Գարեգին Մելոեան

Գարեգին Գրիգորի Մելոեան (5 Մայիս 1884(1884-05-05), Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 24 Մայիս 1939(1939-05-24), Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն), հայ արձակագիր, բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, մանկավարժ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1934-էն։

Գարեգին Մելոեան
Ծնած է 5 Մայիս 1884(1884-05-05)
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 24 Մայիս 1939(1939-05-24) (55 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, թարգմանիչ, արձակագիր, բանաստեղծ
Աշխատավայր Մարտակոչ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքին մէջ։ Հինգ տարեկան հասակին զրկուած է մօրմէ։ 1895-ին անոնց ընտանիքը տեղափոխուած է Անդրկովկաս։ Գարեգինը տեղաւորուած է Էջմիածնի սուրբ Գայանէ վանքին կից որբանոցին մէջ։ 1907-ին աւարտած է Գեւորգեան ճեմարանի լսարանական բաժինը։ 1907-էն սկսած է զբաղուիլ մանկավարժական աշխատանքով, որ տեւած է 32 տարի։ Միաժամանակ աշխատած է Թիֆլիսի «Կարմիր աստղ» օրաթերթի խմբագրութիւնին մէջ որպէս պատասխանատու քարտուղար, «Մարտակոչի» խմբագրութիւնին մէջ՝ որպէս գրական բաժնի վարիչ, «Նոր աշխարհ» ամսագրի խմբագրութիւնին մէջ՝ որպէս քարտուղար եւ ոճաբան։ Որոշ ժամանակ դասախօսած է Թիֆլիսի համալսարանի հեռակայ բաժնին մէջ։ Գրած է «Պետրոս Դուրեանը եւ իր քնարը» ուսումնասիրութիւնը, որմէ հատուած մը տպագրուած է «Արշաւի» 1938-ի թիւ 4-ին մէջ։ Գարեգին Մելոեանի գեղարուեստական գործերէն՝ «Վերածնուած Պետոն» (հատուած վեպէն) տպագրուած է «Լուսաբացի» 1928-ի թիւ 2-ին մէջ, «Արեւելեան լեգենդը»՝ նոյն հանդէսի 1929-ի թիւ 3-ին մէջ։ Մահացած է Թբիլիսի մէջ։[1]

Գ. Մելոեանի կատարած թարգմանութիւնները (ռուսերէնէն) Խմբագրել

Գարեգին Մելոեանի կենսագրական ակնարկներ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Գրական տեղեկատու։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ 1986։ էջ էջ 375-376 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Мелоян Гарегин Григоревич[permanent dead link]