Գմբէթ[1], երկրաչափութեան մէջ մարմին է, որ կը կազմաւորուի երկու բազմանկիւններու միացումով:

Նկարագրութիւն Խմբագրել

Եկրաչափական գմբէթի առանձնայատկութիւնն այն է, որ հիմքի բազմանկիւնն ունի վերին հորիզոնական նիստէն երկու անգամ աւելի կողմեր: Սա երկու բազմանկիւններու միացումը կը կատարուի մեկումէջ հաւասարասրուն եռանկիւնիներու եւ ուղղանկիւնի լանջերու միջոցաւ: Գմբէթը ուղղաձեւ կըլլայ այն պարագային, երբ միացնող եռանկիւնիները հաւասարակողմ են, իսկ ուղղանկիւնիները՝ քառսիներ:
Վերին նիստի ձեւէն կախուած գմբէթները կըլլան եռանկիւնային, քառակուսային եւ հինգանկիւնային:

Գմբէթներու տեսակները
Եռանկիւնային
  • Նիստեր՝
    • եռանկիւնի՝ 4
    • ուղղանկիւնի (քառակուսի)՝ 3
    • վեցանկիւնի՝ 1
  • Կողեր՝ 15
  • Գագաթներ՝ 9
Քառակուսային
  • Նիստեր՝
    • քառակուսի՝ 1
    • եռանկիւնի՝ 4
    • ուղղանկիւնի (քառակուսի)՝ 4
    • ութանկիւնի՝ 1
  • Կողեր՝ 20
  • Գագաթներ՝ 12
  • Հինգանկիւնային
  • Նիստեր՝
    • հինգանկիւնի՝ 5
    • եռանկիւնի՝ 5
    • ուղղանկիւնի (քառակուսի)՝ 5
    • տասնանկիւնի՝ 1
  • Կողեր՝ 25
  • Գագաթներ՝ 15
  • Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

    1. Բառի բացատրութիւնը հոս է՝ Հր.Աճառեան, Հայերէն արմատական բառարան, Ե., 1926 Գմբէթ