Բարսեղ Կեսարացի

Բարսեղ Կեսարացի կամ Բարսեղ Մեծ (Յունարէն՝ Μέγας Βασίλειος կամ Βασίλειος Καισαρείας, շուրջ 330, Կեսարիա - 379, Կեսարիա), ընդհանրական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետ, ընդհանրական եկեղեցւոյ տասներկու մեծ վարդապետներէն մէկը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական սուրբ, աստուածաբան, Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքի արքեպիսկոպոս (370-էն), եկեղեցական գործիչ եւ գրող։ Գրիգոր Նիւսացիի մեծ եղբայրը, Գրիգոր Նիւսացիի եւ Գրիգոր Նազիանզացիին հետ կը դասուի «երեք մեծ կապադովկիացիներու» եռեակին մէջ։ Անոր կը վերագրուի պատկերակալի յայտնագործումը եւ իր անունը կրող պատարագի կազմումը։ Հեղինակ է մեկնութիւններու, դաւանաբանական գործերու, ճառերու, ներբողներու, քարոզներու, զրոյցներու ու նամակներու (մեզի հասած է 360-էն աւելի նամակ)։


Ծնած է 330
Ծննդավայր Կեսարիա
Մահացած է 379
Մահուան վայր Կեսարիա, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Բիւզանդական Կայսրութիւն
Կրօնք քրիստոնէութիւն եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[1]
Մասնագիտութիւն Աաստուածաբան, քահանայ եւ փիլիսոփայ
Ծնողներ հայր՝ Basil the Elder?, մայր՝ Emmelia of Caesarea?

Ազդեցութիւնը Հայ եկեղեցի վրայ Խմբագրել

Բարսեղ Կեսարացիի երկերը հայերէն թարգմանուած են Ե. դարէն («Վեցօրեայք», «Պատարագամատոյցք», կանոններ, աղօթքներ)։ «Գիրք հարցողացը», «Պահոց» ճգնակենցաղական հրահանգներու ժողովածուն (կը պարունակէ 33 ճառ) աստուածաբանութեան սիրուած ձեռնարկներ եղած են միջնադարեան վարդապետարաններու մէջ[2]։ Հայ միջնադարեան հեղինակները Բարսեղ Կեսարացիի գործերը ընթերցողին առաւել հասկնալի դարձնելու համար գրած են անոնց մեկնաբանութիւններ (յայտնի են «պատճառ» կամ «լուծմունք» անուններով)։ Կեսարացիի ստեղծագործութիւններէն մեջբերումներ կատարած են իրենց մեկնողական եւ դաւանաբանական բնոյթի երկերուն մէջ Վարդան Արեւելցին («Մեկնութիւն Արարածոց», «Կնիք հաւատոյ»), Անանիա Սանահնեցին («Հակաճառութիւն»), Վարդան Այգեկցին («Արմատ հաւատոյ») եւ այլն։ Կեսարացիի ճառերէն քանի մը հատը պահպանուած են միայն հայերէն թարգմանութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Catholic-Hierarchy.orgUSA: 1990.
  2. «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002, էջ 177:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։