Գոշավանք, Նոր Գետիկ վանք, հայկական կրօնական կառոյց Հայաստանի Տաւուշի մարզի Գոշ գիւղի եզրին, Գետիկ գետի աջ ափին: Միջնադարեան կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոններէն: 1188-ին, իշխան Իւանէ Զաքարեանի աջակցութեամբ, հիմնած է Մխիթար Գոշը երկրաշարժէն աւերուած Գետիկ վանքի մօտակայքը եւ հոն տեղափոխած միաբանութիւնը: Գոշավանքը համարուած է այդ օրերու լաւագոյն կրթական համալիրներէն մէկը։ Հոն ուսանած են այնպիսի գործիչներ, ինչպիսիք են՝ Վանական վարդապետը եւ Կիրակոս Գանձակեցին։ Սկիզբը անուանուած է Նոր Գետիկ, իսկ Մխիթար Գոշի մահէն (1213) ետք իր անունով կոչուած է Գոշավանք[1]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Ըստ Ժգ. դարու պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցիի՝ վանքին մուտքին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ «հրաշագեղ» փայտակերտ եկեղեցւոյ օծման Հաղարծինի վանահայր Խաչատուր Տարօնցի Գոշավանքին նուիրած է երկու գիւղ եւ այգի մը:

 

1237–1241 թուականներուն, գաւիթին հարաւային պատին գրեթէ կից, ամիրսպասալար Աւագ Զաքարեանի կառավարիչ Գրիգոր Տղայ իշխանը կառուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ միանաւ թաղածածկ եկեղեցին, որու յարդարանքին արտակարգ ճոխութեան եւ նրբագեղութեան համար Կիրակոս Գանձակեցին անուանած է «զարմանակերտ»: Եկեղեցին, թէեւ փոքրաչափ է, սակայն աչքի կը զարնէ իբրեւ միջնադարեան տպաւորիչ ստեղծագործութիւն[2]: Վանահայր Մարտիրոսի օրով (մինչեւ 1241) գաւիթէն հիւսիս, անոր կամարակապ միջանցքով հաղորդակից, կոպտատաշ մեծ քարերով կառուցուած են վանքին փայտածածկ գրատունը եւ անոր արեւմուտքէն կից ժամատունը: 1254-ին, Մխիթար Գոշի դամբարանին քով, Խաչատուր վարդապետ եւ Բարսեղ կառուցած են խորանարդաձեւ ծաւալով, գմբէթաւոր Ս. Գէորգ եկեղեցին:

Գոշավանքը Ժգ. դարուն եղած է Հայաստանի կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն մը: Հոն գործած է բարձր մակարդակի ուսումնական հաստատութիւն մը, որ պատմական աղբիւրներուն մէջ անուանուած է վարժապետարան, համալսարան եւ ճեմարան: Գոշավանքի վարդապետարանին մէջ դասաւանդած են հայոց եւ օտար լեզուներ (յունարէն, լատիներէն), քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն, երաժշտութիւն, գրչութեան արուեստ եւ նկարչութիւն: Հոս կրթուած եւ գործած են Կիրակոս Գանձակեցին եւ Վանական Վարդապետը, որոնք հետագային իրենց հիմնած դպրոցներուն մէջ շարունակած են Գոշավանքի վարժապետարանի աւանդները: Գոշավանքի մէջ ընդօրինակուած եւ ստեղծուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ, որոնք պահուած են վանքին գրատան մէջ:

Ժգ. դարուն Գոշավանքը ստացած է բազմաթիւ նուիրատուութիւններ՝ գիւղեր, այգիներ, վարելահողեր, անտառներ, ջրաղացներ, դրամ, գիրքեր եւ այլն: 1242–1250 թուականներուն Զաքարեան իշխանները իրենց սեփականութիւն հանդիսացող Գոշավանքը, կալուածներով հանդերձ, 40 հազար դուկատով վաճառած են Կարինէն Արեւելեան Հայաստան տեղափոխուած այդ օրերու նշանաւոր հարուստներէն մէկուն՝ պարոն Ումեկին, որու ժառանգները մինչեւ Ժդ. դարու կէսը տիրած են վանքին: 1260-ին Գոշավանքը ազատած է եկեղեցական տուրքէն: 1291-ին վարդապետ Դասապետը եւ անոր եղբայրը՝ Կարապետը, ձեռամբ ճարտարապետներ Զաքիոսի ու Գրիգորի, գրատան փայտէ ծածկոյթը փոխարինած են երկու զոյգ խաչուող կամարներ ունեցող համակարգով մը: Անոնք իբրեւ երկրորդ յարկ կառուցած են Ս. Հրեշտակապետաց խաչաձեւ յատակագիծով եկեղեցին եւ անոր վրայ՝ սիւնազարդ զանգաշտարակ (չէ պահպանուած): Վանքին գրատուն-եկեղեցի-զանգակատունը օրինակ ծառայած է Ժդ. դարու հայկական երկյարկ եկեղեցիներուն համար:

 

Գոշավանքի համալիրին բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն խաչքարերը, որոնց շարքին կ'առանձնանան վարպետ Պօղոսին կերտած, ասեղնագործ նրբութեամբ քանդակուած զոյգ խաչքարերը՝ դրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին առջեւ, մուտքին երկու կողմերը (հարաւային խաչքարը 1935-ին տեղափոխուած է Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարան): Հիւսիսային կողմը՝ մնացած խաչքարը, ըստ արձանագրութեան, 1291-ին կանգնեցուցած է Սարգիս վարդապետը: Ժգ. դարու վերջը Դասապետ վարդապետը եւ իր մօրեղբայր Իգնատիոսը նորոգած են Ս. Աստուածածին եկեղեցին, պարսպապատած, այգի տնկած, որու բերքին մէկ մասը յատկացուած է վանքին հիւրանոցին:

Ժդ- Ժզ. դարերուն Գոշավանքի մէջ վանական կեանքը անկում ապրած է եւ վերստին աշխուժացած Ժէ. դարուն: Ժթ. դարու վերջը վանքը դադրած է գործելէ:

1890-ական թուականներուն Սմբատ Փարսադանեան նորոգած է Մխիթար Գոշի կառուցած Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցին:1937-ին նորոգուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը, 1939-ին՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցին, 1957–1966 թուականներուն՝ Ս. Գէորգ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներն ու գաւիթը: 1958-ին Մխիթար Գոշի դամբարանին քով անոր նուիրուած յուշակոթող մը կանգնած է, 1972-ին բացուած է Գոշավանքի թանգարանը, 1978-ին՝ բարեկարգուած վանքին տարածքը:

Վանական Համալիր Խմբագրել

Վանական համալիրին յատակագիծը
 
  1. Ս. Աստուածածին (1191-1196)
  2. Ս. Գրիգոր (1208-1241)
  3. Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ (1237-1241)
  4. Առաքելոց մատուռներ
  5. Փոքր մատուռ
  6. Գաւիթ (1197-1203)
  7. Գրատուն-զանգակատուն (1241-1291)
  8. Դպրոցական շինութիւն
  9. Պատկերասրահ

Եկեղեցին չունի արտաքին պարիսպներ եւ շրջապատուած է գիւղական տուներով։ Վանական համալիրին բոլոր կառոյցները իրարու կցուած են բացի՝ Ս.Հռիփսիմէ եկեղեցիէն, որ տեղակայուած է վանական համալիրին դիմացի բլուրին վրայ։

 

Համալիրին կառոյցները մեծ մասամբ կառուցուած են Ժբ.- Ժգ. դարերուն, այդ օրերուն հոն եկեղեցական կեանքը ծաղկում ապրած է։ Եկեղեցիները համահունչ են տեղի բնութեան հետ։ Բան մը, որ յատուկ էր այդ օրերու եկեղեցական ճարտարապետութեան։ Գոշի հիմնադրած Նոր Գետիկի վանքը հետագային ընդլայնուած է, նմանելով այդ օրերու վանքային համալիրներուն։ Անիկա բաղկացած է Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն (1191), հետագային եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը կառուցուած է ժամատունը (1200-1203)։ Վանական համալիրին յաջորդ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1241-ին Ս. Գրիգոր եկեղեցին է։ Գոշավանքի յաջորդ եկեղեցին Ս. Լուսաւորիչը կառուցուած է Ժգ. դարու կիսուն։ Այս կառոյցներուն քովը իր իւրօրինակութեամբ աչքի կը զարնէ գրատուն-զանգակատունը։ Ժգ. դարուն կառուցուած է երկու շէնք եւս, որոնցմէ Ս. Հռիփսիմէ փոքր եկեղեցին, իսկ յաջորդ կառոյցը Գոշի բնակարանն ու դամբարանն է։ Գոշավանքը իր ոճին մէջ իւրայատուկ վանական համալիր է, անիկա կը ներառէ միջնադարեան ճարտարապետութեան ողջ վաստակը։ Գոշավանքի ենթաճիւղերէն կը համարուի Խորանաշատի վարդապետարանը։ Խորանաշատի վարդապետարանը հիմնադրուած է Յովհաննէս վանականին կողմէ, որ ուսանած է Նոր Գետիկի վանքին մէջ։ Յովհաննէս Վանականը շարունակած է Նոր Գետիկի վանքին մէջ ձեւաւորուած աւանդոյթները։

Ս. Աստուածածին եկեղեցի Խմբագրել

Ս. Աստուածածին եկեղեցին վանքային համալիրին առաջնեկն է, կառուցուած է 1191-1196 թուականներուն՝ Մխիթար Հիւսն վարպետին կողմէ՝ նիւթական օժանդակութեամբ Քիւրտ եւ Խաչէնի Վախտանգ իշխաններուն: Անիկա կը պատկանի խաչագմբէթի եկեղեցիներու տիպին, աւագ խորանին կից կրկնայարկ զոյգ աւանդատուներով եւ եռանկիւնի զոյգ խորշերով՝ հարաւային եւ արեւելեան պատերուն վրայ: Մուտքերէն գլխաւորը գաւիթէն է, միւսը՝ հիւսիսային ճակատէն: Արտաքին ճարտարապետութիւնը պարզ է: Ճարտարապետագեղարուեստական շեշտը կը կազմէ արեւմտեան շքամուտքը եւ տարածական յօրինուածքը պսակող մարմնեղ թմբուկի վերնամասով անցնող զարդագօտին: 1197-ին, Ծռազատիկի օրը, Հաղբատի վանահայր Յովհաննէս եպիսկոպոսի ներկայութեամբ եկեղեցւոյ օծման հանդիսութեան Զաքարեան իշխանները Գոշավանքին նուիրած են կալուածներ, իսկ Վախտանգ իշխանին կին Արզուխաթունը՝ իր եւ դուստրերուն գործած, Փրկիչին ու Սուրբերուն պատկերներով վարագոյր, որ, Կիրակոս Գանձակեցիի վկայութեամբ, հիացուցած է բոլորը:

Գաւիթ Խմբագրել

 
Գոշավանքի գաւիթը ներսէն

Կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմին կից: Կառուցած է Մխիթար Գոշ՝ Գլխաւոր եկեղեցիէն անմիջապէս ետք՝ 1197-1203 թուականներուն, Զաքարէ եւ Իւանէ եղբայրներու օժանդակութեամբ՝ ճարտարապետ՝ Մխիթար Հիւսն: Քառակուսի յատակագիծ ունեցող մեծ կառոյց է: Կը պատկանի քառասիւն ժամատուներու տիպին: Չորս ամբողջական սիւները եւ տասը կիսասիւները կամարներով միանալով կը կազմեն թաղակապ ծածկոյթը, կեդրոնը յատուկ լուսանցքով՝ երդիքով: Սիւներու եւ կիսասիւներու բուները, խարիսխներն ու խոյակները ամբողջական մեծ քարերէ են՝ երկրաչափական ձեւերով եւ շթաքարէ զարդաքանդակներով: Արեւելեան անկիւնը կան երկյարկանի խորաններ, որոնք արեւելեան կողմէն ունին կիսակլոր փոքրիկ խորաններ: Դէպի վերին յարկի խորանները կը բարձրանան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւմտեան պատին կից քարէ սանդուխներով:

Գլխաւոր մուտքը արեւելեան կողմէն է, ճակատակալ մեծ քարով: Փոքր մուտք մըն ալ կը բացուի հիւսիսային կողմէն, որ կը տանի դէպի գրատուն սրահ: Արեւմտեան պատին մէջ կը բացուին երեք, իսկ միւս պատերուն մէջ երկուքական լուսամուտներ: Գաւիթին ներսը, Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւմտեան պատին կից, դրան երկու կողմերը, պատին ամբողջ երկարութեամբ պահպանուած են խաչքարերու պատուանդանները:

Գաւիթին պատերն ու ծածկոյթը շարուած են վարդագոյն տուֆի սրբատաշ մեծ քարերով, իսկ սիւներն ու կիսասիւները՝ մուգ մոխրագոյն պազալթի սրբատաշ քարերով: Երդիքը ներսէն զարդարուած է երկրաչափական ձեւերու ու շթաքարերու՝ շատ նուրբ ձեւով մշակուած քանդակներով:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Պատկերասրահը նեղ ու երկարաւուն է, կ'երկարի արեւելքէն արեւմուտք գաւիթին եւ գրատան միջեւ, այդ երկու կառոյցները իրարու հետ միացնելով: Անոր կառուցման մասին պատմական աղբիւրներուն մէջ ոչ ալ վիմագրութիւններուն մէջ յիշատակութիւն կայ, ուստի անոր կառուցման ճիշդ ժամանակը անորոշ է: Անկասկած, որ անիկա կառուցուած է գրատունէն ետք՝ Ժգ. դարու երկրորդ կէսին:

Գաւիթին եւ գրատան պատերուն կից երկարող չորսական որմնասիւները միանալով որմնակամարներով, իւրաքանչիւր պատի վրայ կը յառաջացնեն երեքական կամարակապ լայն խորշեր: Թաղակապ ծածկոյթները եզրերը անմիջապէս կը յենին որմնակամարներու վրայ: Շարուած է գորշագոյն տուֆի սրբատաշ քարերով, կրաշաղախով: Տանիքը պատուած է սալաքարերով: Քանդուած է գաւիթին կից արեւելեան որմնասիւնը՝ կից ծածկոյթի ու որմնակամարներու հետ միասին, թափած են տանիքին սալաքարերը:

Առաքելոց մատուռներ Խմբագրել

Կը գտնուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը, գաւիթին հարաւային պատին կից: Կառուցած է Մխիթար Գոշ՝ Ժգ. դարու սկիզբները: Այդ մասին կը տեղեկացնեն պատմական աղբիւրները:

Ս. Հռիփսիմէ Խմբագրել

Ս. Հռիփսիմէ ժամատունը կառուցուած է 1208-ին, տեղակայուած է հիմնական կառոյցէն հարաւ-արեւելք բլուրին վրայ։ Գոշավանքը Հաղարծինի հետ միասին մաս կը կազմէ բնական յուշարձաններու ցանկին եւ անցած է պետական վերահսկողութեան տակ Դիլիջանի ազգային պարկին մէջ, որ կը համարուի ամենակարեւոր յատուկ պահպանուող տարածքը Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը։ Հռիփսիմէ եկեղեցին իր բնոյթին մէջ եզակի եկեղեցիներէն է պարզ եւ անպաճոյճ ճարտարապետութեամբ՝ երկսեղան, անհամամասն ծաւալով եւ մուտքով։ Անկէ քիչ մը վեր կը գտնուի Գոշի դամբարանը։

Ս. Գրիգոր եկեղեցի Խմբագրել

1231-ին Մարտիրոս եւ Գրիգոր եղբայրները Գոշավանքի համալիրին հարաւ-արեւելեան կողմը կառուցած են գմբէթաւոր դահլիճին յօրինուածքով Ս. Գրիգոր եկեղեցին, որու շինարարութիւնը ընդհատուած է Ջալալէտտինի արշաւանքներու օրերուն եւ աւարտած՝ Գրիգոր Կապալեցիի ջանքերով:

Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցի Խմբագրել

Ս. Լուսաւորիչը Գոշավանքի երրորդ եկեղեցին է՝ կառուցուած 1237-1241 թուականներուն՝ ժամատան հարաւային պատին կից՝ իշխան Գրիգոր Տղայի միջոցներով (որ սատար հանդիսացած է նաեւ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ կառուցման): Այս գողտրիկ եկեղեցին իր օրերուն հազուադէպ միանաւ պազիլիք տիպի է՝ երկլանջ կտուրին տակ առնուած թաղակապ ծածկոյթով: Վանքին միւս եկեղեցիներէն կը տարբերի նաեւ արտաքին պատերու բացառիկ զարդարանքներով, նրբակերտ զարդաքանդակներով ու ճարտարապետական տարրերով: Յատկապէս ուշագրաւ է արեւմտեան պատին մշակումը գեղեցիկ շքամուտքով, պատերու զարդարուած կամարներու եւ անցումային կիսակամարներու (ինչպէս Դեղձուտի վանքի եկեղեցւոյ) եւ արեւելեան պատին լուսամուտին հարուստ ձեւերով:

Գրատուն-զանգակատուն Խմբագրել

Գրատուն-զանգակատուն, այս կրկնայարկ շէնքը ճարտարապետական տեսակէտէն ուշագրաւ յուշարձան մըն է: Շինութեան գրատունը կառուցուած է 1241, զանգակատունը՝ 1291: Գրատան մասը նման է Հաղբատի վանքի գրատան: Քառակուսի յատակագիծ ունեցող շէնքին մէջ հանդիպակաց ներքին պատերը իրարու կապուած են զոյգ ցած որմնանիւթերուն յենող ուժեղ կամարներով, որոնք ներքին տարածութեան վերնամասին մէջ փոխադարձաբար հատելով՝ կը կրեն գրատան ծածկոյթը եւ անոր վերնաշէնք-զանգակատունը: Գրատան ներսի պատերուն մէջ կան խորշեր` ձեռագիրներ պահելու համար: Գրատան վրայ յաւելուած զանգակատունը լիովին ներդաշնակ է գոյություն ունեցող ներքնայարկին հետ, եւ միասին հիմք կը ծառայեն կրկնայարկ եկեղեցի-դամբարաններու (Եղուարդի Ս. Աստուածածին, Ամաղիի Նորավանքի Բուրթելաշէն, Կապուտան) յատակագծային եւ ծաւալատարածական յօրինուածքին կազմաւորման համար: Որոշակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ անոր ծածկոյթին կեդրոնական մասին կառուցուածքը, ուր անցումը դէպի բազմանկիւնի լայն երդիքը կատարուած է շեղակի դրուած քարէ հեծաններու միջոցով, որոնք իրենց միջին մասերուն մէջ ունին եռատերեւ փորուածքներ (ինչպէս գեղագիտական, այնպէս ալ վերին լոյսը աւելի լայն անկիւնով սփռելու նպատակով):

Խաչքարեր Խմբագրել

Յուշարձանախումբի զարդը կը կազմեն մեծատաղանդ Պօղոս (Պաւղոս) քարագործ-վարպետին կողմէն 1291 կերտած եւ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին երկու կողմերը պատուանդանին վրայ կանգնած խաչքարերը՝ զարդաքանդակուած ոսկերչական նրբութեամբ, որու պատճառով ալ «ասեղնագործ» մականունը կը կրեն: Այսպիսի խաչքար ալ կանգնած է Ս. Հոգի կոչուած մատրան մուտքին աջ կողմը: Հայկական խաչքարերու լաւագոյն նմոյշները հանդիսանալով ու միջնադարեան հայ զարդարուեստի գլուխգործոցներ՝ այդ խաչքարերը լայն ճանաչման ու բարձր գնահատանքի արժանացած են:

Վանական համալիրին կից կը գործէ փոքրիկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուած են ազգագրական բնոյթի շուրջ 100 նիւթեր:

Մխիթար Գոշի Դամբարանը Խմբագրել

Միջնադարեան Հայաստանի նշանաւոր առակագիր եւ օրէնսգիր Մխիթար Գոշ ապրած է եւ իր մահկանացուն կնքած է 1213-ին իր կառուցած Նոր Գետիկ կամ Գոշավանք վանական համալիրին մէջ։ Բայց իր փափաքով ան թաղուած է ոչ թէ համալիրին կեդրոնական մասին մէջ, այլ գիւղին բարձունքը կառուցուած Ս. Համբարձման փոքր եկեղեցւոյ դրան կողմը։ Թաղման եւ դամբարանին մասին իր «Հայոց պատմութիւն» գիրքին մէջ թանկարժէք տեղեկութիւններ ձգած է Մխիթար Գոշի մտերիմը եւ կենսագիրը՝ Ժգ. դարու պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին.

  Եւ որովհետեւ ինքը (Մխիթարը) կը սիրէր անապատ եւ ամայութիւն, իրեն համար տուն մը պատրաստեց վանքէն հեռու։ Հոն Ս. Հոգիին անունով կառուցեց նաեւ փայտակերտ փոքրիկ եկեղեցի մը։ Եւ ծերութեան օրերուն վանքին վերը, աջ կողմը կառուցեց եկեղեցի մը՝ իբրեւ շիրիմ իր գերեզմանին, սրբատաշ քարով ու կիրով ագուցուած` Քրիստոսի Համբարձման անունով։

...Կեանքին երանելի ընթացքը կատարելով ու հաւատքը պահելով՝ հասաւ խոր ծերութեան։ Եւ երբ տեսաւ, թէ տկարանալով մարմնական զօրութեամբ՝ պատրաստ է անկէ ետք երթալ միանալու իր հայրերուն, կանչեց Նոր Գետիկի վանքի միաբանութեան անդամները, որոնք իրեն հետ դիմացած էին վանքին եւ եկեղեցւոյ բոլոր դժուարութիւններուն, օրհնեց զանոնք ու իր աշակերտները Տիրոջ անունով։ Անոնցմէ Մարտիրոս անունով մէկը ընտրելով, որ աշակերտած էր իրեն ու մտերիմ էր իրեն հետ, նշանակեց անոնց առաջնորդը։ Անիկա պատանի մըն էր, բայց իմաստութեամբ կատարեալ էր, պաշտամունքի երգերուն մէջ քաղցրաձայն մարդ մըն էր, առատամիտ ընթերցող ու գրչութեան մէջ արակագիր, անոր հրամայեց առաջնորդել անոնց։ Եւ կտակ գրեց՝ ուղղուած հազարապետ մեծ Իւանէին` Զաքարէի եղբօրը, ու անոր յանձնեց վանքն ու առաջնորդը։ Իսկ ինք այս կեանքէն փոխադրուեցաւ Քրիստոսի մօտ` ալեւոր ու տարիներով բեռնաւոր։ Վանքին վերակացու Մարտիրոսը միաբաններուն հետ գեղեցիկ կերպով կազմակերպեց անոր թաղման պարտականութիւնը ու մարմնական պատշաճ պիտոյքները, եւ զինք տարին, վանքին վերը գտնուող փոքրաչափ եկեղեցւոյ դրան առջեւ՝ արեւելեան կողմը, հանգստացուցին։ Մինչեւ այսօր ալ անոր գերեզմանը կ'օգնէ այն հիւանդներուն, որոնք հաւատքով կ'ապաւինին անոր աղօթքներուն եւ այնտեղի հողը միշտ կը տանին հիւանդ մարդիկն ու անասունները բուժելու համար, որովհետեւ Աստուած իր փառաւորիչները կը փառաւորէ թէ՛ ողջ, թէ՛ մեռած»։

 

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Ի.Բ. Էլլարեան, Աղստեւի հովտի պատմութեան եւ կուլտուրայի յուշարձաններ, Երեւան, «Հայաստան», 1980։