Գեղամ Սեւան (8 Յունուար 1926(1926-01-08), Պոլիս, Թուրքիա - 8 Մայիս 1991(1991-05-08), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), խորհրդահայ գրականագէտ եւ արձակագիր։

Գեղամ Սեւան
Ծնած է 8 Յունուար 1926(1926-01-08)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 8 Մայիս 1991(1991-05-08) (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, գրականագէտ
Աշխատավայր Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Յաճախած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարան։ Հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական ֆաքիւլթէի դասընթացքներուն։ Վկայուած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտի բանասիրական ճիւղէն։

Ուսուցչագործած է Պէյրութի Մխիթարեան եւ Երեւանի 26 Կոմիսարներու անուան միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։ իբրեւեւ գիտաշխատող պաշտօնավարած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի գրականութեան ինստիտուտին մէջ։ Աշխատակցած է Պոլսոյ, Պէյրութի եւ Հայաստանի մամուլին։

Պէյրութի մէջ մասնակցած է «Գիրք Գրականութեան եւ Արուեստի» հանդէսի խմբագրական աշխատանքներուն (1959)։ Երեւանի մէջ, գործակիցներու հետ պատրաստած է հայ գրականութեան դասագիրք մը (1964)։ Անաւարտ ձգած է «Պարսկահայ Գրականութիւն» ուսումնասիրութիւնը եւ «Սիրոյ Պանթէոն» վէպը։

Անդամ եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։

1949-ին հաստատուած է Պէյրութ, իսկ 1962-ին Երեւան, ուր մահացած է 1991-ին[1]։

Հրատարակուած գործեր Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «AV Production - Գեղամ Սեւան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2021-11-09 
  2. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։