ ձեռք բերենք ողջ աշխարհով մէկ սփռուելէն առաջ»։

5 Տէրն իջաւ, որպէսզի տեսնէ այն քաղաքն ու աշտարակը, որ կը կառուցէին մարդկանց որդիները։

6 Տէրն ըսաւ. «Ասոնք մէկ ժողովուրդ են, ունին մէկ լեզու եւ սկսած են այդ գործն ընել։ Արդ, ոչինչ չի խանգարեր անոնց, որ կառուցեն այն, ինչ կը կամենան։

7 Արի իջնենք եւ խառնենք անոնց լեզուն այնպէս, որ ոչ մէկը չհասկանայ իր ընկերոջ ըսածը»։

8 Տէր Աստուած այնտեղէն անոնց սփռեց աշխարհով մէկ, եւ անոնք դադրեցան քաղաքն եւ աշտարակը կառուցելէն։

9 իրեն համար այն կոչեց Խառնակութիւն (Բաբելոն), որովհետեւ Տէր Աստուած այնտեղ խառնեց ամբողջ երկրի բնակիչներու լեզուները եւ այնտեղէն անոնց սփռեց ողջ աշխարհով մէկ։
- Ծննդոց 11:4–9[1]


Որոշ ժամանակ դպրոցներ կը համարեն, որ Բաբելոնեան աշտարակի պատմութիւնը վերցուած է Միջագետքի Մարտուկ աստուծոյ պատուին Բաբելոնի թագաւոր Նապոպոլասարի (մ. թ. ա. 610) կողմը կառուցուած Զիկուռատի՝ Էնեմենանկիի մէջ[2][3]: Բաբելոնի Մեծ Զիկուռատը ունէր 91 մեթր բարձրութիւն։ Ալեքսանտր Մեծը հրամայած է այն աւերել մօտ մ. թ. ա. 331 թուականին[4][5]: Այս առասպելին շատ նման պատմութիւն կայ նաեւ շումերական «Էնմեկարը եւ Արատտայի թագաւորը» աշխատութիւնը։

Պատմութիւն Խմբագրել

 
Ուշ միջնադարեան գերմանական ձեռագիր (մօտ 1370-ական թուականներ), ուր պատկերուած է աշտարակի կառուցումը։

Բաբելոնի աշտարակի պատմութիւնը գրուած է Ծննդոց 11:1-9 գլուխին մէջ։ Երկրի վրայ մարդիկ նոյն լեզուով կը խօսէին։ Արեւելքի կողմը գաղթելով մարդիկ բնակութիւն հաստատած են Սենաար կոչուող տեղը։ Մարդիկ որոշած են հաւաքել քարեր եւ կառուցել քաղաք, աշտարակով մը, որ կը հասնի երկինքին, ատով ցոյց կու տան իրենց փառքը։ Աստուած կ'իջնէ երկիր քաղաքը եւ աշտարակը տեսնելու եւ նկատէ, որ եթէ մարդիկ մէկ լեզուով չխօսէին, անոնք չէին կրնար հասնիլ իրենց ուզածին։ Աստուած կը վերադառնայ եւ կը խառնէ մարդկանց լեզուները, դարձնելով անոնց անհասկնալի միմեանց համար, տարածել անոնց ամբողջ աշխարհով՝ ատով կը դադրեցնէ աշտարակի կառուցումը։ Այդ պատճառով քաղաքը կոչուած է Բաբելոն:

Ստուգաբանութիւն Խմբագրել

«Բաբելոնի աշտարակ» բառակապակցութիւնը Աստուածաշունչի հանդիպած չէ։ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է միայն «քաղաքը եւ իր աշտարակը» (եբր.՝ אֶת-הָעִיר וְאֶת-הַמִּגְדָּל‎) կամ պարզապէս «քաղաքը» (եբր.՝ הָעִיר‎): Բաբելոն աքքատերէնէն թարգմանաբար նշանակած է «Աստուծոյ դարպաս» (bab` «դարպաս» + ilu՝ «աստուած»)[6]: Ըստ Աստուածաշունչի «Բաբելոն» բառը առաջացած է եբրայերէն balal, բառէն, որ կը նշանակէ «խառնաշփոթ»[7]:

Պատմական հիմք Խմբագրել

 
Բաբելոնի կախովի այգիները (19-րդ դար), նաեւ պատկերուած է Բաբելոնի աշտարակը։

Ծննդոցին մէջ գրուած է, որ Բաբելոնը (LXX: Βαβυλών) Նեբրովթ թագաւորի թագաւորութեան մասը կը կազմէր։ Աստուածաշունչի մէջ յստակ նշուած չէ, թէ արդեօք Նեբրովթն հրամայած է կառուցել աշտարակը, բայց շատ այլ աղբիւրներու մէջ Բաբելոնի աշտարակի կառուցումը կապուած է հենց Նեբրովթի հետ։

Ծննդոց 11:9-ին մէջ Բաբելոն բառի ծագումը կապուած է եբրայերէն balal բայի հետ, որ կը նշանակէ խառնել, խառնաշփոթ ստեղծել։ Առաջին դարու հռոմէա-հրեայ հեղինակ Յովսէփոս Փլաւիոսը նոյնպէս նշած է, որ Բաբելոն (βαβὲλ) բառը ծագած է եբրայերէնէն, որ կը նշանակէ «խառնաշփոթ»[8]: Բառի յունարէն ձեւը սեպտուագինտայով՝ Βαβυλὼν ծագած է աքքատերէն Bāb-ilim արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ աստուծոյ դարպաս, նկատի ունենալով հին շումերի մեծ տաճար-աշտարակները (զիկուռատները):

Բաբելոնի աւերակները գտնուած են Հիլլահ քաղաքի մօտ՝ Իրաքի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Աստուածաշունչ Մատեան Հին եւ նոր կտակարաններէ, արեւելահայերէն նոր թարգմանութիւն, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Հայաստանի Աստուածաշունչային ընկերութիւն, 1994, Ծննդոց 11:4-9
  2. Harris Stephen L. (2002)։ Understanding the Bible։ McGraw-Hill։ էջեր 50–51։ ISBN 9780767429160 
  3. Streck Michael P. (2006)։ «Die Stadt, an deren Freuden man nicht satt wird»։ Damals (German)։ Special volume: 11–28 
  4. Diodorus Siculus, 2.9.9; Strabo, Geography, 16.1.5.
  5. R.J. van der Spek, "Darius III, Alexander the Great and Babylonian scholarship" in: Achaemenid History XIII (Leiden 2003), 289-346.
  6. «Online Etymology Dictionary»։ Etymonline.com։ արտագրուած է՝ 2013-11-07 
  7. Book of Genesis, 11:9
  8. Josephus, Antiquities, 1.4.3