Գէորգ Կառվարենց

Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան, 18 Մայիս 1892, Կ.Պոլիս - 5 Սեպտեմբեր 1946, Միլան) [1], բանաստեղծ։

Գէորգ Կառվարենց
Գէորգ Կառվարենց
Ծննդեան անուն Գէորգ Արապաճեան
Ծնած է 18 Մայիս 1892
Ծննդավայր Կ.Պոլիս
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1946
Մահուան վայր Միլանօ, Իտալիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մխիթարեան վարժարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ
Աշխատավայր Ուսուցչական պաշտօն
Երեխաներ Գէորգ Կառվարենց

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մինչեւ Փոքր Ասիոյ Աղէտը Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին։

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922-ին կ'անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Քերքիրա Խմբագրել

 
Սելանիկի «Նոր Քնար» երգչախումբը, Գէորգ Կառվարենցի ղեկավարութեամբ

Հայ գաղթականներուն եւ որբերուն հետ Քերքիրա կը հասնի։ Մաս կը կազմէ «Հայ համայնքին Մարմին»ը 1922-ի աշնան ստեղծուած Խուրհուրդի դիւանին իբրեւ ատենադպիր։ Ութը ամսուան համար տնօրէնութիւնը կը ստանցնէ Լորտ Մէյորս հիմնարկին Քերքիրայի որբանոցին, միաժամանակ հայ լեզու եւ հայկական երաժշտութիւն կը դասաւանդէ հայ որբերուն։ Մայիս 1923-ին Նշան Պէշիկթաշլեանին հետ Քերքիրայի «Փուիքլիոն» թատրոնին մէջ կը բեմադրեն եւ հայ գաղթականներու հոծ ներկայութեան կը ներկայացնեն Երուանդ Օտեանի «Չարշըլը Արթին Աղա» թատերախաղը․ դերակատարները կ՛ըլլան թատերասէր հայ գաղթականներէն եւ որբերէն օրիորդներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը հետեւին վերոնշեալ երկու հայ ուսուցիչներուն ուղղութիւններուն։

Սելանիկ, Աթէնք Խմբագրել

Քերքիրայէն ետք, կ՛ անցնի յաջորդաբար Սելանիկ եւ Աթէնք։ Երկու քաղաքներուն մէջ կը զբաղի հայ համայնքներուն աշխատանքներով եւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսուցչութեամբ։

Մահ Խմբագրել

Երկրորդ աշխարհամարտին անստոյգ օրերուն, 1942-ին Աւստրիոյ ճանապարհով Իտալիա անցած է, նախ՝ Վենետիկ, իսկ 1943-ին՝ Միլան, ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 1946-ի Սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ:

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913-ին՝ «Ծովեր» անունով[2]։ 1921-ին՝ «Գերեզմանի Ծաղիկներ», ու 1931-ին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ յայտնի երաժշտագէտ-երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան իր անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ[3][4][5][6]։

Քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

1930ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Արսէն Պալեան

Քերքիրայի հայերը

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Սելանիկի հայկական գաղութը

Կարօ Գէորգեան

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Koha online catalog › Entry»։ haygirk.nla.am։ արտագրուած է՝ 2019-08-04 
  2. Կառվարենց (1913)։ Ծովեր: Ինքներգութիւն, հողերգութիւն, մարդերգութիւն։ տպ. Մանուկ Յ. Գօչունեան 
  3. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, Ա. հատոր, Երեւան, 2005
  4. «AV Production - Գէորգ Կառվարենց»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-04 
  5. Հայկական համառօտ հանրագիտարան, 1995: Հ. 2:
  6. Յովակիմեան Բ.Մ. Հայոց ծածկանուններու բառարան, 2005, էջ 566: