Բժշկութիւն (լատ.` medicina), գիտական եւ կիրառական գործունէութեան ասպարէզ, որ կը զբաղի մարդու օրկանիզմի բնականոն եւ բաթոլոժիկ գործընթացներու, տարբեր հիւանդութիւններու կամ բաթոլոժիկ իրավիճակներու հետազօտութեամբ, ատոնց բուժմամբ եւ մարդկանց առողջութեան պահպանմամբ ու ամրապնդմամբ։

Յունական դիցաբանութեան մէջ բժշկութեան Աստուծոյ Ասկլեպիոսի արձանը, անոր ձեռքին մէջ խորհրդանշական Ասկլեպիոսի ձեռնափայտն է փաթաթուած օձով

Դարմանական Գործնական Խմբագրել

Քլինիկական պրակտիկայի մէջ, բժիշկները կը զննեն հիւանդներուն, անոնք քլինիկական մտածելակերպի միջոցով ախտորոշի մէջ, կը բուժեն եւ կը կանխարգիլեն հիւանդութիւնը։ Բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութիւնը սովորաբար կը սկսի հիւանդի անամնեզի (լատ. anamnesis` վերյուշ) հաւաքմամբ եւ անոր ֆիզիկալ զննմամբ։ Նշաններու զննման եւ ախտանիշներու վերաբերեալ հարցումներէն յետոյ բժիշկը կը նշանակէ անհրաժեշտ լրացուցիչ հետազօտութիւնները։ Ստացուած տուեալներու ամբողջութիւնը բժշկին թոյլ կու տայ ձեւակերպած ախտորոշումը եւ սկսած է համապատասխան բուժումը։

Անամնեզի մէջ կը ներառեն՝

  • Գլխաւոր գանգատ(ներ)ը, որ պատճառ հանդիսած է բժիշկին դիմելու համար։ Ատոնք ախտանշաններն (սիմպտոմներ) են։ Անոնք հիւանդի սեփական բառերով կը ներկայացուին։
  • Ներկայիս հիւանդութեան պատմութիւն։ Ախտանիշներու ժամանակագրական նկարագրութիւնը եւ իւրաքանչիւր ախտանիշի մանրակրկիտ պարզաբանումը։
  • Հիւանդի մասնագիտութիւնը։ Արդեօ՞ք առկայ են աշխատանքային վնասակարութիւններ։
  • Դեղամիջոցներ, որոնք կ'ընդունուին հիւանդին կողմէ, ինչպէս նաեւ այլընտրանքային եւ բուսական միջոցներու կիրառութիւնը։ Կը գրանցուին նաեւ ալերկիայի առկայութիւնը։
  • Անցեալ բժշկական պատմութիւն (կրած հիւանդութիւններ)։ Անցեալին առկայ հոսպիտալացումները եւ վիրահատական միջամտութիւնները, վնասուածքները, անցեալին կրած ինֆեկցիոն հիւանդութիւնները։
  • Ընկերային պատմութիւն։ Ծննդավայր, ամուսնական կարգավիճակը, ֆինանսատնտեսական վիճակը, առկայ վնասակար սովորութիւնները (ծխախոտամոլութիւն, աքոլի չարաշահում, թմրամիջոցներու կիրառում)։
  • Ընտանեկան եւ ժառանգական պատմութիւն։ Կը գրանցուին ընտանիքին մէջ, առկայ հիւանդութիւնները, որոնք կրնային կապուած ըլլալ հիւանդի ներկայ առողջական վիճակին հետ։ Կարեւոր են նաեւ ժառանգական հիւանդութիւններու եւ նախատրամադրուածութիւններու առկայութիւնը ընտանիքի անդամներէն որեւէ մէկուն մօտ։

Պատմութիւն Խմբագրել

Բժշկութիւնը Հին Աշխարհին Մէջ Խմբագրել

Նախապատմական ժամանակաշրջանին, մարդիկ կը հաւատային, որ առողջութեան փոփոխութիւններ կամ հիւանդութիւններ կ'առաջանան զայրացած աստուածներու կամ չար ոգիներու պատճառով։ Հիւանդութիւնը բուժելու համար անհրաժեշտ էր խաղաղեցնել աստուածներուն կամ դուրս հանել չար ոգիներուն։ Այդ աշխատանքը իրենց վրայ կը վերցնէին բուժակները եւ ցեղային քուրմերը։ Անոնք այդ կ'ընէին հմայիլներու, դիւթաբառերու օգնութեամբ։ Կան ապացոյցներ նաեւ վիրաբուժական բուժման գոյութեան մասին։ Տրեպանացիան (գանգատուփահատում) կը կատարուէր քարէ գործիքներու օգնութեամբ՝ հիւանդ մարդու գանկի շրջանաձեւ բացուացք կատարելով։ Ենթադրուած է, որ այդ կը կատարուէր հիւանդութիւն առաջացած ոգիներուն ազատ արձակելու համար։ Նախապատմական բուժակները նաեւ յայտնաբերած էին, որ շատ բոյսեր կրնան որպէս դեղ կիրարկուիլ։ Համայնքը, որպէս ամբողջութիւն, նոյնպէս ընդգրկած էր մարդոց առողջութեան պահպանումը։ Անոնք, որոնք կը համարուէին հիւանդ, կը խնամուէին համայնքի կողմէ։ Ասոր որոշ ապացոյցները գտնուած են Հին Քարի դարու մէկ քարանձաւին մէջ՝ Ռիպարօ տել Ռոմիոյի մէջ՝ հարաւային Իտալիա։ Այնտեղ գտնուած են դեռահաս թզուկի մնացորդներ։ Չնայած իր ծանր առողջական վիճակին, որ պէտք է սահմանափակեր անոր որսորդական կամ հաւաքական կարողութիւնները, ան կրցած է ապրիլ 17 տարի։ Ան պէտք է որ ստացած ըլլայ համայնքի մնացած անդամներու կարեկցանքը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ. վերջինս կը մարմնաւորէ տուեալ կրօնական համակարգին մէջ, առկայ միջանձային բարի դրացիական փոխյարաբերութիւնները։ Թերեւս այս համայնքի պէս եղած են նաեւ այլ համայնքներ, որոնք չունենալով կապեր միւսներու հետ, կը փորձէին ապահովել իրենց անդամներու առողջութիւնը՝ ապաւինելով բուսական ծագման դեղերուն եւ խմբային տարբեր գործողութիւններու։

Ողջ պատմութեան ընթացքին, ժողովուրդներն ու մշակոյթները մշակած են իրենց առողջապահական գործունէութիւնը՝ հիմնուած հաւատքի եւ համոզմունքներու վրայ։ Շատ աւանդոյթներ առողջութիւնը եւ հիւանդութիւնը առաջին հերթին կը դիտէին մարդ արարածի եւ մոլորակներու, աստղերու, լեռներու, գետերու, ոգիներու ու նախնիներու փոխկապակցուածութիւնը հասկանալու համատեքստին մէջ։

Հին Յունաստանի մէջ, սկիզբ դրուեցան անատոմիայի, ֆիզիոլոգիայի, ախտաբանութեան գիտական արմատները։ Առաջինը հենց յոյները կրցան տարբերակել հիւանդութեան արտաքին ու ներքին պատճառները։ Բժշկութեան քլինիկական սկզբունքներու եւ բժշկական էթիկայի հիմնադրման համար մենք պարտական ենք Հիպոկրատին եւ անոր հետեւորդներուն։

Հիպոկրատը (Մ.թ.ա. 460-377) իր խառնուածքով կը մարմնաւորէր գիտնականի եւ արուեստագէտի միասնութիւն։ Ան հաւատացած էր, որ հիւանդութիւնը կ'առաջանայ, երբ օրկանիզմի չորս հեղուկները՝ արիւնը, դեղին լեղին, սեւ լեղին եւ լորձը, դուրս կու գան հաւասարակշռութենէն։ Ան նաեւ համոզուած էր, որ այս չորս հեղուկներով պայմանաւորուած է մարդու խառնուածքը՝ ֆլեգմատիկ, սանգվինիկ, խոլերիկ եւ մելանխոլիկ։ Այս համոզմունքը կը զուգակցուի աւելի հին չինական աւանդութեան հետ, որ հիմնուած է Ինի (կանացի սկիզբ) եւ Յանի (տղամարդկային սկիզբ) միմեանց լրացնող սկզբունքի վրայ, որոնց ճիշդ համամասնութիւնը կարեւոր է առողջութեան համար։ Հիպոկրատի մօտեցումը առողջութեան շատ իւրովի էր։ Ան կը բուժէր՝ խորհուրդ տալով շատ առողջարար ֆիզիքական վարժանքներ, հիւանդութեան ժամանակ հանգիստ եւ չափաւոր, հաւասարակշռուած սննդակարգ։

Արիստոտելը (Մ.թ.ա. 384-322), փոքր կենդանիներուն հերձելով եւ տալով անոնց ներքին գործարաններու անատոմիայի նկարագրութիւնը, հիմք դրաւ մարդու մարմնի հետագայ ուսումնասիրութիւններուն։ Անոր համար ամենակարեւոր օրկանը սիրտն էր։ Ան հաւատացած էր, որ ան ոչ միայն արիւնատար համակարգի, այլեւ յոյզերու կեդրոնն է։ Թերեւս Արիստոտելի հիմնական ներդրումը եղած է գիտութեան մէջ։

Յաջորդ մեծ քայլը կատարեց Կալենը (129-199)` կայսրերու ու կլատիաթորներու բժիշկը Հին Հռոմի մէջ։ Կալենն ընդլայնեց հիպոկրատեան գիտութիւնները եւ բժշկագիտութեան մէջ ներդրեց փորձը` որպէս ստոյգ գիտելիքներու աղբիւր։ Անոր աշխատանքները դարձան անատոմիայի եւ ֆիզիոլոկիայի հանրագիտարաններ։ Ան ուղեղը կը համարէր զգացմունքներու եւ մտքերու կեդրոն։ Ան նկարագրած է զարկերակներն ու երակները. ըստ անոր՝ լէարդը հիմնականին մէջ, երակային արեան համար է։ Ան անգամ ցոյց տուած է նեարդային համակարգի գործունէութեան մեխանիզմը՝ կատարելով խոզի ողնուղեղի հատումներ տարբեր մակարդակներու մէջ եւ ցուցադրելով մարմնի համապատասխան մասերու պարալիզի զարգացումը։ Ըստ Կալենի՝ մարմնով կը հոսի 3 տեսակի արիւն. լէարդէն երակներով դուրս կու գայ «բնական ոգին», թոքերէն զարկերակներով կը հոսի "կենաց ոգին", իսկ "կենդանական ոգին"՝ ուղեղէն։ Սիրտը ընդամէնը կը տաքացնէ արիւնը։ Անոր մահէն ետք, անատոմիական հետազօտութիւնները դադրեցուցին. անոր աշխատանքները կը համարուէին անսխալական համարեայ 1400 տարի։

Միջին Դարեր Խմբագրել

750-ական թուականներուն մուսուլմանական աշխարհին մէջ, բժշկութիւնը զարթօնք կ'ապրի։ Հիպոկրատի եւ Կալենի աշխատութիւններու արաբերէն թարգմանութիւններու հիման վրայ մուսուլման բժիշկները կը կատարեն նշանակալի բժշկագիտական ուսումնասիրութիւններ։ Յատկապէս նշանաւոր է հանճարեղ պարսիկ բժիշկ, փիլիսոփայ Իպն Սինայի (Ավիցեննա) հինգ մասերէն կազմուած ‹‹Բժշկութեանյն կանոն›› աշխատութիւնը։

Եւրոպայի մէջ, Գարլոս Մեծի հրամանով եկեղեցիներուն ու վանքերուն կից կը ստեղծուին հիւանդանոցներ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրած կրօնական դպրոցներուն մէջ, կ'ուսուցանուէր բժշկութիւն։

Եւրոպական լաւագոյն համալսարաններու բժշկութեան դպրոցները վաղ 1500-ականներուն կը կատարեն արմատական բարեփոխումներ անատոմիայի` որպէս ինտեգրացուած բժշկագիտական ուսումնառութեան անբաժանելի մաս, ուսուցման ոլորտին մէջ։ Ի յայտ կու գայ, որ կալենեան անատոմիայի մէջ առկայ են բազմաթիւ կոպիտ սխալներ, որովհետեւ Կալենի անատոմիական գիտելիքները հիմնուած էին շուներու, խոզերու ու կապիկներու դիահերձումներու վրայ։

Անդրէաս Վեզալիուսի (1514-1564) աշխատանքներու շնորհիւ Կալենի սխալները սկսան երեւան գալ։ Վեզալիուսը Իտալիոյ Բատովայի համալսարանի անատոմիայի եւ վիրաբուժութեան բրոֆէօսոր էր։ Իտալացի բժիշկը իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ մարդու անատոմիայի ուսումնասիրութիւններուն։ Վեզալիուսը կ'իրականացնէ շարք մը աննախադէպ մանրակրկիտ դիահերձումներ եւ իր աշխատանքները կ'անմահացնէ De Humani Corporis Fabrica («Մարդու մարմնի կառուցուածքի մասին») աշխատութեան մէջ։

 
Նկար ԱՆդրեաս Վեզալիուսի De Humani Corporis Fabrica աշխատութենէն, էջ 163.

Անոր աշխատութեան մէջ բացի գործարաններու արտաքին նկարագրութիւններէն առկայ են նաեւ անոնց գործառոյթներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ։ Գիրքը, որ հրատարակուած է 1543-ին, կը դառնայ մարդու անատոմիայի ուսուցանման նոր չափանիշ։

Պատմականօրէն նշանակալի յայտնագործութիւններէն մէկը կատարած է Ուիլիամ Հարվեյը (1578-1657), անգլիացի բժիշկ եւ ֆիզիոլոկ։ Ան կը հաստատոէ, որ արիւնը կը շրջանառէ փակ համակարգին մէջ եւ մեխանիկօրէն կը մղուի «պոմպանման» սրտի միջոցով։ Ան նաեւ չափին մէջ, կը շրջի արեան ծաւալը ժամանակի ցանկացած միաւորին մէջ։ Հարվեյի ուսումնասիրութիւնները կը հրատարակուին «Կենդանիներու սրտի եւ արեան շարժման մասին» (On the motion of the Heart and Blood in Animals) (1628)։

Անտոն վան Լեւենհուկը (1632-1723), որ ոսպնեակներ պատրաստող էր, կը կատարելագործէ մանրադիտակը։ Ուստի հիմք կը դրուի բջջային կենսաբանութեան դարաշրջանին։ Իսկ անգլիացի գիտնական Ռոպերթ Հուկը (1635-1703) կը գրէ «Micrographia» աշխատութիւնը 1655 թուին, ուր ան մանրամասն կը նկարագրէ բուսական բջիջը եւ միջատներու անատոմիայի մասին իր ուսումնասիրութիւնները։ Անոր գիրքը կը ներկայացնէ մանրադիտակի՝ կենսաբանական հետազօտութիւններ իրագործելու մեծ կարողութիւնը։ Ան հիմք կը դնէ բջիջ (անգլ.` cell) բառի կիրառութեան կենսաբանութեան մէջ։

Խորհրդանշաններ Խմբագրել

Բժշկութեան մէջ խորհրդանշական են երեք նշան։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել