Գիտնականները այն մարդերն են, որոնք կ'ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող աշխարհը եւ կը փորձեն զայն հասկնալ։

Քիմիագէտներ Խմբագրել

Քիմիագէտները փորձարկումներ կը կատարեն՝ երեւան հանելու համար, թէ ինչ նիւթերէ կը բաղկանան մեզ շրջապատող իրերը։

Աստղաբաշխներ Խմբագրել

Աստղաբաշխները կ'ուսումնասիրեն տիեզերքի աստղերն ու մոլորակները։

Երկրաբաններ Խմբագրել

Երկրաբանները կ'ուսումնասիրեն աշխարհի ընդերքին մէջ գտնուող ժայռերն ու մետաղները, ինչպէս նաեւ երկրաշարժներու եւ հրաբուխներու պատճառները։

Բուսաբաններ Խմբագրել

Բուսաբանները կ'ուսումնասիրեն բուսական աշխարհը, թէ ինչպէս կ'ապրին ու կը բազմանան բոյսերը։

Օդերեւութաբաններ Խմբագրել

Օդերեւութաբանները կ'ուսումնասիրեն հովն ու ամպերը՝ նախատեսել կարենալու համար յառաջիկայ օրերու եղանակը։

Կենսաբաններ Խմբագրել

Կենսաբանները կ'ուսումնասիրեն մարդկային մարմինը, բոյսերն ու անասունները։ Կենդանաբանները, բուսաբաններն ու բժիշկները զանազան տեսակի կենսաբաններն են։

Կենդանաբաններ Խմբագրել

Կենդանաբաններ կ'ուսումնասիրեն անասունները եւ անոնց ապրելակերպը։

Բնագէտներ Խմբագրել

Բնագէտները կ'ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող կարգ մը երեւոյթներ, ինչպէս՝ լոյսը, ձայնը, ջերմութիւնը, ուժերն ու անոնց յառաջացուցած շարժումները։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 4-5