Գորիս, քաղաք Սիւնիքի մարզին մէջ, մայրաքաղաք Երեւանէն շուրջ 240 Քմ հեռաւորութեան վրայ, եւ 69 Քմ հիւսիս-արեւելք մարզին կեդրոնէն՝ Կապանէն։ Կը գտնուի Վարարակ գետի (Որոտանի վտակ) ափին։ Քաղաքը կը գտնուի ԵրեւանՍտեփանակերտ ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ճամբուն վրայ։

Քաղաք
Գորիս
Երկիր  Հայաստան[1]
Հիմնադրուած է՝ 1870
Տարածութիւն 36 քմ²
ԲԾՄ 1370 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 20 591 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Սնաձոր?
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ (284)
Փոստային ցուցանիշ 3201–3205
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 52
Պաշտօնական կայքէջ goriscity.am

Գորիսը հիմնուած է 1870-ին՝ իբրեւ Ելիզավետպոլ նահանգի Զանգեզուր գաւառի կեդրոնը։ Քաղաքը կոչուած է 1885-ին Ռուսական Կայսրութեան կողմէ։ Սակայն կան փաստեր, որ Գորիսը իբրեւ քաղաք հիմնուած է աւելի ուշ՝ 1890ականներու կէսերուն։ Այդ մէկը կը փաստէ պատմաբան Լէօն, երբ 1888-ին Գորիս կ'այցելէ։ Ան կը գրէ, որ այդ թուականին Գորիսի մէջ կային քանի մը տասնեակ տուներ, եւ այդ պատճառով ան չէր ուզեր Գորիսը քաղաք անուանել, սակայն հմայուած էր տեսնելով Գորիսի փողոցներուն դասաւորումը։

Քաղաքը ունի շուրջ 20 հազար բնակիչ (2015) եւ կը գտնուի 1370 մ բարձրութեան վրայ։ Ունի 24 գիւղ։

Քաղաքի արեւելեան մասին մէջ կը գտնուի Հին Գորիսը (Կյորես) կամ Գորիս գիւղը՝ քարանձաւային բնակավայրերու ամբողջ շարք մը։ Ներկայիս բուն քաղաքին տեղը մինչեւ 1870-ական թուականները եղած է անբնակ տարածք մը։ Արեւելեան մասին մէջ կը գտնուի քաղաքին խորհրդանիշ համարուող բլուրը, որ տեղացիները կ'անուանեն Լաստի Խութ։

Պատմություն Խմբագրել

Հին դարեր Խմբագրել

 
Բնակելի քարաբուրգերի համալիր

Ժամանակագրական տեսակէտէն քաղաքը կարելի է կոչել Նոր Գորիս, որովհետեւ Հին Գորիսը, կամ ինչպէս կ'ըսեն՝ Կյորեսը կը գտնուի աւելի բարձր, չորս Քմ հեռու։ Կը նախատեսուի պահպանել այդ ժայռափոր բնակավայրը, որ ոչ միայն պատմական հնավայր է, այլ կարեւոր է նաեւ զբօսաշրջիկները սպասարկելու տեսակէտէն։ Գորիսի շրջակայքը լի է արտասովոր աշտարակներով, ամրոցներով, բուրգերով, քարանձաւներով, անդրջրհեղեղեան քարակերտ հրաշալիքներով։

Գորիս բնակավայր եղած է հնագոյն ժամանակներէն, մարդ հոս բնակութիւն հաստատած է քարէ դարու շրջանին։ 1980-ական թուականներու սկիզբը հոս իրականացուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են բարձրարժէք պրոնզէ իրեր՝ կանացի զարդեղէն, դաշոյն, տէգ, հմայիլներ եւ ամանեղէն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք կը պատկանին Ք.Ա.2-րդ դարուն, ունին տեղական ծագում եւ կը խօսին տեղաբնակներու բարձր մշակոյթի եւ կենցաղի մասին։ Հին ժայռապատկերներ գտնուած են Իշխանասարի փէշերուն, որոնց թիւը կ'անցնի 1500-ը՝ հիմնականին մէջ մարդու եւ ընտանի կենդանիներու պատկերներով եւ կը վերաբերին Ք.Ա. 5-2 հազարամեակներուն։ 2000 տարի առաջ, Հայկական թագաւորութեան մէջ՝ Սիւնիք նահանգին մէջ, Գորիս ունեցած է տուեալ ժամանակներու կարեւորագոյն բանակավայր-քաղաքներուն բնորոշ հասարակական զարգացած ենթակառոյցներ։

Նոր շրջան Խմբագրել

 
Քարանձաւային թատրոն, որ գործած է մինչեւ Ի. դարասկիզբ

Միջին դարերուն Գորիսը կարեւոր հանգոյց էր Նախիջեւանէն Զանգեզուրով դէպի Արցախ ու մերձկասպեան տափաստանները երկարող բանուկ այն ճամբուն վրայ, որմով կը տեղափոխուէր Նախիջեւանի աղը։ Ըստ Է. դարու պատմիչ Աբրահամ Կրետացիի՝ Գորիսէն մեծ քանակի մետաքս կ'արտահանէին Մեծ Մետաքսի Ճամբով դէպի Եւրոպա՝ քանի որ Մեծ մետաքսի ճամբու երթուղիներէն մէկը անմիջականօրէն կ'անցնէր Գորիսի մօտ գտնուող պատմական ճամբով։ Պահպանուած է քարերու մէջ եղած քարւանսարան։ ԺԶ. դարուն Գորիս կը մտնէ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ. սկզբում՝ որպէս Ղարաբաղի կուսակալութեան, ապա՝ Ղարաբաղի խանութեան մաս։ Ելիզավետպոլի նահանգի Զանգեզուր գաւառը՝ ժամանակակից ՀՀ Սիւնիքի մարզը եւ նախկին Լաչինի շրջանը Գորիս ԺԹ. դարու սկիզբը՝ 13 Հոկտեմբերին Գիւլիստանի պայմանագիրով, կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ 1823-ին Գորիս ունէր 119 ծուխ։ Մինչեւ 1841 Գորիս կը մտնէ Տաթեւի մահալի մէջ, այնուհետեւ դարձաւ անոր արեւելեան հատուածի գիւղերէն կազմուած Գորիսի գաւառամասի կեդրոն։ 1868-ին վարչական բաժանումով Գորիս կը դառնայ Ելիզավետպոլի նահանգի Զանգեզուրի գաւառի կեդրոնը։ Ձորի սահմանափակ տարածքը կը խոչընդոտէր անոր զարգացման։ Դեռ 1867-ին Խաչատուր Եոլունց իր որդւոյն՝ Սահակին հետ, քարանձաւներէն դուրս գալով, առաջին տունը կը կառուցէ ներկայիս Գորիս քաղաքին մէջ, դառնալով նոր Գորիսի հիմնադիրը։ Եոլունցները, որոնք հետագային կը դառնան Եոլյաններ Գորիսի առաջին բնակիչները։ 1870-ին գետի աջակողմեան հարթավայրին մէջ կը հիմնուի Գորիս քաղաքը, որ եւ կը ստանձնէ Գորիսի վարչական դերը։ Այդպիսով՝ ցարական ժամանակաշրջանին Գորիս ժամանակակից Հայաստանի տարածքին թիւով չորս քաղաքներէն մէկն էր (Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Նոր Բայազետ եւ Գորիս)։ ԺԹ. Գորիս ունէր շախմատաձեւ յատակագիծով ճարտարապետական յատուկ ոճ եւ կանոնաւոր կառուցուած երկյարկանի հասարակական կառոյցներ։ Իսկ աւանդական կարպետագործները, մետաղագործները, գարեջրագործներն իրենց արհեստանոցներով կը զբաղեցնէին քաղաքին հասարակական կեդրոնի կառոյցներուն մնացող մասը։ ԺԹ. դարուն Գորիս իր հասարակական կեանքի զարգացման բնոյթով կը համարուի Սիւնիք-Արցախի տարածաշրջանի ամենածաղկուն ու զարգացած քաղաքը։

 
Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին

Գորիսի քարայրները, քարանձաւներն ու բրգաձեւ ժայռերը մշտապէս գրաւած են զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը, եւ անոնցմէ շատերը Գորիսը կը համարէ գանձ, որ անպայման պէտք է ճանաչելի դարձնել եւ ներկայացնել աշխարհին։

Խորհրդային շրջան Խմբագրել

Գորիսը խորհրդային իշխանութեան տարիներուն ամբողջութեամբ վերափոխուած է, դարձած գեղեցիկ, բարեկարգ քաղաք։ Կառուցուած են առանձնատուներ, հասարակական շէնքեր, առողջապահական հիմնարկներ, մշակութալուսաւորական օջախներ։ Ունէր միջնակարգ դպրոցներ, գիւղատնտեսական, պետական թատրոն, մշակոյթի պալատ, հայրենագիտական թանգարան, գրադարաններ եւ Գորիսի պետական համալսարանը։ Գորիս դարձած է նաեւ ժամանակակից արդիւնաբերութիւն կեդրոն։

Տեսարժան վայրեր Խմբագրել

 
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Գորիսի պատկերասրահ Խմբագրել

Գորիսի պատկերասրահը ստեղծուած է 2001-ին քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ։ Այստեղ ներկայացուած են ինչպէս արտասահմանեան, այնպէս ալ սփիւռքահայ հեղինակներու գործեր:

Գորիսի երկրագիտական թանգարան Խմբագրել

Գորիսի երկրագիտական թանգարանը բացուած է 1948-ին։ Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են 5000 ցուցանմոյշներ։ Պեղումներու ընթացքին գտնուած պրոնզէ զէնքերը, զարդերը, արձանիկներն ու մետաղեայ ցուցանմոյշները կը վկայեն տարածաշրջանին մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին: Ուշագրաւ է յատկապես Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին թուագրուող հնգադէմ կուռքն ու Ք.Ա.7-րդ դարու պրոնզէ Առիւծի արձանիկ (առիւծի արձանիկը)։

Պատկերասրահ Խմբագրել

 

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. GEOnet Names Server — 2018.